Արցախցին վերահաստատեց, որ տէր է իր երկրին


Սալբի Սաղտըճեան

44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք, երբ կորսնցուցինք Արցախի երեք քառարորդը, առաջին անգամն է, որ ներքին խռովքով կը մեկնիմ Արցախ։ Արդեօք ինչպէ՞ս պիտի տեսնեմ զայն, արցախցին ի՞նչ վիճակի մէջ կ’ապրի, արդեօք ան իր կրած անչափելի կորուստներէն ետք յուսալքուա՞ծ է, թէ կրցած է թօթափել պատերազմին արհաւիրքը․․․

Ճամբան երկար ու ամայի կը թուի։ Ճանապարհի ուղղութիւնը փոխուած է։ Նախքան պատերազմը Արցախի Հանրապետութեան մուտքի անցակէտին վրայ մեզ կը դիմաւորէին հայկական երկրորդ հանրապետութեան դրօշն ու հայ զինուորները, իսկ հիմա․․․Աղաւնոն իր գեղեցիկ կտուրներով չկայ, Բերձորէն նոյնպէս չենք անցնիր։ Ճամբան կ’անցնի այս բոլորը շրջանցող, թշնամիին կողմէ կառուցուած, նոր ճանապարհով։ Մեր կողքով հատուկենտ մեքենաներ կ’անցնին։ Ռուս խաղաղապահները, իրենց տեղադրած տարբեր անցակէտերուն վրայ, կը ստուգեն մեր անձնագիրները։

Կը հասնինք Շուշիի մօտ, ուր ռուս խաղաղապահները կը կանգնեցնեն մեր եւ մեր ետեւէն հասած քանի մը հայկական ինքնաշարժները. ինծի համար անհասկնալի է պատճառը։ Կողքիս նստած արցախցի աղջիկը կը բացատրէ, որ ուղեկալը մեզի համար կը փակուի, երբ ազրպէյճանական մեքենաներ պէտք է անցնին նոյն տեղէն։ Շատ չանցած, Շուշիէն եկող ազրպէյճանական երկու ճիփ կ’ացնի մեր դիմացէն։ Ազերիները իրենց խիստ հայեացքները կ’ուղղեն մեր կողմը։ Անառիկ Շուշիին, Հադրութին, Արցախի շատ-շատ տարածքներու վրայ ազերին կը տիրէ․․․ինչպէ՛ս համակերպիլ այս իրողութեան։

Կը թոյլատրուի մեր երթը դէպի Ստեփանակերտ, որուն մուտքին մեր անձնագիրները կը ստուգեն հայ զինուորները եւ բարի գալուստ կը մաղթեն մեզի։

Վերջին անգամ Արցախ այցելած էի Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին, երբ մեծ շուքով նշեցինք բերդաքաղաքին հերոսական ազատագրումը թէ՛ Շուշիի եւ թէ՛ Ստեփանակերտի մէջ․ զինուորական շքերթ, ուրախութիւն, երգ ու պար․․․։ Հիմա՝ տօնակատարութեան եկած է փոխարինելու այլ իրականութիւն մը, որուն շատ դժուար է համակերպիլ։ Ծանր է տեսնել, որ յաղթանակներ կերտած արցախցին այսօր կանգնած է գոյութենական վտանգին առջեւ։

Հոս ա՛յլ կացութիւն կը տիրէ։ Նոյն օրը՝ 30 Հոկտեմբերին, նախատեսուած է հանրահաւաք՝ միասնութեան հանրահաւաք, որուն մասնակից դառնալու բախտաւորութիւնը կը գօտեպնդէ զիս։

Ամէն շաբաթավերջ, մամուլի կայքերը թերթատելով կը փնտռեմ Արցախի մասին լուրեր, որոնք կը ներկայացնեն Արցախի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւնները, նպատակ ունենալով՝ ծանօթացնել եւ իրազեկել մեր ընթերցողները, որ Արցախը կայ, կը գոյատեւէ։ Իր ունեցած հսկայական կորուստներով, ապահովական, կենցաղային եւ հոգեբանական բազում դժուարութիւններով հանդերձ՝ արցախցին իր կեանքը կը շարունակէ հայկական այս փոքրիկ հողակտորին վրայ։

Այս շաբթուան ամենայատկանշական եւ պատմական իրադարձութիւնը մամուլէն կարդալու փոխարէն՝ առիթը պիտի ունենամ ապրելու եւ անձամբ տեսնելու։

Ժամը 3-ին յայտարարուած հաւաքէն մէկ ժամ առաջ, երբ կը հասնիմ մայրաքաղաք, Վերածնունդի հրապարակը արդէն մարդաշատ է։ Կեանքով եռուն Ստեփանակերտը չի զիջիր Երեւանին։ Մարդիկ խուռներամ կը փութան տեղ հասնելու՝ նախքան նշուած ժամը։ Ո՛չ միայն հրապարակը, այլ նաեւ յարակից փողոցները, Շահումեանի այգին լի են․ մեծ, փոքր, տարեց, բոլորը եկած են ըսելու, որ իրենք այստե՛ղ են, տէ՛ր են իրենց երկրին եւ իրենց իրաւունքները սակարկման ու առուծախի ենթակայ պէտք չէ ըլլան ե՛ւ հայրենի իշխանութեան, ե՛ւ թշնամիին ու աշխարհի տէրութիւններուն կողմէ։

Արցախի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցող արտահերթ նիստին՝ ժողովուրդը կը հետեւի հրապարակին վրայ զետեղուած հսկայ պաստառին միջոցով։ Հնչած ելոյթներով պատգամաւորները կը նշեն ստեղծուած ներկայ օրհասական վիճակը եւ ի լուր աշխարհին կը յայտարարեն, որ Արցախը երբե՛ք չէ եղած եւ պիտի չըլլա՛յ թշնամի պետութեան կազմին մէջ, որովհետեւ, այդ պարագային, իրենց կը սպառնայ ցեղասպանութիւն եւ հայրենի հողէն զրկուելու արդէն իսկ գործի դրուած քաղաքականութիւն։

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան՝ աշխարհի բոլոր երկիրներու առաջնորդներուն ու ժողովուրդներուն ուղղուած ուղերձին մէջ կը նշէ, որ այս փոքրիկ աշխարհատարածքը վտանգ չի ներկայացներ, բայց վտանգուած է Արցախի ժողովուրդին լիարժեք ապրելու ու գոյատեւելու իրաւունքը: Որպէսզի արցախցին ապրի, արարէ, ստեղծագործէ իր հայրենիքին մէջ՝ ան կոչ կ’ընէ ճանչնալու անոր ինքնորոշման իրաւունքը:

«Խաղաղութեան գինը չի կրնար ըլլալ Արցախի ժողովուրդին հայրենազրկումը և Արցախի ոչնչացումը», Ազգային ժողովի ամպիոնէն կը յայտարարէ պատգամաւոր Գեղամ Ստեփանեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ազգակործան քաղաքականութեանը:

«Արդէն երկու տարի է՝ Արցախի ժողովուդրը կ’ապրի եւ կ’արարէ ոչ սովորական պայմաններու մէջ․ հոգեբանական ճնշումներ, անորոշութիւն, Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքներ, ենթակառուցուածքներու խաթարումներ․․․», կը յիշեցնէ ան:

Նիստի աւարտին՝ Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան հրապարակէն կը յայտարարէ, որ անընդունելի է եւ պիտի մերժուի որեւէ առաջարկ, փաստաթուղթ, որմով Արցախը կը դիտարկուի իբրեւ Ազրպէյճանի մաս։ Ան կը վստահեցնէ, որ մենք ի վիճակի ենք պաշտպանելու Արցախը, ունինք այդ ներուժը, եւ պէտք է հաւատանք մեր ուժին, մեր կարողութիւններուն։ «Իւրաքանչիւրէն կախուած է՝ ըլլալու այն արժանապատիւ ու սկզբունքային սերունդը, որ, անկախ բոլոր դժուարութիւններէն, պիտի կարենայ փրկել Արցախի բիբլիական այս հողակտորը», կը հաստատէ ան:

Արցախցիք ուշի-ուշով կը հետեւին ելոյթներուն։ Անոնք շատ լաւ գիտեն հնչած իւրաքանչիւր բառին իմաստը, սակայն անոնք կ’ուզեն վստահանալ, թէ իրենք մինակ չեն այս դժուարագոյն եւ մեծ զոհողութիւններ պահանջող պայքարին մէջ։

Կ’ուզեն, որ հայրենի իշխանութիւնները չհրաժարին Արցախի գլխաւոր երաշխաւորը ըլլալէն, հայութիւնը իր ողջ ներուժով եւ միասնականութեամբ ըլլայ իրենց թիկունքին եւ իրենց անվտագութիւնը ապահովող ռուս խաղաղապահներուն ներկայութիւնը ըլլայ մնայուն։

Հանրահաւաքէն պատկերներ (լուսանկարները Life after war: Artsakh-ի)

Հանրահաւաքին մասնակիցներու հետ իմ ունեցած հարցուպատասխանի ժամանակ անոնք կը հաստատեն, որ այս վիճակը ժամանակաւոր է, այսպէս կարելի չէ շարունակել, Շուշին եւ մնացեալ բռնագրաւուած տարածքները պէտք է ետ բերել, բայց մինչ այդ պէտք է պատրաստուիլ յետագայ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու եւ յաղթանակ ունենալու համար։

«Մէկ ա, Արցախը մերն ա. հազարամեակներ այստեղ ենք ապրել եւ շարունակելու ենք ապրել», կը նշէ ծերունի մը։ Մէկ ուրիշը կը մատնանշէ, որ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը ժամանակաւոր է, երբ ալ ըլլայ պիտի փոխուի։ «Այսպէս շարունակել չի կարող, պէտք է Շուշին դարձեալ մերը լինի։ Շուշիի եւ մնացեալ բռնագրաւուած տարածքները դարձեալ յետ ենք բերելու, բայց կարեւորը պատրաստ լինենք այդ օրուան»։ Ռուս խաղաղապահներուն ներկայութիւնը ապահովութեան երաշխիք համարող երիտասարդ կին մը ալ կ’ըսէ․ «Ռուսի ներկայութիւնը մեզ համար շատ էական է, ան չպէտք է հեռանայ»։

1988-ի արցախեան պահանջատիրական ցոյցերէն ետք ամէնէն մարդաշատ հանրահաւաքին մասնակից արցախցիները կը վերահաստատեն, որ իրենք տէր են այս երկրին եւ պարտաստ են զայն պաշտպանելու։

Անկախ մեր հայացքներէն ու մեր համոզումներէն՝ իւրաքանչիւրիս պարտքն է ըլլալ Արցախի կողքին, մտածել արցախցիին պէս, որովհետեւ այս պայքարը բոլորիս պայքարն է, մեր ինքնութեան, մեր գոյութեան եւ յարատեւութիւնը երաշխաւորող պայքարն է։

Մենք սխալելու եւ ձախողելու իրաւունք չունինք։

6 Նոյեմբեր 2022

Երեւան