Արցախն այս շաբաթ


«Վարանդա» երգաչախումբի աշակերտական համերգը՝ խմբավարութեան Զաքար Քէշիշեանի, 5 Սեպտեմբեր 2022, Ստեփանակերտ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

— Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Արեւելեան տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է, որ ամենէն զգայուն հարցերէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ անվտանգութեան հարցն է։

«Մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով: Մենք կ’աշխատինք մեր կազմակերպութիւններուն մէջ` թէ՛ տնտեսական կազմակերպութեան եւ թէ՛ ՀԱՊԿ-ի մէջ: Մօտիկ ապագային կը նախատեսենք նաեւ մասնակցիլ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան միջոցառումներուն Ուզպեքիստանի մէջ, ուր կարելիութիւն պիտի ունենանք դարձեալ հանդիպիլ եւ զրուցել բոլոր գործընկերներու հետ:

«Ի հարկէ, ամենէն զգայուն հարցերէն է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ անվտանգութեան կացութիւնը: Մենք այս մասին անընդհատ կը խօսինք ձեզի հետ, մնայուն կապի մէջ ենք: Եւ ես ուրախ եմ, որ այսօր Վլատիվոսթոքի մէջ տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ կրնանք խօսիլ այս բոլոր նիւթերուն մասին», նշած է Փութին:

— 8 Սեպտեմբերին Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցած են շարք մը երկիրներ, ինչպէս օրինակ՝ Աբխազիան, Հարաւային Օսիան, Մերձդնեստրի, Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ տասնեակ նահանգներ, Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներ:

«Այսինքն, աստիճանաբար ճանաչման գործընթացը առաջ կ’երթայ, Արցախը ճանչցած են 2000-3000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքներէն մինչեւ այնպիսի մեծ քաղաքներ, ինչպիսին է Լոս- Անճելըսը, որ 15 միլիոն բնակչութիւն ունի: Այսինքն, գործընթացը առաջ կ’երթայ, թէեւ անիկա շատ բարդ է:

Բայց մենք երբեք պիտի չհրաժարինք այդ գործընթացէն: Հասկանալի է, որ կան միջազգային քաղաքականութեան խաղի կանոններ, շահեր, բայց այնուամենանիւ, կը յորդորեմ չմոռնալ, որ Ալիեւը ինք կ’ըսէր, որ իրեն կը պարտադրեն Արցախը ճանչնալ:

Այսինքն, մենք երբեք պիտի չհրաժարինք այդ գործընթացէն ու ինքնորոշման մեր իրաւունքէն: Միջազգային ճանաչումը, ի հարկէ, կրնայ շատ-շատ երկար տեւել, բայց մինչ այդ կարեւոր է, որպէսզի մենք ունենանք ապահով ներկայ եւ ապագայ Արցախի համար, եւ ատիկա չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, ատիկա ապագային կործանման կը տանի»:

— 6 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) անունուան դպրոցի բակին մէջ տեղի ունեցաւ հրամանատարին կիսանդրիին բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին պետական այրեր, հիւրեր, աշակերտներ:

Աշոտ Ղուլեանի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը, (լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի)

Արցախի հերոս, «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանի ասպետ Աշոտ Ղուլեանի կիսանդրին զետեղելու միտքը իրականութիւն դարձաւ Արցախի կառավարութեան եւ աւստրալահայ բարերար Շանթ Գրաճեանի համաֆինանսաւորմամբ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակութեան նախաձեռնութեամբ։

Յուշակոթողի հեղինակը քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեանն է, ճարտարապետը՝ Սերգէյ Ադամեանը:

ՀՅԴ բիւրոյի անդամ, Արցախ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան նշած է, որ «այսօր Բեկորի կիսանդրիին կողքին կանգնած են մեր փառապանծ բանակի զինուորներն ու նոր սերունդը: Պատահահական չէ նաեւ, որ Աշոտին հայեացքը սեւեռուած է դէպի Շուշին: Այս ամէնը մեծ խորհուրդ ունի առ այն, որ Աշոտ-Բեկորի գաղափարները դեռեւս իրականանալիք են»։

Դպրոցի տնօրէն Լաուրա Մարտիրոսեան ըսած է, որ կրթօջախը Աշոտ Ղուլեանի անունը կը կրէ 1993-էն: «Անոր կիսանդրիին տեղադրումը կարեւոր իրադարձութիւն է մեր դպրոցին մէջ: Ան առաւել քան պարտաւորեցնող է եւ մեծ հրամայական ունի մեզի` ապրողներուս: Բեկորի վաշտը ձեւաւորուած է մեր դպրոցին մէջ, այս պատերուն տակ շարուած են անոր տղաները, եւ այս բակէն անոնք գացած են ռազմաճակատ, ցաւօք շատերը չեն վերադարձած»։

— 6 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի Քերոլայն Քօքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին մէջ բացուած է բնաբուժութեան սենեակ, որ վերանորոգուած եւ կահաւորուած է Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Հայ օգնութեան միութեան շրջանային վարչութեան կողմէ:

Արեւմտեան ափի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ժասմէն Պունիաթեան այս առիթով ըսած է, որ անցեալ տարի այցելած են կեդրոն, տեսած են հոյակապ աշխատանքները, որոնք կ’իրականացուին այստեղ եւ ՀՕՄ-ը որոշած օգտակար ըլլալ: Ըստ անոր՝ կատարուած նուիրատութենէն աւելի մեծ աշխատանք տարուած է կեդրոնին մէջ։

Ստեփանակերտի Քերոլայն Քօքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին մէջ բնաբուժութեան սենեակի բացում (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի),

Արցախի նախագահի` Սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան ընդգծած է, որ այս Կեդրոնը նաեւ Արցախի զինուորի տունն է: Ըստ անոր՝ Ստեփանակերտի վերականգնողական կեդրոնի պայմանները բարելաւելու գործին մէջ ՀՕՄ-ը առաջինն էր, որ ձեռք երկարեց եւ նորոգեց բնաբուժութեան այս սենեակը, իսկ Ուրուգուէյի համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ պիտի վերանորորգուի եւս մէկ սենեակ:

Կեդրոնի տնօրէն Վարդան Թադեւոսեան նշած է, որ կեդրոնին մէջ կը բուժուին ե՛ւ երեխաները եւ մեծերը։ Այժմ բարեկարգման աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի բնաբուժութեան սենեակին կողքին ունենան նորածիններու, թերախօսութեան, հոգեբանի սենեակներ: Կը նախատեսուի նաեւ աուտիզմ ունեցող երեխաներու համար նախատեսուած զգայական սենեակ ունենալ: Բացի այդ՝ պիտի ստեղծուի ժամանցի բացօթեայ վայր։

— «Լոյս» հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, որ Սեպտեմբեր 2019-ին սկսած Ամարասի վանական համալիրի վերականգնման ծրագիրը այժմ կը գտնուի իր վերջին հանգրուանին:

Վանական համալիրի վերականգնման աշխատանքներուն ընդհանուր ծաւալը մօտ 420 միլիոն դրամ է, որմէ այս պահուն արդէն կատարուած է 276 միլիոնի աշխատանք:

Աշխատանքները ամբողջութեան կը նախատեսուի ամբողջացնել 2023-ի գարնան: Ծրագրի նպատակն է ստեղծել բոլոր անհրաժեշտ պայմանները համալիրի լիարժէք օգտագործելու համար` նոր շունչ տալով պատմամշակութային կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս յուշարձանին։

— Արցախի մէջ ճանապարհներու վերանորոգման եւ շինարարութեան աշխատանքները կը շարունակուին։ Քաղաքաշինութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ վերսկսած է Ստեփանակերտէն դէպի Ասկերանի Սառնաղբիւր եւ Դահրազ գիւղեր տանող նոր ճանապարհի կառուցումը։

Անոր կառուցումը սկսած էր նախքան վերջին պատերազմը։ Տարածքը անտառապատ է եւ անտառին միջէն կը բացուի ճամբան, որուն երկարութիւնը 11 քմ․ է։ Այժմ հողային աշխատանքները կը կատարուին: Շինարարութիւնը պիտի աւարտի 2023-ի սկիզբը:

Կուպրապատուած է նաեւ Մարտունիի Կոլխոզաշէն գիւղ տանող 4,5 քմ․ երկարութեամբ ճանապարհը։

— Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան եւ երիտասարդական երգչախումբին 30-ամեակին նուիրուած այս տարուան «Երգող Արցախ» անունը կրող համերգները տեղի կ’ունենան Ստեփանակերտի մէջ։ Առաջին՝ աշակերտական համերգը 5 Սեպտեմբերին էր։ Հիմնադիր եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան տեղեկացուցած է, որ երգչախումբին համար գրուած է 169 նոր երգեր, որոնցմէ համերգին համար ընտրած են հայրենասիրական ու տրամադրութիւն փոխանցող ստեղծագործութիւնները:

Երգացանկը ամբողջութեամբ թարմ է: Քանի մը երգեր առաջին անգամ ներկայացուցան հանդիսատեսին, ինչպէն օրինակ` «Հադրութ» ստեղծագործութիւնը։

«Նոր մասնակիցներով համալրուած երգչախումբին բեմ դուրս գալուն նախորդած են շուրջ 31-օրեայ փորձեր: «Վարանդա»-ն ստեղծուեցաւ 30 տարի առաջ, երբ փոթորկուն էր մեր կեանքը եւ ազատագրուեցաւ Շուշին: Այդ տարիներէն սկսած մենք համերգներ կու տանք Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ, արցախցիները ոգեւորելու համար: Այսօրուան համերգն ալ կը վկայէ, որ առանց ընկճուելու կը շարունակենք մեր ընթացքը` Արցախի մէջ հնչեցնելով հայ երգը», 10 Սեպտեմբերի համերգին ժամանակ նշած է Քէշիշեան:

Այս տարի աշակերտներուն թիւը աւելցած է: Անցեալ տարի բեմ բարձրացաւ 80 երեխայ, իսկ այս տարին` 120: «Ցանկացողներ շատ կան: Այնպէս, որ հնարաւոր է յաջորդ տարի նոյնիսկ բեմին վրայ չտեղաւորուին», ֊ըսած է խմբավարը եւ աւելուցած, որ մշակոյթը ուժ է ու զէնք, եթէ անիկա ճիշդ գործածուի:

«Վարանդա» երգչախումբը սովորութիւն ունէր, որ ամէն անգամ համերգներէն ետք կը հաւաքուէին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ բակը եւ երգէին «Երազի իմ երկիր հայրենի» երգը: Այս անգամ, 10 Սեպտեմբերի համերգէն ետք, Ստեփանակերտի «Ազատամարտիկներու» պուրակին մէջ տեղադրուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու լուսանկարներուն առջեւ երգչախումբն ու հրաւիրեալներն կատարեցին իրենց բարի աւանդուդոյթը: