Տասներեք օրէ իր վեր Արցախի կեանքի ճանապարհը թշնամին փակ կը պահէ. Արցախն այս շաբաթ


«Թորոնթոհայ»- Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը ազերի «բնապահպաններու» կողմէ փակ մը մնայ արդէն 13 օրերէ ի վեր։ Թշնամիին կողմէ պաշարուած Արցախի Հանրապետութեան մէջ ապրող 120 հազար հայեր ՝ զրկուած են արտաքին աշխարհին հետ ցամաքային եւ օդային կապերէն։

Օրէ օր մարդասիրական աղէտը կը խորանայ։ «Հայաստանէն ամէն օր 400 թոն սննդամթերք ու դեղորայք անհնար է հասցնել Արցախ: Փոխադրութեան ամբողջական շրջափակումը կը սպառնայ սնունդի, դեղորայքի և վառելիքի պակասով», 21 Դեկտեմբերին յայտնեց Արցախի տեղեկատուական շտապը՝ իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

23 Դեկտեմբերին ուղիղ եթերով Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան յայտնեց, որ «Արցախի ժողովուրդը արդէն 264 ժամ շրջափակման մէջ է, շատ բարդ իրավիճակ է, ամէն մէկ ժամը կը խորացնէ մարդոց անհանգստութիւնը, մտահոգութիւնը, ընկճախտը կ’ազդեն մարդկանց կեանքի որակին վրայ»։

Հարցին լուծում տալու գործադրուած ջանքերը առ այսօր բաւարար չեն եւ՝ ապարդիւն։ Հայաստանի իշխանութիւնները հրաժարելով Արցախի երաշխաւորը ըլլլալու Հայաստանի պարտաւորութենէն՝ ամբողջ մեղքը կը բարդեն ռուս խաղաղապահներուն վրայ։

22 Դեկտեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ Լաչինի միջանցքը փակելու՝ Ազրպէյճանի գործողութիւնը խախտում է 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան: «…Նման բան տեղի կ’ունենայ Ազրպէյճանի ապօրինի գործողութիւններու հետեւանքով, բայց որովհետեւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութեան առանցքային իմաստը այն է, որ թոյլ չտալ նման ապօրինութիւն տեղի ունենայ եւ մասնաւորապէս վերահսկողութեան տակ պահել Լաչինի միջանցքը», շեշտեց ան։ Իսկ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ իրենք հարցին լուծում գտնելու համար կը բանակցին ոչ թէ Ազրպէյճանի, այլ միջազգային հանրութեան հետ։ Հայաստանը հրաժարեցաւ նաեւ մասնակցելէ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած եռակողմ՝ Ռուսիա, Հայաստան, Ազրպէյճան, հանդիպումէն։

Գալով միջազգային արձագանգներուն՝ Արեւմտեան երկիրներ, խորհրդարաններ, միջացգային կառոյցներ կոչերով յորդորեցին Ազրպէյճանին բանալու միջանցքը եւ երաշխաւորել քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու, բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը: 18 Դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս պապը մտահոգութիւն յայտնեց Հարաւային Կովկասի մէջ` Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող մարդասիրական կացութեան համար: «Զիս կը մտահոգեն մարդոց մարդասիրական անկայուն պայմանները, որոնք ձմեռնային եղանակի ընթացքին կը գտնուին հետագայ վատթարացման վտանգին տակ», ըսաւ ան, կողմերուն կոչ ընելով խաղաղ լուծում գտնելու` յանուն մարդոց բարօրութեան:

21 Դեկտեմբերին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը պարտաւորեցուց Ազրպէյճանին ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները` ապահովելու Լաչինի միջանցքով Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդներու տեղափոխութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ճամբան անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու անվտանգ տեղաշարժը։

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 21 Դեկտեմբերին գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Միացեալ Նահագներու, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Նորվեգիոյ եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչները կոչ ըրին Ազրպէյճանին երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով մարդոց երթեւեկը։

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին Արցախի շրջափակման հարցի քննարկումը, շեշտեց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ձեռնարկէ նաեւ յստակ քայլեր Արցախի ապաշրջափակման ուղղութեամբ: Ըստ նախարարութեան՝ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարելով միայն կարելի է կայունացնել իրավիճակը շրջանին մէջ եւ ստեղծել նախադրեալներ տեւական խաղաղութեան համար։

23 Դեկտեմբերին, խումբ մը քաղաքացիներ Ստեփանակերտէն երթով շարժեցան դէպի միջանցքին փակուած վայրը: Ճանապարհին ռուս խաղաղապահները չթոյլատրեցին անոնց առաջ երթալ։ Արցախցիները ռուսերուն տուին մէկ օր ժամանակ ճանապարհը բանալու համար։

Արցախի տեղեկատուական շտապը 24 Դեկտեմբերին յայտնեց, որ 25 Դեկտեմբերին, ժամը 14:00-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ համաժողովրդական հանրահաւաք: Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպեցաւ պետական կառոյցներու եւ շարք մը ընկերութիւններու պատասխանատուներուն հետ եւ յայտնեց, որ հանրահաւաքով անգամ մը եւս պիտի հաստատուի Արցախի ժողովուրդին՝ սեփական երկրին մէջ ապրելու վճռականութիւնը:

Խորացող մարդասիրական աղէտը կ’անդրադառնայ բնակիչներու թէ՛ առօրեային, թէ՛ առողջութեան եւ թէ՛ հոգեկան վիճակին վրայ։

Արցախի տեղեկատուական շտապը 21 Դեկտեմբերին տեղեկացուց, որ Ազրպէյճանական գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի 120 000 բնակչութիւնը, որմէ 30 000-ը երեխաներ են, յայտնուած է մարդասիրական ճգնաժամի մէջ: 1 100 քաղաքացի, որոնցմէ 270-ը անչափահաս, ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով տուն վերադառնալու հնարաւորութիւն չունի:

Արցախի բժշկական հաստատութիւններու վերակենդանացման բաժիններուն մէջ կը գտնուին աւելի քան երկու տասնեակ հիւանդներ, որոնցմէ 13-ը երեխաներ, Հայաստան անյապաղ տեղափոխման կարիք ունին: Երեք հարիւր յիսուն հիւանդներ չեն կրնար բուժում ստանալ Հայաստանի մէջ: Արցախի մէջ ժամանակաւորապէս դադրած են բոլոր ծրագրուած վիրահատութիւնները: Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ՝ 19 Դեկտեմբերին կարելի եղաւ շտապ օգնութեան մեքենայով մէկ հիւանդ տեղափոխել Երեւան՝ սրտի վիրահատութեան համար, իսկ մէկ այլ հիւանդ, չստանալով անհրաժեշտ բուժում, մահացաւ։

Բազում դժուարութիւններով հանդերձ Արցախի մէջ կեանքը կը շարունակուի, նոր կեանքեր աշխարհ կու գան։ Շրջափակման առաջին ինը օրերուն Արցախի մէջ ծնաւ 26 երեխայ, 13 տղայ եւ նոյնքան աղջիկ: Տեղի ունեցան պսակադրութիւններ։

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը յայտարարեց, որ Արցախի երեկեցիներուն մէջ ամէն Կիրակի պիտի կատարուի խաղաղութեան, իսկ Ուրբաթ երեկոյեան միասնական աղօթք՝ միաւորուելու պատերազմի հետեւանքով ազգային կեանքին մէջ տեղ գտած խնդիրներն ու դժուարութիւնները յաղթահարելու համար։

Շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած հոգեբանական ծանր վիճակէն երեխաները դուրս հանելու համար Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը որոշեց ամանորեայ տրամադրութիւն պարգեւել մանուկներուն եւ տօնածառ տեղադել Ստեփականերտի Շահումեանի պուրակին մէջ։ 23 Դեկտեմբերի երեկոյեան մեծ միջոցառումով լուսաւորուեցան տօնածառին լոյսերը: Երգ ու պարով արցախցի փոքրիկները ուրախացան եւ կազմակերպեցին «Բացէ՛ք կեանքի ճանապարհը» խորագիրով ֆլէշմոպ։

Տօնական այս օրերուն մանուկներուն ժպիտ պարգեւելու համար Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը աշակերտներուն համար ներկայացուց «Ձմեռային հեքիաթ» բեմադրութիւնը։ Թատրոնի տնօրէն Արմէն Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի հինգ օր եւ մօտ 2000 փոքրիկի համար նուէրներ պատրաստած են։  

Արցախցի մանուկները Նոր տարուան ընդառաջ կը մաղթեն, որպէսզի ճանապարհը շուտ բացուի, որ Կաղանդ պապան գայ, իսկ իրենց ընտանքներէն բաժուած փոքրիկներուն երազանքը մէկ է՝ միանալ իրենց ընտանիքներուն։