Շնորհակալութիւն, սիրելի ընթերցող. բարի երթ, «Թորոնթոհայ»


Կարին Սաղտըճեան-Տէր Յակոբեան

Սիրելի ընթերցող,

Ասկէ ուղիղ 17 տարի առաջ, երբ խումբ մը ընկերներով եւ Հայ կեդրոնի հովանաւորութեամբ նախաձեռնեցինք «Թորոնթոհայ»-ի հրատարակութիւնը, մեր մղիչ ուժն էր գաղութը օժտել հայկական լրատուականով մը: Թորոնթոյի հետզհետէ ուռճացող հայ համայնքը կարիքը ունէր զինք զօդող լրատուական հարթակի մը, ուր ներկայ պիտի ըլլային եւ իրենց ձայնը լսելի դարձնէին համայնքին բոլոր յարանուանութիւններն ու անհատները:

Այսօր, կրնանք ըսել որ այդ բացը գոցուած է՝ «Թորոնթոհայ»-ի ամէնամսեայ ներկայութեամբ:

Անցնող 17 տարիներուն մեր թերթին էջերը հանդիսացան գաղութային կեանքին գլխաւոր հարթակը․ ջանացինք մեր համեստ ուժերով լուսարձակի տակ առնել համայնքի բոլոր հատուածներուն գործունէութիւնը։ Թէ որքանո՞վ յաջողեցանք, պիտի վկայէ ինքը՝ ընթերցողը։

Թերթը հարթակ հանդիսացաւ նաեւ գաղութի երիտասարդներուն, որոնք իրենց մամուլի նախաքայլերով կամ վերլուծական փորձերով հարստացուցին թերթին էջերը. երեւոյթ մը, որ ամենամեծ գոհունակութիւնը տուած է ինծի իբրեւ խմբագիր: Անոնցմէ ոմանք այսօր հասած են նախանձելի դիրքի կամ անցած են այլ ասպարէզ, ուրիշներ տակաւին կը շարունակեն գրել:

Տարիներու ընթացքին, մեր թղթակցութիւններով, հարցազրոյցներով ջանացինք գանատահայ եւ սփիւռքահայ մեր կազմակերպութիւններուն եւ արուեստի գործիչներուն ստեղծագործական աշխատանքին տեղ տալ եւ իրազեկել ընթերցողը։ Շնորհակալ եմ մեր արուեստագէտներուն իրենց վստահութեան համար։ Շնորհակալ եմ գաղութի բոլոր հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, եկեղեցիներուն իրենց անվերապահ աջակցութեան եւ քաջալերանքին համար։ Անոնք մեր խօսքը տարածող եւ լսելի դարձնողը կը հանդիսանան եւ՝ փոխադարձաբար։

Բայց ժամանակները փոխուեցան: Այսօր, լրատուական աշխարհը յեղաշրջում կ՛ապրի։ 2000-ի կէսերուն երբ գործընկերներուս՝ Արա Տէր Յարութիւնեանի եւ Անապէլ Շարոյեանի հետ Հայ կեդրոնի երկրորդ յարկը հին համակարգիչի մը վրայ կքած՝ կը սպասէինք անկէ դուրս գալիք մեր աշխատանքին արգասիքին (մեզ հետ նաեւ՝ ամբողջ գաղութը), չէինք կրնար պատկերացնել, թէ գրեթէ երկու տասնամեակ ետք թերթը կրնանք պատրաստել հեռավար՝ մեր անձնական համակարգիչներով կամ լուր մը կրնանք տեղադրել մեր ձեռքի հեռախօսներով՝ ուր որ ալ գտնուինք: 17 տարի առաջ social media-ն (ընկերային ցանցեր) գոյութիւն չունէր։ Այսօր՝ լրատուութիւնը առաւելաբար կը կատարուի ընկերային ցանցերու միջոցով, որոնք լուրն ու տեղեկութիւնը վայրկենական արագութեամբ կը փոխանցեն։

Տասնըեօթ տարի առաջ թերթը գլխաւոր լրատուամիջոցն էր գաղութին եւ 28-32 էջերը բաւարար էին իրազեկելու համայնքին, սփիւռքի եւ հայրենիքի լուրերուն մասին։ Յետագային տպագիր բաժինին կողքին աւելցուցինք մեր կայքէջն ու Դիմատետրի (Facebook) էջը, որոնք այսօր լայն հասանելիութիւն ունին։ Այսուհանդերձ, անհրաժեշտ է նոր շունչով եւ աւիւնով  շարունակել այս գործը․ այստեղ անհրաժեշտ է նաեւ ներգրաւել նոր սերունդը։

Այս նպատակով է, որ թերթի խմբագրութեան հրաւիրուած է գաղութիս տաղանդաւոր եւ փորձառու երիտասարդ Ռուբէն Ճանպազեանը, որ իր լրագրական փորձառութեամբ պիտի թարմացնէ «Թորոնթոհայ»-ի տեսքն ու բովանդակութիւնը։

Սիրելի ընթերցող,

Այս տողերը իմ վերջիններն են թերթին էջերուն մէջ իբրեւ հիմնադիր խմբագիր։

«Թորոնթոհայ»-ի հիմնադրութենէն ի վեր ջանացինք մեր նուիրեալ աշխատակազմով անկարելին կարելի դարձնել։ Տարբեր միջոցներով եւ յարատեւ աշխատանքով յաջողեցանք ըլլալ մնայուն ներկայութիւն գաղութի կեանքէն ներս, ինչ որ ալ էին օրուան կամ ամսուան պայմանները։ Ինչպէս կ՛ըսեն՝ ձմրան բուքին, կամ ամրան շոգին ջանացինք ըլլալ պարտաճանաչ եւ հանդէս գալ ամէն ամիս՝ անդադար (ի բաց առեալ համաճարակի երկու տարիները, երբ թերթը հրատարակուեցաւ ընդհատումներով)։ Եթէ թերացանք, ապա՝ ակամայ եւ ոչ՝ դիտաւորեալ։

Ինծի համար առանձնաշնորհում էր այս աշխոյժ գաղութին ամբողջ 17 տարիներ ծառայելու առիթը: Շնորհիւ ձեր քաջալերանքին եւ աշխատանքը գնահատելու հակումին՝ «Թորոնթոհայ»-ը կը մնայ իմ ասպարէզային կեանքի ամենագեղեցիկ էջերէն մէկը։

Խորին շնորհակալութիւն բոլոր այն ընթերցողներուն, որոնք ամէն ամիս սպասեցին թերթը իրենց ձեռքին մէջ ունենալու պահուն, զայն ընթերցելու եւ ուրիշին ալ փոխանցելու: Ատիկա գերագոյն վարձատրութիւնն է մեր աշխատանքին։

Եւ այսօր, երբ ազգն ու հայրենիքը կը դիմակայեն կատաղի ուժեր եւ օրհասական պահեր, եկէք մնանք միակամ եւ՝ մնայուն հաղորդակցութեան եւ երկխօսութեան մէջ, ինչպէս ձգտեցանք թերթը դարձնել միասնականութեան նման հարթակ մը այս փոքր գաղութին մէջ:

Շնորհակալութիւն եւ ցտեսութիւն:

Կարին Սաղտըճեան-Տէր Յակոբեան
«Թորոնթոհայ»-ի հիմնադիր խմբագիր


Read Karin’s letter in English here.