Ժամանակն է միանալ մեզի կտակուած ազգային իտէալներուն շուրջ


Տարօն Սրկ. Հալլաճեան

Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, երբ համացանց գոյութիւն չունէր, ամբողջ աշխարհը գիտէր, թէ ինչ ոճիրներ կը կատարուէին հայ ժողովուրդին դէմ: Անշուշտ, որ աշխարհը հիմա ալ գիտէ ու դարձեալ ոչինչ կ՚ընէ. հնչած դատապարտող արտայայտութիւնները` «երկուստեք» խաղաղութեան ողորմելի կոչերուն յանկերգը ըլլալ կը շարունակեն։ 

Մենք, մեր նախնիներուն արիութիւնը օրինակ առնելով, կրկնակի ջերմեռանդութեամբ պէտք է լծուինք հայապահպանման եւ հայակերտման վեհ գործին։ Չմոռնանք, որ տուինք Շուշին, տուինք Արցախի հանքերը, տուինք գետնառումբերուն քարտէզները, տուինք Բերձորը, տուինք Աղաւնոն… տուի՛նք ու տուի՛նք: Տակաւին աւելի՞ն պիտի տանք։ Դժբախտաբար, հաւաքական մէկ ժողովուրդ, մէկ ուժ ու մէկ բռունցք ըլլալու փոխարէն, խոր թմբիրի պարագային մէջ ենք եւ ուշքի չենք եկած։

Մենք, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սերունդը օրինակ վերցնելով, պանծալի նոր գլուխ մը պէտք է աւելցնենք մեր ազգային պատմութեան գիրքին մէջ։ Հպարտութիւն ներշնչող գլուխ մը, որ ոյժ պիտի պարգեւէ Թորգոմեան ցեղին գալիք նուիրեալներուն։ Եկէ՛ք բանանք մեր պատմութեան գիրքի փառահեղ էջերը, յատկապէս Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Յիշատակարանը» ու տեսնենք, թէ ինչպիսի դժնդակ պայմաններէ անցած էր եւ ինչպիսի նուիրեալներու շնորհիւ մոխիրներէն ծնունդ առած էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Պոսթոնի «Հայրենիք»-ի շէնքի մուտքին առ այսօր գրուած Չարենցի` «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է» տողը հարկ է միշտ յիշել. ու արդեօք մոռցա՞ծ ենք մեր տանջեալ հայրապետ` Խրիմեան Հայրիկի անկրկնելի «Թուղթէ շերեփ» քարոզը: Մեր մտքերուն ու սրտերուն մէջ պէտք է պահենք նախահայրերուն ապրած կեանքին արդիւնքով արտաբերած հայկական ժողովրդական առածը, որ կ’ըսէ. «Հայ ապրիլը պայքար է, իսկ հայ մեռնիլը՝ յաղթանակ»։ Չմոռնանք նաեւ, որ մենք մեր դիմաց ծառացած աւելի մեծ մարտահրաւէրները տարած ու անոնցմէ յաղթական դուրս ելած ազգ եղած ենք։

Այսօր, աշխարհի մեծագոյն հարթակներէն մեր պարանոցի յանձնումի խօսքերով հանդէս գալու եւ ստորադասուելու ժամանակը չէ, այլ միաձայն` «Ո՛չ. ո’չ զիջումներուն, ո՛չ հայրենի հողին յանձման եւ ո՛չ հայուն արժանապատուութիւնը ստորադասող որեւէ արարքի կամ գաղափարի» գոչելու։

Բ. Տիմոթէոսի նամակին Բ. գլխուն մէջ Պօղոս Առաքեալը կը գրէ.- «Հաւատարիմ է բանս. զի եթէ ընդ նմա մեռաք, ընդ նմին եւ կեցցուք: Եթէ համբերեմք, ընդ նմին եւ թագաւորեսցուք. եւ եթէ ուրանամք, եւ նա ուրանայ զմեզ» («Այս խօսքը հաւատարիմ է. վասն զի եթէ անոր հետ մեռանք, անոր հետ պիտի ապրինք ալ. Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ. եթէ զինք ուրանանք, ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ»):

Այս Աստուածաշնչական համարը սոսկ մխիթարական ազդեցութիւն մը տալու միտումով չեմ յիշեր, այլ ընթերցողին յիշեցնելու համար, թէ միանալով ու մեզի կտակուած ազգային իտէալներուն, հաւատալիքներուն  եւ աւանդութիւններուն շուրջ է, որ պիտի կարենանք յաղթել այս անողորմ թշնամիին եւ կերտել մեր լուսաշող եւ լուսաճաճանչ ապագան: Այս է մեր անպարտելիութեան, անբեկանելիութեան եւ Աստուածային նախախնամութեան անժխտելի իրականութեան կտակը: