Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ ի նպաստ Արցախի անկախութեան պաշտպանութեան


Հրակ Տէտէեան

Նոր թափ առած դիմադրութեան շարժումի ծիրէն ներս, Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2022-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային զօրակցական հաւաք՝ ի նպաստ Արցախի անկախութեան պաշտպանութեան ու արցախահայութեան, եւ ընդդէմ` Արցախի հայաթափումի սպառնալիքին։

Ընկեր Գրիգոր Պէպէճեան, արտասանելով հաւաքին բացման խօսքը, անդրադարձաւ պահի լրջութեան, լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի ու Արցախի ճգնաժամային իրավիճակը եւ շեշտելով Թորոնթոյի հայութեան անվերապահ աջակցութիւնը դիմադրութեան շարժումի գաղափարներուն, տեսլականին, քաղաքական ուղղուածութեան եւ պահանջներուն: Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «Դիմադրութեան» շարժումի հաւաքէն մասեր, ուր շեշտադրուած էր շարժումի գաղափարախօսութիւնն ու նպատակները: Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ, ընկեր Արմէն Արթին ասմունքեց Րաֆֆի Սարգիսեանի «Հայրենիք Աղաւնոյ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ազգային երգերով փակուեցաւ յայտագիրը:

Արմէն Արթին կ’ասմունքէ Րաֆֆի Սարգիսեանի «Հայրենիք Աղաւնոյ» բանաստեղծութիւնը (լուսանկար՝ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի)

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի  նպատակներուն հասնելու հիմնական միջոց կը հանդիսանայ հեռացումը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, որոնք փաստացի կերպով, խաղաղութեան կեղծ օրակարգի լոզունգներով, մաս առ մաս մեր հայրենիքը կը յանձնեն թշնամիին: Այս հաւաքը, որ միայն սկիզբն է գալիք շաբաթներուն եւ ամիսներուն կայանալիք լսարաններու եւ միջոցառումներու, կը միտի ցոյց տալ Արցախահայութեան, որ աշխարհասփիւռ հայ գաղութները պիտի թիկունք կանգնին իրենց հայրենակիցներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, եւ այդ արդար դատը պիտի բարձրաձայնեն աշխարհաքաղաքականութեան ամենայ բարձր ատեաններուն վրայ:

Ժամանակն է զանգուածային պոռթկումի՝ փրկելու համար հայրենիքը չգոյութեան անդունդէն: Իբր ազգ, մենք իրաւունք չունինք լուռ ականատես ըլլալու մեր հայրենիքի կործանման գործնթացին եւ սփիւռքի պառակտման լայնածաւալ փորձերուն: Մեր անտարբերութիւնն ու յուսալքութիւնը պատճառ կ’ըլլայ մեր թշնամիին գոռոզութեան ու ամբարտաւանութեան: Հողին կանչին ականջալուր պարտինք կառչիլ մեր յարատեւ պայքարին: