Արցախն այս շաբաթ


Արցախի շուրջ ծաւալող քաղաքական իրադարձութիւններ

— «Ալիեւը կը սխալի, եթէ կը կարծէ, որ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդը այլ բնակավայր ունի, քան Արցախի Հանրապետութիւնը», ըսաւ Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգրալեան իր «Թելեկրամեան» ալիքէն՝ անդրադառնալով Ալիեւի այն խօսքին, որ «եթէ արցախցիները չեն ուզեր բնակիլ Ազրպէյճանի տարածքին, կրնան բնակութեան այլ տեղ ընտրել»։

Բեգլարեան աւելցնելով ըսաւ․ «Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն` մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը` հայրենիքի մէջ ազատ, անկախ եւ ապահով ապրելու համար: Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը այլընտրանք չունի, անընդունելի է ուժի կիրառումը եւ ուժի կիրառման սպառնալիքը` տարածքային ամբողջականութեան արհեստական գերակայութիւնը ապահովելու համար»:

— Նոյն կարծիքին է նաեւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։ Ըստ նախարարին՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար անտեսուիլ, արդարանալով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքով, քանի որ անոնք միջազգային բազմաթիւ փաստաթուղթերով իրաւահաւասար են:

Բաբայեան, անդրադառնալով Փրակայի մէջ ՀՀ վարչապետ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Մակրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի` Հոկտեմբեր 6-ի հանդիպումէն ետք ընդունուած յայտարարութեանը, ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ կապ չի կրնար ունենալ Արցախի հետ:

«Պիտի ըլլանք յստակ, յամառ, սկզբունքային եւ հայրենասէր` անկախ անկէ, թէ ինչ վիճակի մէջ ենք: Այդ պարագային, իսկապէս, պիտի հասնինք մեր ուզածին: Մենք համոզուած ենք ու հաստատակամ, որ երբեք պիտի չըլլանք Ազրպէյճանի կազմին մէջ, որուն պարագային մեզի կը սպասէ միայն մէկ ճակատագիր` հայաթափում, ոչնչացում»։

Իր հերթին Արցախի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Մասիս Մայիլեանի համոզումով` «երբ Հայաստանը հրապարակաւ հաստատեց, որ կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, պէտք է ընդունուին այնպիսի որոշումներ, որոնք ի ցոյց կը դնեն, որ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը չեն տարածուիր Արցախի Հանրապետութեան վրայ: Ատոր համար կայ իրաւաքաղաքական ամրակուռ հենք»:

— 12 Հոկտեմբերին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Երեւան` Հայաստանի իշխանութիւններէն պարզաբանումներ ստանալու, յատկապէս, 6 Հոկտեմբերին Փրակայի  մէջ ընդունուած քառակողմ յայտարարութեան շուրջ, ըստ որուն` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Տեղի ունեցաւ Յարութիւնեան եւ Փաշինեան հանդիպումը, որմէ որեւէ մանրամասնութիւն չհրապարակուեցաւ։

13 Հոկտեմբերին Արցախի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Վերջինս մանրամասնութիւններ ներկայացուց բոլոր ուղղութիւններով ընթացող բանակցային գործընթացին մասին։ Արցախի պատուիրակութիւնը Գրիգորեանին ներկայացուց պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը, ընդգծելով՝ որ Արցախի համար «կարմիր գիծ» է որեւէ փորձ, որ կը դիտարկէ Արցախի ապագան Ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ շեշտեց, որ Արցախը հաւատարիմ կը մնայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով բանակցային գործընթացի վերսկսման’ պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութեամբ:

— 8 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Ալիեւի վերեւ նշուած յայտարարութեան դէմ։ Հաւաքին գլխաւոր նպատակն էր արցախահայութեան յստակ եւ անզիջում դիրքորոշումը միջազգային հանրութեան հասցնելը:

«Չենք ընդունիր ոչ մէկ փաստաթուղթ, որ Արցախը կը ճանչնայ Ազրպէյճանի մաս: Ալիեւեան ռեժիմը տեսախցիկի առջեւ հայ ռազմագերիները դաժան մահապատժի  կ’ենթարկէ, կանանց մարմինները կը խոշտանգէ, կը ռմբակոծէ խաղաղ բնակավայրերը, եւ այդ ամէնէն ետք անոր յայտարարութիւնը կը նշանակէ ոչ մէկ այլ ինչ, քան էթնիկ զտում: Սակայն «կիրթ» աշխարհը կը նախընտրէ կոյր մնալ եւ չնկատել այդ բոլոր յանցագործութիւնները, քանի որ կը վախենայ ձմրան մրսիլ, իսկ մենք չենք վախնար: Պատրաստ ենք շարունակել պայքարը անկախութեան ու մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման համար», ըսաւ «Վաղուայ Արցախ» կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Պետրոսեանը, համոզում յայտնելով , որ Արցախի փրկութիւնը արցախցիին ձեռքն է:

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

Հակառակ Արցախի շուրջ ծաւալող քաղաքական անորոշութեան, սպառնալիքին, արցախցիք վճռակամ են շարունակելու ապրիլ, արարել հայրենի հողին վրայ՝ յաղթահարելով իրենց առջեւ ծառացած ամէնօրեայ բազում դժուարութիւնները։

Ստորեւ «Արցախպրես»-էն քաղելով, կը ներկայացնենք այս շաբթուան մէջ Արցախի գիւղերու մէջ տեղի ունեցող շինարակական աշխատանքները, կենցաղային դժուարութիւններն ու տարբեր ծրագիրներու իրագործումը։

— Կուպրապատուած են Մարտունիի Բերդաշէն գիւղի կեդրոնական ճանապարհը եւ դէպի հարեւան Աշան գիւղ տանող ճանապարհահատուածին մէկ մասը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով կը հիմնանորոգուի մայրուղիէն Աստղաշէն եւ Պատարայ համայնքներ տանող ճանապարհը: 8․4 քմ․ երկարութեամբ ճանապարհը կը սկսիՊատարայէն կ’անցնի Աստղաշէն գիւղէն եւ անոր կողքին կառուցուող նոր բնակավայրէն։ Հողային աշխատանքները վերջացած են եւ այժմ երկշերտ կուպրապատումը կ’իրականացուի։

— Մարտակերտի շրջանի Մոխրաթաղ գիւղին մէջ ջուրի ներքին ցանց կը տեղադրուի։ Գիւղապետ Նորայր Ամիրեան  նշած է, որ աշխատանքները կ’աւարտին մօտ 10 օրէն։ Ըստ անոր՝ գիւղի ճանապարհները կուպրապատուած են եւ ապահովուած՝ լոյսերով։ Կը վերակառուցուի նաեւ բուժկէտը, որուն շէնքը վթարային է։ Վերանորոգման կարիք ունին նաեւ Մոխրաթաղի դպրոցն ու համայնքապետարանը: Դպրոցը ունի 65 աշակերտ:

Ամիրեանի խօսքով գիւղին մէջ կայ մօտ 100 պարապ տուներ, որոնք պատրաստ են ընդունելու տեղահանուածներ: Արդէն 6 տեղահանուած ընտանիք հաստատուած է: Կը գործէ նաեւ մանկապարտէզ, ուր կը յաճախէ 18 փոքրիկ։ Գիւղացիք ընդհանրապէս կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ։

— Մարտունիի Կոլխոզաշէնի ճանապարհները խճապատուած են, մայրուղիէն մինչեւ գիւղ հասնող 5 քմ․ ճանապարհը՝ կուպրապատուած։ Գիւղի դպրոցի, մարզադահլիճի եւ բուժկէտի վթարային շէնքերը վերանորոգման կարիքը ունին։ Գիւղապետ Սեւակ Բաբայեանի խօսքով կը նախատեսուի փողոցներու լուսաւորութիւնը ապահովել:

Գիւղին պատկանող վարելահողերը մնացած են հակառակորդի հսկողութեան տակ, այդ իսկ պատճառով կոլխոզաշէնցիները հիմնականօրէն անասնապահութեամբ կ’ապահովեն իրենց ապրուստը, մասամբ ալ կ’աշխատին համայնքային հաստատութիւններու մէջ:

—Մարտակերտի սահմանամերձ Նոր Ղազանչի գիւղը ջուրի խնդիր ունի։ Բնակիչները 3 օրը մէկ ջուր կը ստանան: Ըստ  գիւղապետ Ռուսլան Առուստամեանի՝  ծրագիր կայ, որ «Բէյզ Մեթըլս» ընկերութեան ջրագիծէն գիւղին ալ ջուր տրամադրեն։ 186 բնակիչ ունեցող գիւղին մէջ 3 նոր ընտանիք կազմուած է եւ 2 տեղահանուած ընտանիք հաստատուած։ Գիւղացիք կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ։

Նոր Ղազանչիի 73 աշակերտ ունեցող դպրոցը կը յաճախեն նաեւ մօտակայ Կիչան գիւղի եւ Կիլիկիա թաղամասի երեխաները: Գիւղը չունի բուժկէտ, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզ, թէեւ ունի նախադպրոցական 17 երեխայ:

— Ընդառաջելով Շուշիի Հին Շէնի մէջ հիմնուած է խաղավայր։ Գիւղապետարանի եւ մշակոյթի տան յարակից տարածքին մէջ արդէն տեղադրուած են են մանկական խաղերու համար նախատեսուած սարքեր, ճօճանակներ:

Գիւղը 2020 թուականի պատերազմէն ետք դարձած է առաջնագիծ` յայտնուելով գիւղի դիմացի բարձունքին տեղակայուած ազրպէյճանական դիտակէտին տակ: Այստեղով կ’անցնի Ստեփանակերտ-Գորիս նոր երթուղին: «Ցանկացած ներդրում կ’ամրացնէ սահմանը, կը բարձրացնէ անվտանգութեան աստիճանը, կ’ամրապնդէ այստեղ ապրելու, արարելու ցանկութիւնը», ըսած է Ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեան` հաւաստիացնելով, որ ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան սահմանամերձ բոլոր բնակավայրերուն համար։

— Մարտունիի Կարմիր Շուկայ գիւղի դպրոցին մէջ վերսկսած է «Երկարօրեայ դպրոց»-ը, որուն կը մասնակցի  187 աշակերտ, յայտնած է դպրոցի տնօրէն Զաւէն Բադասեանը։ «Մեկնարկը տրուած է 3 Հոկտեմբերին: Կ’աշխատին 7 դաստիարակ եւ 4 խոհարար: Երեխաներուն առօրեան յագեցած է. անոնք դպրոցի դաերէն ենք կը ճաշեն, դասերը կը պատրաստեն եւ կը զբաղին իրենց նախասիրութիւններով։ Աշակերտները օրուան վերջը գրեթէ իրենց դասերը պատրաստած տուն կ’երթան», ըսած է տնօրէնը։ 

Ըստ անոր՝ ելեկտրականութեան անջատումներուն պատճառով ճաշ պատրաստելը կը դժուարանայ։ Դպրոցը ունի նաեւ համակարգիչներու պակաս։

— Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ Մարտունիի Ննգի համայնքին մէջ ազգային պարի մանկապատանեկան խմբակ հիմնուած է, ըսած է Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը:

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն կեանքի կոչուած է «Համազգայինը Արցախի մանուկներու կողքին» նախաձեռնութիւնը` փորձելով արուեստի ճանապարհով սատարել Արցախէն տեղահանուած մանուկներուն: Դասընթացներ կազմակերպուեցած են Երեւանի, Դիլիջանի եւ Աբովեանի մէջ հաստատուած տեղահանուածներուն: Իսկ հիմա անվճար այս դասընթացները կ’իրականացնեն Արցախի մէջ, գլխաւորապէս` գիւղերու մէջ:

Այս պահուն մօտ 300 արցախցի մանուկներ կ’օգտուին ծրագիրէն, որ կը սորվեցնէ ազգային պար, ձեռագործութիւն, նկարչութիւն, ինչպէս նաեւ Հայոց լեզուի գիտելիքներու ամրապնդման դասընթացներ բարձր դասարաններու աշակերտներու համար:

Աւագեանի խօսքով՝ յատկապէս մեծ հետաքրքրութիւն կայ ազգային պարի հանդէպ, բայց ցաւօք նոր մասնագէտներու եւ հովանաւորներու կարիքը ունին, որպէսզի աւելի ընդլայնեն իրենց գործը։ Ներկայիս ազգային պար կը սորվենցնեն Մաճկալաշէնի, Աշանի, Հաղորտիի, Ննգիի, Մաղաւուզի եւ Ճանկաթաղի մէջ: Անցած տարի պարի խմբակներ կը գործէին Կաղարծի, Մուշկապատ եւ Ղազարահողեր գիւղերուն մէջ:

— «Սերունդ» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրով Արցախի սահմանամերձ Չարեքտար եւ Եղցահող գիւղերու իրաքանչիւր նորածինի համար մայրերուն ամսական 50 հազար դրամ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի։ Ծնելիութիւնը խթանելու նպատակով «Սերունդ»-ի համահիմնադիր Գրիգոր Աբրահամեան նշած է, որ արդէն երեք ընտանիք կը սպասէ երեխայի ծնունդին:

Ծնած երեխաները այս նպաստը պիտի ստանան 6 տարի 8 ամիս շարունակ: Ըստ անոր՝ եթէ նուիրատուները շատնան, կրնան նաեւ նոր գիւղեր ընդգրկել։ Հիմնադրամին կրնաք նուիրաբերել՝ այցելելով serund.am կայքը:

— 11 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի Զինուորական պանթէոնին մէջ բացուեցաւ անուանի երաժիշտ, ջութակահար, ԼՂՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Բորիս Բաբայեանի յուշարձանը։

 Նախաձեռնութիւնը Արցախի Ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանինն է, քանդակագործը՝ Տիգրան Արզումանեանը։

Բորիս Բաբայեանը 1957- 2020 թուականը կ’աշխատէր Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ` որպէս ջութակի դասատու: Ստեփանակերտի Եղբայրական գերեզմանոցէն լսուող ջութակի նուագը երբեք անտարբեր չէր ձգեր անցորդները. տարուան բոլոր եղանակներուն` անձրեւին, շոգին կամ հուժկու քամիին՝ երաժիշտը ամէն առաւօտ կը շարունակէր ջութակի թովիչ ելեւէջներով յարգանքի տուրք մատուցել հայրենիքի համար նահատակուած հերոսներուն:

— Հադրութի Մոխրենես գիւղին մէջ ազրպէյճանցիները քանդած են հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին (18-19 դդ.), գիւղը նոյնպէս մեծ աւերածութիւններու ենթարկուած է: Այս մասին ըսուած է Caucasus Heritage Watch-ի նոր զեկոյցին մէջ:

Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին եւ անկե ետք չեն դադրած հայոց հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները եւ բարբարոս գործողութիւնները, ահազանգեց Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերու գրասենեակը:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նոյնպէս խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ մնայուն կերպով գործադրուող մշակութային եղեռնը, որուն նպատակը Արցախ աշխարհը իր պատմական ինքնութենէն, հայկականութեան վկայութեններէն զրկելն է:

«Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցին կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեանն ու պատկան կառոյցներուն յստակ գնահատական տալու սոյն յանցագործութեան եւ գործնական քայլեր ձեռնարկելու յետագայ վերացումէն փրկելու Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային պատմական ժառանգութիւնը», նշուած է Մայր Աթոռի տարածած յայտարարութեան մէջ: