Արցախն այս շաբաթ


2 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած երթէն պատկեր մը (լուսանկարը` Արցախպրես-ի)

— 2 Սեպտեմբերը Արցախի անկախութեան օրն է։ Հանրապետութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձին առիթով Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ Զինուորական պանթէոն այցելած են նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, 2-րդ նախագահ Բակօ Սահակեան։ Պաշտօնական արարողութեան կը մասնակցէին Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան, Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարներ, հիւրեր Հայաստանէն: Անոնք ծաղկեպսակներ ու ծաղիկներ դրած են Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն:

Դիրքապահ զինծառայողներուն տօնը շնորհաւորելու նպատակով բարձրաստիճան զինուորականներէ եւ պետական պաշտօնեաներէ կազմուած խումբեր այցելած են նաեւ շփման գիծ:

Նոյն օրը տեղի ունեցած է նաեւ բազմահազարանոց երթ եւ հանրահաւաք։

Բազմաթիւ արցախցիներ Ստեփանակերտի Ազատութեան հրապարակէն երթով ուղղուած են դէպի Վերածնունդի հրապարակ, ուր տեղի ունեցած է հանրահաւաք:

Միջոցառումը սկիզբ առած է Արցախի պետական օրհներգով: Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը օրհնութեան աղօթքէն ետք նշած է․ «Անկախութիւնը աստուածային շնորհ է, որ ամենէն առաջնային եւ կենսական պահանջքն է ազգի մը արժանապատիւ եւ ստեղծագործ կեանքով ապրելու համար: Կատարեալ աշխարհի մէջ իրաւունքն է ուժի աղբիւրը, բայց, ցաւօք, անցեալը վաղուց կորսնցուցած է իր կատարելութիւնը եւ այսօր ուժը կը ծնի իրաւունք: Ուստի մենք ստիպուած ենք ուժով պաաշտպանել մեր աստուածատուր իրաւունքներն ու ազատութիւնը»։

Հանրահաւաքի ընթացքին ներկայացուած են նաեւ աշխարհի շարք մը երկիրներու տասնեակ քաղաքական գործիչներու շնորհաւորական ուղերձները Արցախի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին:

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան իր ուղերձին մէջ նշած է, որ Արցախը միշտ կանգուն պիտի ըլլայ ու հայկական` շարունակելով իր ընթացքը անկախութեան ճանապարհով։

«Արցախի ժողովուրդը 31 տարի յետոյ ալ հաստատակամօրէն ու վճռական կը յայտարարէ, որ, ի հեճուկս ժամանակի բոլոր փորձութիւններուն, հաւատարիմ է իր ընդունած որոշումին, հաւատարիմ է իր ընտրած ուղիին, որ անշրջելի է ու անխափան», վերահաստատած է ան:

«Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն է, մեր մեծագոյն յաղթանակներէն եւ աշխարհաքաղաքական յայտերէն մէկը: Այսօր Արցախի պաշտպանութիւնը հայութեան առջեւ ծառացած կարեւորագոյն մարտահրաւէրն է», իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։

— 31 Օգոստոսին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը՝ նախաձեռնութեամբ Եւրոպական խորուհրդի նախագահ Շառլ Միշելի։ Հանդիպումէն ետք Միշել իր տուած ամփոփիչ յայտարարութեան մէջ նշեց, որ ինք շեշտած է Ազրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը եւ խոստացած այդ հարցով շարունակել զբաղիլ: 

Քննարկուած հարցերէն Միշել առանձնացուցած է նաեւ սահմանազատման ու հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ քննարկումներուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացները: Ան խօսած է նաեւ երկու ժողովուրդները պատրաստել երկարաժամկէտ կայուն խաղախութեան, որուն համար կարեւոր է հանրային հաղորդագրութիւնները։

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած քննարկման մասին Փաշինեան 1 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է, որ անիկա հեշտ չէր։

«Քննարկումը ծաւալուն եղած է, քննարկումը հեշտ չէր, բայց Հայաստանի  կառավարութիւնը որդեգրած է խաղաղութեան օրակարգ ու այստեղ ալ մեզի անհրաժեշտ է վճռականութիւն այս օրակարգը կեանքի կոչելու համար», աւելցնելով, որ հանդիպումէն այլ մանրամասնութիւններ չկան յայտնելու:

Հանդիպումի եզրակացութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ Արցախի կարգավիճակին, կամ արցախահայութեան իրաւունքներուն մասին որեւէ խօսք չկայ։

