Թորոնթոհայ հայրենադարձ Սանան Տէր Պետրոսեան-Մկրտիչեանի արտասանած խօսքը «Միասնութեան հանրահաւաք»-ի ընթացքին


Թորոնթոհայ հայրենադարձ Սանան Տէր Պետրոսեան-Մկրտիչեանը հետեւեալ խօսքը արտասանեց Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2022-ին կազմակերպուած «Միասնութեան հանրահաւաք»-ին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ:

(տեսանիւթ՝ news.am-ի)

Բարեւ բոլորիդ,

Ես Սանանն եմ․ ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան։

Հայաստանի հետ իմ կապս սկսած է 1991-ին, երբ իբրեւ դպրոցական, մասնակցած եմ Հանքաւանի ճամբարներէն մէկուն։ Այն ժամանակ Հայաստանը դեռ պաշտօնապէս անկախ չէր։ Յետոյ, 1996-97-ի ամառները, մասնակցած եմ Հատրութի շրջանի Առաքել գիւղի վերաբնակեցման և մանկապարտէզի հիմնադրման աշխատանքներուն։ Այն ժամանակ արդէն ունէինք անկախ Հայաստան եւ ազատագրուած Արցախ։

1915-ի Եղեռնէն վերապրածներու թոռ ըլլալով, Սփիւռքի մէջ մեծցած եմ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազանքով, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի բարձրագոյն արժէքով։ Հետեւաբար, 2015-ին ամուսնուս եւ չորս տղայ զաւակներուս հետ Գանատայէն տեղափոխուեցանք Հայաստան։ Հայաստան հաստատուեցանք, որպէսզի տղաքս հայ մեծնան՝ իրենց ապահով ու համերաշխ Հայրենիքին մէջ։

Դժբախտաբար, այսօր Հայաստանը ո՛չ ապահով է, ո՛չ ալ համերաշխ։ Հայաստանն ու Արցախը յարձակման տակ են, սահմանները դարձած են խոցելի թշնամիին կողմէ, ունինք հողային եւ մարդկային ահռելի կորուստներ, հազարաւոր այրիներ, որբեր, հաշմանդամներ:

Ի միջի այլոց, 1996-97-ին Հատրութի Առաքել գիւղի աշխատանքներուն ընթացքին զետեղած էինք խաչքար մը․ 2020-ի պատերազմի ժամանակ շրջանառուեցաւ վիտիօ մը, ուր կը տեսնէինք՝ ազերի զինուորները կը քանդեն այդ խաչքարը:

Եւ այս բոլորով, մենք ունինք իշխանութիւններ, որոնք ո՛չ միայն մեզ չեն պաշտպաներ, այլ նաեւ կը քանդեն մեր ազգային համերաշխութիւնը: Մեզ կը փորձեն համոզել, որ այս արիւնարբու եւ ցեղասպան ժողովուրդէն խաղաղութիւն մուրանք եւ իրենց յանձնենք Արցախը։

Այդ մէկը չի լինելու. Արցախը չի լինելու Ազրպէյճանի կազմում:

Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի հայը այսօր կը տառապի նոյն ցաւով՝ հայրենիքի անմիջական կորուստի մտահոգութեամբ։ Այս ամէնը տեսնելով ես պարզապէս չեմ կրնար լռել։ Մենք թշնամիին հայրենիք չենք յանձնելու։

Սփիւռքի զաւակ ըլլալով, կոչ կ’ուղղեմ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ կանգնելու Արցախի եւ Հայաստանի կողքին։ Ես իմ չորս զաւակներուս, դուք ձե՛ր զաւակներուն, հզօր Հայաստան ենք պարտք։

Մենք բոլորով սփիւռք-Հայաստան-Արցախ, պիտի միաւորուինք եւ կերտենք մեր երազած ապահով, համերաշխ եւ հզօր Հայաստանը։