Երա՞զ, վնաս չունի. Տիրուկին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Մայիսէն ի վեր Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին իրականացնելիք «Տոհմիկ օր»-ուան պատրաստութիւններուն յատկացուցած ենք մեր օրերուն երեկոյեան ժամերը։ «Տոհմիկ»-ով կ’արթննանք ու «Տոհմիկ»-ով կը քնանանք։ Կազմուած յանձնախումբերու անդամներուն միակ նպատակն է բացարձակ յաջողութեամբ իրականացնել Նոյեմբերի վերջաւորութեան, երկու օրուան տեւողութեամբ ընթանալիք ձեռնարկը։

Իմ պարագաս քիչ մը կը տարբերի յանձնախումբի միւս անդամներէն, որովհետեւ գիրքի յանձնախումբին մէջ ըլլալով գրելիք ու համադրելիք շատ նիւթեր ունիմ. իսկ ամուսինս «Կիլիկիա» նուագախումբի անդամներէն մէկն է եւ երգուելիք երգերուն երաժշտութեան մշակումը կատարողը: Ուստի մենք` տէր եւ տիկին, «Տոհմիկ»-ի պատրաստութիւններով տարուած, մեր ազատ ու ոչ ազատ ժամերը յատկացուցած ենք տոհմը փրկելու աշխատանքներուն։ 

Երաժշտական փորձերը մեր տան մէջ կ’իրականանան, հայկական երգերու մեղեդիները հոգիս կը շոյեն ու ես այդ հոգեպարար մթնոլորտին մէջ գրելիքներս կը փորձեմ ամբողջացնել։ Մերթ ընդ մերթ երգերուն բառերը կը մտաբերեմ ու ցած ձայնով կ’երգեմ նստած տեղէս. երբեմն այդ երգին հետ արթնցած յուշ մը կը գծուի աչքիս առաջ ու կը յուզէ զիս, երբեմն ալ ճոխ երգ մը լսելով, ոգեւորուած, համակարգիչս մէկ կողմ կը դնեմ, ներս կ’երթամ ու երգերուն բառերը արտասանելով «կը խանգարեմ» երաժիշտներուն նուագակցութիւնը։ 

Սուրիոյ հայ համայնքին նուիրուած այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ուան մէջ մեր ձեռքով-ոտքով մխրճուած ըլլալը, կարծեմ, Թորոնթոյի հայ գաղութին կարեւոր մէկ մասնիկը ըլլալնիս կը փաստէ արդէն։ 

Երեքուկէս տարի առաջ հասանք Գանատա ու 2019-ին, ամուսինս` Յովիկը, նորակազմ «Կիլիկիա» նուագախումբին հետ նուագեց Պարսկաստանի հայ գաղութին նուիրուած «Տոհմիկ օր»-ուայ ձեռնարկին։ Տուն վերադարձին, հիացմունքով խօսեցաւ անոր բացառիկ ըլլալուն ու սրահին զարդարանքին շքեղութեան մասին. եւ երբ եկեղեցւոյ հսկայ պատկերի եռաչափ պաստառին նկարները ցոյց տուաւ ինծի՝ զարմանքս չկրցայ զսպել ու հոն ներկայ չգտնուելուս համար ափսոսացի: Բայց ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ գիտնայի այդ երեկոյին աննախադէպ ճոխութեամբ նշուելուն մասին։ Հետեւաբար, որոշեցի յաջորդ տարուան կայանալիք «Տոհմիկ օր»-ուան  անպայման ներկայ գտնուիլ։ Այսպիսի առիթ կը փախցուի՞. անշուշտ, ո’չ։ 

Օրերը թաւալեցան ու 2020-ին, Քորոնայի համաճարակին պատճառով, չեղեալ նկատուեցան ձեռնարկները։ Անհամբեր սպասեցի յաջորդ տարուան կայանալիք ձեռնարկին, ու 2021-ին, տէր եւ տիկին միասին գացինք՝ Սուրբ երկրի եւ Յորդանանի հայ գաղութին նուիրուած «Տոհմիկ օր»-ուան կախարդանքը ըմբոշխնելու։ Այդ օրուան բացառիկ եւ իւրաքանչիւր մանրամասնութեամբ սերտուած ձեռնարկին մասին գրեցի «Թորոնթոհայ»-ի էջերուն մէջ. առաւել եւս տեսերիզ մը պատրաստեցի, ուր կ’արտացոլար հրաշալի երեկոյին իւրաքանչիւր տարրը։ 

Կը կարծէի, թէ մէկ տարի անցնելէն ետք, դարձեալ պիտի վայելէի՝ համը բերանս մնացած այդ երեկոյին ճոխութիւնը, բայց այս անգամ մէկ տարին չբոլորած, ձեռքով-ոտքով մխրճուեցայ Սուրիոյ հայ համայնքին նուիրուած այս տարուան ձեռնարկը պատրաստելու «տաժանակիր» աշխատանքին մէջ, որպէսզի ո՛չ միայն ներկայ գտնուելով հիանայի, այլ` ամիսներու աշխատանքի արդիւնքին քաղցրահամ պտուղներով հոգեկան լիասնունդ կենսանիւթերով լիանայի։ 

Այո’, աշխատանքին տարողութիւնը մեծ է, սակայն յանձնախումբերու անդամներուն, ատենապետին, փոխ-ատենապետին եւ մանաւանդ «Տոհմիկ օր»-ուան յաջողութիւնը  ապահովելու ծանր բեռը ուսերուն վրայ վերցնող ընկերուհի Հուրի Նաճարեանին միակամ զոհողութիւններուն արդիւնքով հիւսուած յաջողութեան դափնին պիտի զարդարէ բոլորիս գլուխները ու «Տոհմիկ օր»-ուան գիրքը պիտի ըլլայ այդ  պսակին լուսաւոր նարօտը։ 

Սուրիոյ հայ համայնքի հազարաւոր ներկայացուցիչները այսօր գանատահայ դարձած, իրենց ժառանգած պապենական բարքերը, սովորութիւնները, նիստուկացն ու կենցաղային դրուածքի հիմնակէտերը՝ երբեմն նոյնութեամբ, երբեմն ալ քիչ մը փոխելով կը փորձեն տեղադրել իրենց հեւ ի հեւ ընթացող կեանքի խճանկարին մէջ։ 

Ապացոյ՞ց…

Անցեալները բարեկամի մը տունը գացի ու զարմացայ, երբ տան մուտքին գրուած տեսայ ամուսնոյն անունն ու մականունը։ Ներս մտայ ու՝ «Հալէպի սովորութեան պէս անուն մականուն դրած էք դրան վրայ։ Ի՜նչ լաւ ըրած էք. բայց զանգակ մըն ալ եթէ դրած ըլլայիք, ինքզինքս Հալէպի մէջ պիտի զգայի», ըսի զոյգին ու խնդացինք բոլորս։ Վերադարձիս, վերելակին մէջ հանդիպեցայ ճերմակ լաչակը (եազման) գլխուն փաթթած ծերուկ մամիկի մը, որ մեծ մայրս յիշեցուց ինծի (մեծ մայրս ալ Չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը, լոգանքէն ետք, ճերմակ եազմանը գլխուն` իմ ու եղբօրս ետեւէն վազելով, կը փորձէր հատ մըն ալ մեր գլխուն կապել)։ Մամիկին ձեռքին ճերմակ բուրդի կծիկը ու երկու ճաղերէն կախուած հիւսուած բրդեայ կտորը աչքիս զարկաւ, ուստի՝ «Հայ ե՞ս,  մայրի՛կ», հարցուցի։

—Այո՛, աղջիկս, հայ եմ՝ Հալէպէն: Դո՞ւն, – պատասխանեց ան։

—Ես ալ Հալէպէն եմ…։ Ի՞նչ կը հիւսես, մայրի՛կ,- հարցուցի

—Թոռնիկս պեպեք պիտի ունենայ, անոր համար ժաքեթ կը հիւսեմ, որ չպաղի,-եղաւ պատասխանը։

—Ձեռքերդ դալար մնան, մայրի՛կ,-  ըսի, ու  մտքովս ճամբորդեցի դէպի անցեալ, հոն ուր ես ու սերնդակիցներս մեծցանք մեր մեծմայրերուն, մայրերուն եւ ինչո՞ւ չէ հարազատներուն հիւսած այն հագուստներով, որոնց գործուած իւրաքանչիւր կուտին մէջ յորդող սէր,  համբերանք ու գուրգուրանք կար։

Բծախնդիր հալէպահայ տանտիկինները Գանատայի շուկաներուն մէջ ծախուած որթատունկի տերեւին հաստ, կարծր եւ մեծ ըլլալը պատճառաբանելով, քաղաքին պարտէզներուն մէջ կը թափառին ու խաղողի տերեւ քաղելով կ’եռացնեն զանոնք եւ սառցարանը կը պահեն, որովհետեւ վարպետութեամբ փաթթուած սարման պատրաստելու համար ընտիր տերեւի պէտք պիտի ունենան. հոգ չէ թէ տերեւները քաղած պահուն անոնք խայթուին մժեղներէն ու երբեմն մինչեւ բժիշկի դուռը հասնին խայթոցին պատճառած անտանելի ցաւերուն եւ ուռեցքին պատճառով: Էականը իւրաքանչիւր սարմային բարակութիւնն ու կակուղ ըլլալն է։ 

Անոնց պատրաստած համեղ ու բազմազան ճաշերուն մասին խօսիլն անգամ աւելորդ է, իսկ հիւրին փորը պայթեցնելու չափ ճաշ հիւրասիրելը եւ ուտել ստիպելը՝ պարտադիր սովորութիւն։ Անոնց տան սառնարանը, սառցարանն ու խոհանոցի պահարանները լի են պաշարներով, իրենց համար կարեւոր չէ շուկային մէջ յորդող ուտեստեղէններու առատութիւնը, այլ՝ անակնկալ հիւր մը ունենալու պարագային երես ճերմկցնելն է էական խնդիրը։ Անոնց տուն մաքրելու «օրէնքներն» անգամ տարբեր են։ Շաբաթ օրերը մեծ մաքրութիւնը կ’ըլլայ, իսկ տարին երկու անգամ տան պատերը կը սրբուին։

Գանատայի մէջ ընդհանրապէս վերացած «հիւրութեան երթալու» գաղափարը վերակենդանացած է սուրիահայերու Գանատա ժամանելով։ Գանատացին, խճողուած առօրեայի եռուզեռին մէջ մոռցած է հիւրութեան երթալը, հիւր ընդունիլը եւ կամ խրախճանելը, սակայն սուրիահայը՝ հակառակ կենցաղային դժուարութիւններուն, հարազատներուն հետ խորովածի սեղանին շուրջ համախմբուիլը պարտադիր կը նկատէ։ Գոհաբանութեան օրը (Thanksgiving Day) կամ Սուրբ Վալենթինը (St. Valentine’s Day) դեռ օտար տօներ են իրեն համար, մինչդեռ՝ Անուանակոչութեան տօնը, Կաղանդը, Սուրբ ծնունդն ու Յարութեան տօնը՝ սրբութիւն։

Հաւատացէք, որ գանատահայերէն շատեր՝ սուրիահայերուն նման անաղարտ պահած են իրենց բնօրրանի բարքերն ու նիստուկացի սովորութիւնները, ահաւասիկ՝ «Տոհմիկ օր»-ուան բարի սովորութիւնը մեզի վկայ։

Չեմ գիտեր, թէ օտար ափերուն մէջ ջերմիկ գիրկի մը կարօտ հայութիւնը տակաւին քանի՞ տարի կրնայ, մասունքի պէս, գուրգուրալով պահպանել իր անշեղ կերպարը, սակայն քա՛ջ գիտեմ, որ մենք` հայերս, ո՛ւր որ ալ երթանք, ի՛նչ որ ալ ընենք՝ կամա-ակամայ պիտի պահպանենք մեր տոհմին բնորոշ եւ իւրայատուկ գիծերը մինչեւ որ օր մը վերադառնանք դէպի մեր ակունքները եւ Նոր տարուան գիշերը՝ Արամ Հայկազին յիշատակած ոսկէ ջուրերով յորդող աղբիւրէն խմենք, լիանանք եւ մեր լուսէ սերունդներով Էրկիրը շէնցնենք ։ 

Երա՞զ, վնաս չունի, թող գիշերները երազենք ու ցերեկները իրագործենք, մինչեւ որ երազը մեկնաբանուի, իրականութիւն դառնայ եւ յաջորդ տարիներու «Տոհմիկ օր»-երը, միասնաբար, Մասիսի լանջին տօնենք։  

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 28-րդ «Տոհմիկ օր»-ը նուիրուած է Սուրիոյ հայ գաղութին (ծանուցումը տրամադրած է ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը)