Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին՝ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ


Խմբագիր եւ հասարակական-քաղաքական գործիչ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին իր արժանի եւ մնայուն տեղը պիտի գտնէ Պէյրութի «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ։

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը կը յայտնէ, որ թորոնթոհայ քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեանի հեղինակած կիսանդրին այսօր յանձնուեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան՝ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ժիւլիէթ Ճանպազեաններու կողմէ:

«Ճանպազեան քանդակագործութեան մարզին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Արամ Մանուկեանի, Լեւոն Շանթի, Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ հայկական խաչքարերու ստեղագործութիւններով, որոնք թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ Գանատայի մէջ տեղադրուած են պետական ու հասարակական կեդրոններու մէջ», թղթակցութիւնը կը յայտնէ:

Սարգիս Զէյթլեան ծնած է է 1930-ին, Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը։ Մուսա լեռցիներու Լիբանան վերաբնակեցումէն եւ Այնճարի հիւղաւանը կերտելէն ետք, յաճախած է ազգային «Յառաջ» նախակրթարանը, այնուհետեւ Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայագիտական բաժինը՝ Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեան օրերուն։

«Ազդակ»-ի խմբագիր Շահան Գանտահարեան (ձախ) եւ Յակոբ Ճանպազեան (աջ) (լուսանկար՝ «Ազդակ»-ի)

1954-ին ան կը հրաւիրուի Գահիրէ, իբրեւ օգնական խմբագիր Ընկ. Վահան Նաւասարդեանի խմբագրած «Յուսաբեր» օրաթերթին։ Ան կը պաշտօնավարէ նաեւ Ազգ. «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, դասաւանդելով հայագիտական նիւթեր։

1958-ին կը նշանակուի «Յուսաբեր»-ի խմբագիր մինչեւ 1962 թուականը, երբ իր ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը նշանակուի «Ազդակ»-ի խմբագիր եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1968 թուականը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի հիմնադրութենէն ետք, շրջան մը իբրեւ օգնական խմբագիր պաշտօնավարելէ ետք, 1978-էն սկսեալ կը գործէ խմբագրապետի հանգամանքով, մինչեւ իր առեւանգումը՝ 28 Մարտ 1985 :

28 Մարտ 1985-ի առաւօտուն՝ Զոքաք-Պլաթի շրջանին մէջ, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի ճամբուն վրայ կ’առեւանգուի եւ աւելի ուշ անծանօթ պայմաններու մէջ տմարդի կերպով կը սպաննուի Սարգիս Զէյթլեանը: