Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Յ. Պէրպէրեանի «Առաձգական» հատորին շնորհանդէսը


Տիրուկ Մարգարեան Կարպետեան

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական եւ Գրատարած-գրադարան յանձնախումբերու եւ վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 11 Դեկտեմբերին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի Համազգային «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս, տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը՝ բանաստեղծ, գրաքննադատ եւ ուսուցիչ Յարութիւն Պէրպէրեանի «Առաձգական» խորագիրը կրող նորագոյն բանաստեղծական հատորին, որուն ներկայացումը կատարեց Րաֆֆի Աճէմեանը։

Հայաստանի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Մոնթրէալի մէջ կայացած շնորհանդէսներէն ետք, Թորոնթոյի մէջ ներկայացուած «Առաձգական»-ը ծաղկաքաղ մըն է, որ կ’ընդգրկէ Պէրպէրեանի նախորդ չորս հատորներուն բանաստեղծութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր բանաստեղծութիւններ։ Հեղինակը մէկ կողքի տակ հաւաքած է բանաստեղծական զանազան նիւթեր եւ զանոնք հրամցուցած է հայ գրասէր հանրութեանը։

Գրական յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ, օրուան հանդիսավար Արմինէ Թորիկեան իր բարի գալուստի խօսքի ընթացքին ներկայացուց՝ Պէյրութ ծնած, 1987-ին Մոնթրէալ հաստատուած եւ «Քոնքորտիա» համալսարանէն որպէս ճարտարագէտ վկայուած, ինչպէս նաեւ նոյն համալսարանի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն հետեւած Րաֆֆի Աճէմեանի կենսագրականը․ «Անոր առաջին գրութիւնները լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածին մէջ, 1994-էն սկսեալ։ Մաս կազմած է շաբաթաթերթին խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ` Լոս Անճելըսի «Բաց նամակ» պարբերականին։ Աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու՝ «Բագին»-ին, Փարիզի «Յառաջ»-ին, Երեւանի «Ինքնագիր»-ին եւ Մարկ Նշանեանի «ԿԱՄ» հանդէսին, որուն հետ թարգմանած է նաեւ Անթուան Պեռմանի «Օտարութեան փորձընկալումը» հատորը (Սարգիս Խաչենց հրատարակչութիւն, 2017)։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի նախաձեռնած թարգմանական շարքերու ծիրէն ներս կատարած է երկու թարգմանութիւններ՝ Եդուարդ Սայիտի «Արեւելաբանութիւն»-ը (Orientalism), գործակցութեամբ Մինաս Լուրեանի, եւ Տակլըս Ատամզի «Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը» (The Hitchhiker’s Guide to the Galaxy) վէպը, որոնք լոյս կը տեսնեն այս տարի։ Քսանհինգ տարի է` կ՚աշխատի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (IT)  ծիրէն ներս, որպէս մասնագէտ»։

Րաֆֆի Աճէմեան (ձախին) եւ Յարութիւն Պէրպէրեան (լուսանկարը տրամադրած է Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը)

Հանդիսավարը ներկայացուց նաեւ բանաստեղծին կենսագրականն ու երկար տարիներու գրական գործունէութիւնը․ «Բանաստեղծ, գրաքննադատ եւ ուսուցիչ Յարութիւն Պէրպէրեան ծնած է 3 Յունիս 1951-ին, Լիբանան: Աւարտած է Լիբանանի Սոֆիա Յակոբեան ազգ․ երկրորդականը եւ Հայկազեան համալսարանը՝ մասնագիտանալով գլխաւորաբար Անգլիական լեզուի ու գրականութեան մէջ: Աւելի ուշ «Քոնքորտիա» համալսարանին մէջ հետեւած է մանկավարժութեան, ապա՝  ՄըքԿիլ համալսարանէն ստացած է մանկավարժութեան Մագիստրոսի տիտղոսը: Վարած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան գործադիր քարտուղարի պաշտօնը, ապա տասնամեակ մը ասպարէզով եղած է խմբագիր ու մաս կազմած է «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրի խմբագրութեան: 1988-ին հաստատուած է Մոնթրէալ, Գանատա, եւ հայերէն լեզու ու գրականութիւն դասաւանած է Սբ. Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ մինչեւ 2018-ը, վերջին տարիներուն ստանձած է նաեւ դպրոցի հայերէն լեզուի ծրագրումի եւ համադրման պատասխանատուութիւնը:

Իր «Կորիզ» (1979) եւ «Ոսպնեակ» (1984) բանաստեղծական հատորները լոյս տեսած են Լիբանան. Գանատայի մէջ հրատարակած է «Անցման եղանակ» (1993) հաւաքածոն, իսկ  Հայաստանի մէջ «Սահմաններ» (2007) եւ  «Առաձգական» (2021) խորագրով քերթողագիրքերը:  Հրատարակած է աւելի քան քսան ուսումնասիրական գրութիւններ, բազմաթիւ գրախօսականներ, թարգմանութիւններ ու յօդուածներ: Կարգ մը բանաստեղծութիւններ թարգմանուած են գերմաներէնի, անգլերէնի եւ սպաներէնի: 2ՕՕ8-ին, Երեւանի մէջ կայացած  «Գրողներու համահայկական 4-րդ համաժող»-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան ոսկեայ մետալով, իսկ 2015-ին՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով»:

«Առաձգական» հատորէն առաջին ընթերցումը՝ «Աշնան կերպարանափոխումները», կատարեց Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի անդամներէն Կապրիէլլա Պաթիկեան։ Ներկաները, բնաստեղծութեան առաջին տողերէն իսկ տարուած, սկսան «Առաձգական»-ին մէջ խորանալով ըմբոշխնել բանաստեղծին բառ ու բանը եւ վայելեցին անոնց կախարդանքով յառաջացած համամարդկային զգացողութիւնները։

Րաֆֆի Աճէմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղին, որուն հրաւէրով՝ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուէր Թորոնթօ։ «Գիրքն ու գիրը մեզի կը միացնեն աշխարհով մէկ, իսկ այս պարագային՝ «Առաձգական»ն է մեզի միացնողը։ Անշուշտ բոլորս դասական բանաստեղծութիւն կը կարդանք, սակայն ժամանակակից բանաստեղծութիւնը կարդալով կը գիտնանք, թէ բանաստեղծները ի՞նչպէս կը մտածեն եւ ի՞նչ կը գրեն այսօր», ըսաւ Աճեմեան, որ իր ուսանողական տարիներէն, Յարութիւն Պէրպէրեանի գիրքերը կը կարդար եւ տասնչորս տարի առաջ իրեն առիթը տրուած էր ներկայացնելու այդ օրերուն լոյս տեսած՝ «Սահմաններ» բանաստեղծական հատորը։ 

Յարութիւն Պէրպէրեանի գրական արժէքը  ներկայացնելով` Աճէմեան ըսաւ. «Յարութիւնին գիրքերը միշտ ալ հարազատ եղած են ինծի, որովհետեւ առաջին իսկ օրէն սիրած եմ հոն ամփոփուած գիրն ու զգացումը, սակայն նաեւ անոնց մէջ կը գտնեմ շատ անձնական փորձառութիւն մը, որ միեւնոյն ժամանակ կ’ամփոփէ համայնական փորձառութիւնը՝ մէկ կողմէն ոտքերը քանի մը երկրի մէջ միաժամանակ խրած, սիրտը քանի մը ուղղութեամբ բաբախող եւ անհետ կորուստի զգացումը կուրծքին ապրող արեւմտահայուն կամ սփիւռքահայուն, իսկ միւս կողմէն՝ աչքը ապագային յառած ինքնավստահ քաղաքացիին։ Մէկ խօսքով բոլորիս փորձառութիւնը, որ կը միաւորուի մէկ լեզուի պաստառին վրայ»։

«Բանաստեղծութեան պէտքը միշտ կը զգացուի եւ գոյութիւնը աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ՝ յատկապէս այս օրերուն, երբ մեր մտքերը անխափան կերպով ողողուած են սահմանող եւ սահմանփակող դրոյթներով, հաղորդակցութեան զանազան միջոցներով եւ գերատեսակ ժամանցներով…բանաստեղծութիւնը կը շարունակէ հնչել եւ խափանել մեր միտքին կապանքներէն, թթուածին բերել անոր եւ առիթ տալ, որ ան ճախրէ», ըսաւ ան։

Աճէմեան, արեւմուտքին մէջ ծնած եւ հասակ առած, Յարութիւն Պէրպէրեանին եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ապրած անոր սերնդակից գրողներուն՝ կատարելապէս ինքնավստահ, ինքնագիտակից, կապանքներէն ազատած, ուսման լայնածաւալ առիթներով օժտուած, ազատական պայքարով թրծուած ամբոխ մը եւ աշխարհին աւելի բաց սերունդի մը ըլլալուն սահմանումը տալէ ետք, ընթերցեց բանաստեղծին առաջին հատորէն՝ «Կորիզ»-ի՝ «Մհերի դուռ» շարքին առաջին բանաստեղծութիւնը, եւ եզրակացուց՝ «Պէրպէրեանի կնիքն է այս մէկը՝ արդիական շունչով գրուած, քիչ բառով՝ շատ բան ըսելը, զգացումներու կծիկը հաւաքել պատկերներով եւ արձակել դէպի բաց ու անծայրածիր տեղ»։

367 էջերէ բաղկացած հատորին կողքի գծանկարը Արթօ Չաքմաճեանի ստորագրութիւնը կը կրէ։ Այս հատորը կը բովանդակէ հետեւեալ գլուխները՝ Գրէ, Աղուէսի մուշտակը, Անցման եղանակ, Քայքայում, Խառն եղանակներ, Կորսուող բնաշխարհներ, Տան ետնամասի պարտէզը փոքրիկ, Պատկերներ, Ճիչեր հովին մէջ, Առաջին շրջանակ, Անապատային դաշտանկարներ, Մասունք բանի, Ծածկոցին տակ երփներանգ, Անդրադարձումներ, Մհերի դուռ, Ազատ շրջան, Վայրեր, Հիմա կրնամ արձանագրել եւ Ղատ։  «Առաձգական» հատորին այս գլուխներուն վերնագիրները մանրամասնեց Րաֆֆի Աճէմեան եւ ընթերցեց ու բացատրեց անոնցմէ քանի մը բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ մէկը «Առաձգական» բանաստեղծութիւնն էր։

Եզրափակելով՝ Աճեմեան ըսաւ․ «Բանաստեղծին կարկինը լայն է, իսկ զգացողութիւնը՝ խոր, մանաւանդ անոր գիրն ու շունչը այժմէական է ու գրաւող։ Ծաղկաքաղ մը ըրի այս հատորէն, փորձելով ներկայացնել հին ու նոր կտորներ՝ նախաճաշակ մը տալու անոր արտադրութենէն։ Մնացեալը՝ բանաստեղծին գիրը, շունչը եւ զգացումը ընթերցելու հաճոյքը կը ձգեմ ձեզի»։ 

Գրասէրներու խմբակի անդամներէն Լոռի Պէրպէրեան, հիանալի առոգանութեամբ ընթերցեց «Աղուէսի մուշտակը» բանաստեղծութիւնը եւ մեր դիմաց փռեց արեւելեան քաղաքներուն իրիկուններուն ապրուած, սակայն այսօր կորսուած կախարդական հաճոյքը, իսկ Հրակ Ժամկոչեանի խրոխտ ձայնով ընթերցուած՝ «Կորսուող բնաշխարհ III»-ին ընդմէջէն կոտորուած հայ ազգին ցաւը կրկին զգացինք մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։

Օրուան հանդիսավարը հրաւիրեց բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղին՝ ստեղծած այս հոյակապ առիթին համար․ «Համազգայինը իմ ընտանիքս է, որուն միջոցով այս գիրքիս շնորհանդէսները կամ գինեձօները կատարուեցան Հայաստան, Սան Ֆրանսիսքօ, Մոնթրէալ եւ հիմա՝ Թորոնթօ», ըսաւ ան։ Բանաստեղծը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Րաֆֆի Աճէմեանին, իր կատարած լուրջ եւ բծախնդիր ներկայացման համար։ «Այսօր Րաֆֆին ենթահողը տուաւ լեզուին, յատկապէս՝ բանաստեղծական զարգացման, ու հասցուց զայն մինչեւ այս օրերուն։ Մեզի նախորդող սերունդին բանաստեղծական աշխատանքները կային ու անոնք նոր դռներ բացին մեր դէմ։ Դար մը առաջ գեղապաշտ սերունդը մեր աւանդական բանաստեղծութիւնը կապած էր այդ օրուան բանաստեղծութեան հետ, ինչպէս՝ սեմպոլիզմը (խորհրդապաշտութիւնը), պատկերավարժութիւնը կամ ապագայապաշտութիւնը։ Բարեբախտաբար, մենք աւելի բախտաւոր սերունդ էինք, որովհետեւ մեր ուսման շրջանին, հայ գրականութեան կողքին՝ ծանօթացած էինք միջազգային գրականութեան։ Լիբանանը, իր ամերիկեան, ֆրանսական կամ անգլիական համալսարաններով, կամուրջը հանդիսացաւ մեր բանաստեղծական աշխատանքը եւ շնորհքը առաջ մղելու, մանաւանդ՝ լեզուի առումով, ահաւասիկ հոս՝ ընթերցուած բանաստեղծութիւններուս մէջ կը գտնէք աւանդական, ո՛չ արուեստական, ներքին չափերով խօսակցական լեզու մը։ Ինծի համար ամենէն հաճելի զգացումը, բանստեղծութիւններուս՝ երիտասարդներու բերնէն հնչելն է, անշո՛ւշտ իրենց յաջող մեկնաբանութեամբ։

Մենք՝ գրողներս, մեր  ապրած կեանքին ու անցուդարձին արձագանգը կը դառնանք մեր գրած բանաստեղծութիւններուն շնորհիւ եւ անձնականէն մեկնելով կը հասնինք հաւաքական զգացումը ներկայացնելու ընթերցողներուն։ Բախտաւորութիւնը այն է, որ այսօր այսպիսի ձեռնարկներու շնորհիւ իրարու կը հանդիպին ստեղծագործն ու ընթերցողը։ Մենք, որքա՛ն մեծ թիւով երիտասարդներ ներգրաւենք այսպիսի ձեռնարկներու, նոյնքա՛ն կը շահի հայ գրականութիւնը», ըսաւ ան։

Բանաստեղծը, ներկայի տագնապին յարմարող, այսօրուան միտքը արտայայտեց հետեւեալ երեք տողերը ընթերցելով.

«Երազները իմ սերունդիս կորսուեցան,
պարպուող երկրի մը,
եւ վտանգուող լեզուի մը միջեւ»:

Ընթերցուած այս տողերուն ընդմէջէն, ան շեշտեց արեւմտահայերէնին վտանգուած ըլլալուն հանգամանքը, Հայաստանին դատարկուելուն, ներկայի ծանր իրավիճակին եւ տագնապին մասին՝ «Պէտք է մենք ամենօրեայ այդ իրադարձութիւններուն եւ վտանգներուն մասին ձայն բարձրացնենք եւ անպայման մեր գործերով խօսինք անոնց մասին»։

Ձեռնարկի աւարտին հանդիսավարը հրաւիրեց «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրատարած-գրադարան յանձնախումբէն Արշօ Զաքարեանն ու մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յասմիկ Պապեանը, որոնք, որպէս յուշանուէր, բանաստեղծական հատորներ նուիրեցին Գրասէր խմբակի անդամներէն երեք երիտասարդ ընթերցողներու՝ Կապրիէլլային, Լոռիին եւ Հրակին, որոնք բացառիկ ձեւով ընթերցեցին բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեեանին գործերէն մի քանին։ Արշօ Զաքարեան մասնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Րաֆֆի ԱՃէմեանին եւ՝ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի անունէն, նուիրեց Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» հատորներէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի յիսնամեակին առիթով հրատարակուած՝ յիսուն տարիներու աշխատանքին արգասիքը բովանդակող Յուշամատեանէն օրինակ մը։

Արշօ Զաքարեան, բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանին նուիրեց անոր նախորդ հատորներէն՝ «Ոսպնեակ»-ի եւ «Կորիզ»-ի սպառած, բայց գրադարանին մէջ առկայ եղող գիրքերէն մէկական օրինակ, նաեւ «Գլաձոր» մասնաճիւղի Յուշամատեանէն եւ «Երազէն Անդին» հատորներէն մէկական օրինակ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թամար Տօնապետեանին, Յասմիկ Պապեանին եւ Արմինէ Թորիկեանին, որոնց անխոնջ աշխատանքին համադրութեան շնորհիւ յաջողութիւն արձանագրեց այդ օրուան հանդիսութիւնը։

Թորոնթոյի մէջ կայացած «Առաձգական» գիրքի շնորհանդէսին աւարտին կատարուեցաւ գիրքի մակագրութիւն, երբ թեթեւ հիւրասիրութեան, խմբային նկարներու, քաղցրիկ զրոյցներու միախառնումով եւ մակագրուած հատորներուն մէջ տեղ գտած բանաստեղծութիւններուն արձագանգով ջերմացան գրասէր հանրութեան սիրտն ու միտքը։