Յարգելի ընթերցող,
Ինչպէս գիտէք, 2005 թուականէն ի վեր, «Թորոնթոհայ»-ը եղած է թորոնթոհայութեան բոլոր շերտերը ներկայացնող հարթակը: Մեր թերթին հրատարակած թղթակցութիւններու, յօդուածներու եւ անդրադարձներու ընդմէջէն կը ներկայացուի թորոնթոհայ գաղութի աշխոյժ գործունէութիւնը, անոր անդամներու իւրայատուկ տեսակէտները եւ համայնքային հետաքրքրական իրադարձութիւնները։
Յունիսին «Թորոնթոհայ»-ը հրաժեշտ տուաւ թերթի հիմնադիր-խմբագիր Կարին Սաղտըճեան-Տէր Յակոբեանին. անոր ու խումբ մը նուիրեալներու տասնեօթնամեայ ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ է, որ թերթը բազմաթիւ նուաճումներ ու յաջողութիւններ արձանագրեց եւ գերազանցապէս ներկայացուց թորոնթոհայութիւնը:
Վերջին 17 տարիներու ընթացքին, «Թորոնթոհայ»-ի տպագիր տարբերակը լոյս կը տեսնէր ամսական դրութեամբ. դժբախտաբար, «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սահմանափակումներուն պատճառով, շրջան մը դադրեցաւ թերթին հերթական տպագրութիւնը: Վերջին շրջանին, բացի մի քանի բացառիկ թիւերու, թերթը լոյս տեսաւ միայն առցանց տարբերակով:
«Թորոնթոհայ»-ի խմբագրութիւնը ուրախ է յայտարարելու, որ թերթի տպագիր տարբերակը շուտով հասանելի պիտի դառնայ բոլորին՝ նոր ձեւաչափով ու հետաքրքրական անակնկալներով: Մեր առցանց ներկայութիւնն ալ զանազան փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի յառաջիկայ շաբաթներուն:
Հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան եւ բարձր պահելով գրեթէ երկու տասնամեակներու իր աւանդն ու վաստակը, մեր խմբագրութիւնը որոշած է աւելի ուշադրութիւն դարձնել մեր համայնքին` անոր աշխոյժ եւ բազմաբնոյթ գործունէութեան ներկայացումը առաջնահերթութիւն ունենալով (այս մէկը հաւանաբար նշմարած էք վերջին երեք ամիսներուն հրատարակուած մեր յօդուածներուն մէջ):
Առիթէն օգտուելով, կ’ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել ձեզի, սիրելի ընթերցողներուն, վերջին 17 տարիներու ընթացքին ձեր անսակարկ եւ անկեղծ նուիրումին եւ հաւատարմութեան, ինչպէս նաեւ ձեր ցուցաբերած վստահութեան համար՝ մեր աշխտանքին հանդէպ:
«Թորոնթոհայ»-ը մեր բոլորին՝ թորոնթոհայութեան թերթն ու հարթակն է: Լիայոյս ենք, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս նեցուկ կը կանգնիք մեր աշխատանքներուն, որպէսզի թորոնթոհայութիւնը շարունակէ սփիւռքեան այլ գաղթօճախներու եւ Թորոնթոյի տարածքին այլ ազգային համայնքներու օրինակ դառնալ:
Ռուբէն Ճանպազեան,
Խմբագիր
Read this letter in English here.