 — 29 Օգոստոսին Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ 30 Օգոստոսին, ժամը 20:00-էն սկսեալ Հայաստանի հետ կապը պիտի սկսի իրականացուիլ նոր ճանապարհով` Բերդաձորի ենթաշրջանի Հին Շէն-Մեծ Շէն գիւղերու տարածքով:

30 Օգոստոսն Արցախի տարածքային կառավարման նախարարի մամլոյ խօսնակ Վիկտորիա Պետրոսեան տեղեկացուց, որ «Արցախը Հայաստանին կապող նոր երթուղիի ժամանակաւոր 4,7 քմ․ հատուածը ամբողջութեամբ կուպրապատուած է: Անիկա պիտի գործէ նոյն տրամաբանութեամբ, ինչ որ Ստեփանակերտ-Գորիս-Բերձոր ճանապարհը: Նոր երթուղին արդէն կը գործէ, մինչեւ Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքի հիմնական ճանապարհահատուածի կառուցման աւարտը: Ներկայիս ռուս խաղաղապահները տեղակայուած են այնտեղ ու կը վերահսկեն զայն»։

Ստեփանակերտ-Գորիս այլընտրանքային նոր ճանապարհը, որ կը շրջանցէ Բերձորը

— 4 Սեպտեմբերին Ասկերանի Շոշի գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խաչի օծման արարողութիւն։

Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի օրհնութեամբ եւ ձեռամբ իրականացուեցաւ խաչի օծման արարողակարգը։ Ներկայ էին հոգեւորականներ եւ Շոշի եւ մօտակայ գիւղերու հաւատացեալներ։

Եկեղեցւոյ հովանաւորն է յայտնի զինուորական Կարէն Ջալաւեան, ով նոյնպէս ներկայ էր արարողութեան:

Շոշի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ խաչի օրհնութիւնը՝ ձեռամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի (լուսանկարը՝ Արցախպրես-ի)

— Ստեփանակերտի «Աշոտ Ղուլեան»ի անուան դպրոցի բակին մէջ պիտի զետեղուի Արցախի հերոսին կիսանդրին, յայտնած է դպրոցի տնօրէն Լաուրա Մարտիրոսեանը:

 «Կրթօջախը ունի 1100 աշակերտ, 120 նախադպրոցական եւ տեղահանուած աւելի քան 150 աշակերտ», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ դպրոցը համալրուած է իրենց գործին գիտակ մասնագէտ ուսուցիչներով: Նոր տարեշրջանին ընդառաջ ուսուցչական կազմը տարած է նախապատրաստական աշխատանքներ, որպէսզի դասերը ըստ նախատեսուածի ճիշդ ընթանան։

— Հայ կրթական հիմնարկութեան միջոցներով վերանորոգուած է Մարտունիի Կաղարծի գիւղի միջնակարգ դպրոցը, որ մեծապէս վնասուած էր 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ:

Դպրոցի տնօրէն Լիւդմիլա Հայրապետեան նշած է․ «Պատերազմի ընթացքին դպրոցի մէկ մասը վնասուած էր:Աւերուած էր մէկ դասասենեակ, որ վերանորոգուած է եւ այսուհետեւ պիտի օգտագործուի որպէս «Ռազմագիտութիւն» նիւթի դասասենեակ: Փոխուած են պատուհանները, վերանորոգուած՝ դասարաները»։

Ան տեղեկացուցած է, որ դպրոցը չունի քիմիագիտութեան ուսուցիչ։

— Ասկերանի շարք մը գիւղերու դպրոցներ համալրուած են համակարգչային սարքերով։ Ուսումական նոր տարեշրջանին ընդառաջ շրջանի 10 դպրոցներ համալրուած են համակարգչային սարքերով` Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի աջակցութեամբ:

Մասնաւորապէս` Ասկերան քաղաքի Էդմոն Բարսեղեանի անուան միջնակարգ դպրոցը, Լուսաձոր, Խանցք, Խնձրիստան, Խնածախ, Դաշուշէն, Բերքաձոր, Դահրաւ եւ Յովսէփաւան գիւղերու դպրոցները ստացած են մէկական notebook, projector-ի պաստառ, շարժական համացանցի սարքաւորում, տեսախցիկ, projector -Epson, բարձրախօս` խորհրդաժողովներ վարելու համար եւ այլն:

Կարմիչ խաչի Արցախի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախաձեռնութիւնը «Կրթութեան հասանելիութիւն» ծրագրի ծիրէն ներս է։ Նպատակն է աջակցիլ դպրոցներուն, զանոնք տեղեկատուական արհեստագիտութիւններով համալրելով, որպէսզի աշակերտները հնարաւորութիւն ունենան օգտուիլ ժամանակակից կրթութեան միջոցներէն, ինչպէս նաեւ` հեռավար կրթութեան հնարաւորութենէն:

—1 Սեպտեմբերին Շուշիի Դանիէլ Ղազարեանի անուան երաժշտական դպրոցը Ստեփանակերտի մէջ երկրորդ տարին ըլլալով վերաբացաւ իր դռները: Անցեալ տարի դպրոց կը յաճախէր 80 աշակերտ, իսկ այս տարի` 170:

Ասիկա Ստեփանակերտի միակ դպրոցն է, ուր աշակերտները օրը կը սկսին նախաճաշով: Առաւօտեան անոնք կը ստանան դպրոցական գիտելիքներ, իսկ կէսօրուան ճաշէն ետք կը ստանան երաժշտական կրթութիւն, գործիքներ նուագել կամ վոկալի դասեր ստանալ:

Նշենք, որ Շուշիի մէջ գործած երաժշտական դպրոցը, որ նախքան 44-օրեայ պատերազմը ունէր աւելի քան 200 աշակերտ, հիմադրուած է 1997-ին ամերիկահայ երգիչ և գեղանկարիչ Կարէն Ղարիբեանի եւ իրեն համախոհ մօտ 15 բարերարներու շնորհիւ։

Շուշիի Դանիէլ Ղազարեանի անուան երաժշտական դպրոցի վերամուտը Ստեփանակերտի մէջ (լուսանկարը` Մկրտիչ Մկրտիչեանի)

— 2 Սեպտեմբերին, Ասկերանի Սղնախ, Մոշխմհատ, Մադաթաշէն եւ Ջրաղացներ գիւղերէն տեղահանուած ընտանիքները Աստղաշէն գիւղի տարածքին մէջ կառուցուած տուներ ստացած են վիճակահանութեամբ: Առանձնատուներու վիճակահանութեան մասնակցած են տեղահանուած 95 ընտանիքներ:

Միջոցառման սկիզբը ներկաները խնկարկած են Արցախեան պատերազմներու նահատակներուն յիշատակը: Օրհնութեան խօսք յղած է Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան:

«Այս միջոցառումը ցոյց կու տայ, որ Արցախը կ’ապրի, պիտի հզօրանայ Աստուծմով` հակառակ մեր բոլոր տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներուն: Արցախը հզօրացնելու համար նախ եւ առաջ պէտք է բազմանալ: Այսօր պետութեան կողմէ հնարաւորութիւն տրուած է աճելու, բազմանալու եւ Արցախը շէնցնելու, որովհետեւ միայն հզօր Արցախը կրնայ դիմակայել թշնամիին», ըսած է սրբազանը:

Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան յայտնած է, որ «պետական միջոցներով նոր բնակավայրին մէջ մօտ 136 տուն կը կառուցուի: Յառաջիկային քանի մը տասնեակ ընտանիքներ եւս այստեղ տուն պիտի ստանան: Մենք կորսնցուցածին դիմաց բազմապատիկ անգամ կը կառուցենք, որպէսզի մեր կեցութեամբ, գոյութեամբ ու արարումով կարենանք Արցախը հայկական պահել»։

— Ռուսահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան հրաժարած է Ռուսիոյ քաղաքացիութենէն եւ տեղափոխուած Արցախ։ Ան յայտարարած է Արցախ տեղափոխուելու եւ Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ ստեղծելու որոշումին մասին: Վարդանեան ամբողջ աշխարհի հայութեան` յանուն Արցախի պայքարին միանալու կոչ ըրած է:

«Մեզի` հայերուս համար հասած է գոյաբանական Սարդարապատի պահը: Այն չենք զգար, ինչպէս չենք զգար ճառագայթումը: Բայց եթէ բոլորս միասին ուս-ուսի չտանք, պիտի կորսնցնենք զայն, որ մեր յենարանն է», ըսած է գործարարը:

Ան յայտնած է, որ հրաժարած է Ռուսական քաղաքացիութենէն` որպէս Հայաստանի քաղաքացի Արցախ գալու համար, «որովհետեւ այդպէս ճիշտ է»: Վարդանեան դիմած է Ազրպէյճանին` կոչ ընելով դադրեցնելու զսպանակը սեղմել: