«Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը քննարկման ենթակայ չէ». Արայիկ Յարութիւնեան


Ծանօթացէ՛ք այս շաբաթ Արցախի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւններուն

Քաղաքական իրադարձութիւններ

— 21 Հոկտեմբերին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ժամանակ յայտարարեց, որ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը քննարկման ենթակայ չէ։ «Որեւէ շփման ու հանդիպման ընթացքին մենք ատիկա կը շեշտենք։ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլլալու մասին չենք ալ մտածեր, Արցախը դէ ֆակտօ կայ, կը ղեկավարուի Սահմանադրութեամբ։ Այլ կարգավիճակի մէջ Արցախը պատկերացնել անհնարին է», շեշտեց ան։ 

Նախագահը նկատել տուաւ, որ Արցախը անկախացած է Խորհրդային Միութեան Սահմանադրութեան, օրէնքներուն, միջազգային իրաւունքին համապատասխան, եւ մենք ատիկա զիջելու որեւէ ցանկութիւն չունինք, աւելցնելով՝ «Մենք պիտի պայքարինք ինքնորոշման իրաւունքը իրականացնելու համար, եւ պիտի նշեմ, որ անիկա, ըստ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, չի ստորադասուիր տարածքային ամբողջականութեանը»:

Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած շփումներուն անդրադառնալով՝ նախագահը ըսաւ, որ այդ շփումները սկսած են 9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք, եւ այդ ծանր օրերուն լուծուած են անյայտ կորսուածներու, ապա ենթակառուցուածքներու հետ կապ ունեցող հարցերը:

Ըստ անոր՝ իրենք պատրաստ են եւ պարտաւոր են շարունակելու շփումները, եթէ ատով կարենան շարունակել պահպանել դէ ֆակտօ անկախութիւնը, խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի համար կենսական նշանակութեան հարցեր քննարկել եւ լուծել` չզիջելով ինքնորոշման իրաւունքն ու կասկածի տակ չդնելով անկախութեան ճանապարհը։

Նկատի ունենալով Ռուսիոյ ներդրումը պատերազմը կագնեցնելու եւ յետ-պատերազմեան երկու տարիներուն խաղաղապահ առաքելութեանը՝ Յարութիւնեան նշեց, որ ինք Արցախի ապագան` առանց Ռուսիոյ երաշխաւորութեան, կասկածի տակ կը տեսնէ։

— Գործարար Ռուբէն Վարդանեան Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Նոյեմբերի սկիզբը Եւ պիտի ներկայացնէ ռազմավարական նպատակները, լուծման ենթակայ առաջնահերթ հարցերը, ինչպէս նաեւ պիտի տեղեկացնէ ձեռնարկուելիք առաջին քայլերուն մասին:

Վարդանեան իր այս որոշումին մասին գրեց «Ֆէյսպուք»-ի էջին վրայ։  «Ես կը գիտակցիմ, որ այլեւս երկար մտածելու ժամանակ չկայ, եւ այս իրավիճակին մէջ այլ ճանապարհ չունիմ, քան արցախցիներու կողքին գտնուիլն ու Արցախի ապագայի նկատմամբ իմ բաժին պատասխանատուութիւնն ստանձնելը», նշեց ան:

Ժնեւի Նահանգային խորհուրդի նիստ (լուսանկարը՝ «Արմենպրես»-ի)

— Զուիցերիոյ Ժընեւի նահանգային մեծ խորհուրդը 14 Հոկտեմբերին քննարկեց եւ որդեգրեց «Հայաստանի գոյատեւման համար» Զուիցերիական ընկերվարական կուսակցութեան եւ Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան շարք մը անդամներու կողմէ միասնաբար նախաձեռնած բանաձեւը:

«Արմենպրես»-ը կը հաղորդէ, որ բանաձեւով Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհրդարանին կոչ կ’ուղղուի` դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ գործուած յարձակումը, ձեռնարկելու քայլեր, որպէսզի Ազրպէյճանի գործողութիւնները չֆինանսաւորուին Զուիցերիոյ մէջ ազրպէյճանական ուժանիւթի վաճառքէն ստացուող եկամուտներէն:

Բացի ատկէ, կոչ կ’ուղղուի ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ կարելին ընելու հայ պատերազմական գերիներու հայրենադարձման համար:

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— Մարտակերտի շրջանի Հաթերք գիւղի Բարմեն Գրիգորեանի անուան միջնակարգ դպրոցը եւ Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճը այսուհետեւ քոյր դպրոցներ են: Հաթերքի դպրոցի տնօրէն Նարինէ Միրզոյեան նշեց, որ համապատասխան յուշագիրը արդէն երկուստեք ստորագրուած է: Երկու դպրոցներուն միջեւ համագործակցութիւնը սկսած է անցեալ տարուան Ապրիլին: Տեղի ունեցած է առցանց ծանօթացում քոլեճի իրենց գործընկերներուն հետ:

Այս համագործակցութեան շնորհիւ Հաթերքի աշակերտները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու քոլեճի աշակերտներուն հետ, անոնց առօրեային, ուսումնական առանձնայատկութիւններուն, դասերու թեմաներուն: Հաթերքցիները իրենց դպրոցին եւ գիւղին մասին տեսանիւթ պատրաստած եւ ուղարկած են, այժմ կը սպասեն քոլեճի տեսանիւթերուն:

Տնօրէնուհին համոզուած է, որ այս համագործակցութիւնը երկուստեք արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ աշխարհայեացքի զարգացման ու կրթական յառաջընթացի համար եւ պիտի նպաստէ Հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման:

Ասկերանի Իւանեան գիւղին մէջ կառուցուող տուներու շինարարութիւնը աւարտական փուլի մէջ է։ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կը կառուցէ 20 շէնք` 240 բնակարանով եւ 86 առանձնատուն: Նշենք, որ Հայաստան հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի նուիրատուութեամբ կը կառուցուի 34 առանձնատուն, որոնք պիտի տրամադրուին Ասկերանի Ուղտասար գիւղէն տեղահանուած ընտանիքներուն:

Տուները պիտի յանձնուին տարածքի բարեկարգումէն եւ ենթակառուցուածքները ապահովելէն ետք:

— Մարտակերտի Աղաբեկալանջ գիւղի ճանապարհները կուպրապատուած են, լուծուած է խմելու ջուրի խնդիրը, «Արցախպրես»-ին յատնեց համայնքապետ Յովիկ Սայիեանը:

Գիւղացիք հիմնականօրէն կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ: Գիւղին մէջ աւելի շատ զարգացած է խոզաբուծութիւնը, կան նաեւ խոշոր եղջերաւորներու եւ ոչխարաբուծութեամբ զբաղողներ։  Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ֆինանսական օգնութեամբ գիւղի 19 ընտանիքներու տրամադրուած են անասուններ։

Պատերազմէն ետք գիւղ հաստատուած են 6 տեղահանուած ընտանիք։

Գիւղի խնդիրներուն անդրադառնալով՝ գիւղապետը նշած է, որ համայնքը չուին բուժկէտ, որուն պատճառով հիւանդները պէտք է Մարտակերտ հասնին։ Վերանորոգութեան կարիք ունի նաեւ համայնքապետարանի շէնքը:

— Ուղիղ երկու տարի առաջ, 8 Հոկտեմբեր 2022-ին, ազրպէյճանական զինուած ուժերը միտումնաւոր ռմբակոծեցին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարը:

Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի եւ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հանրային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որ կը կրէ «Շուշիի մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ ոչնչացման ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը» խորագիրը։

«Պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացումը ո՛չ միայն կը հանդիսանայ մշակութային ցեղասպանութիւն, այլ նաեւ` ռազմական յանցագործութիւն։ Այս ամէնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած մշակութային ցեղասպանութեան անպատժելիութեան հետեւանքն է, որ առ այսօր կը շարունակուի», նշեց Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի ղեկավար Յովիկ Աւանեսովը:

Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հանրային խորհուրդի նախագահ Սերգէյ Շահվերդեանը յայտնեց, որ Շուշիի մէջ կորսնցուցած ենք 13 թանգարանային եւ արուեստի գործերու հաւաքածոներ։ «Մեր նպատակն էր վերստեղծել այդ հաւաքածոներուն ցանկերը, որովհետեւ ցուցանմուշներուն հետ միասին բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մնացած են այդ հաւաքածոներուն գրանցամատեանները, փաստաթուղթերը: Պետական խորհուրդը հիմա մեծ դժուարութեամբ, քրտնաջան աշխատանքով կը վերստեղծէ անոնց ցանկերը, որոնք հետագայ պահանջատիրական գործունէութեան հիմք պիտի հանդիսանան», նշեց ան։

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի նախարարի խորհրդական Մելանիա Բալայեան ցաւով արձանագրեց, որ մեր կորուստներուն ահռելի չափը նաեւ մեր սխալներուն պատճառով է, ուստի պէտք է լուրջ, միջազգային չափանիշներու համապատասխան միջոցներ ձեռնարկել մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ պաշտպանութեան առումով: Ան կը յուսայ, որ այդ սխալը կը շտկուի:

— 20 Հոկտեմբերին ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ խմբապետներու սկաւոտական երդման արարողութիւն, կը յայտնէ «Ապարաժ»-ը։

17 խմբապետներ, հանդիսաւորութեամբ երդուելով, խոստացան ծառայել Աստծուն, հայրենիքին եւ ազգին:

Խմբապետներուն հետ հինգ ամիս շարունակ ամենօրեայ աշխատած է ՀՄԸՄ խմբապետուհի Մարօ Քեշիշեանը: Վերջինս իր խօսքին մէջ նշեց, որ ՀՄԸՄ-ը ինքնանպատակ կամ քաղաքական կազմակերպութիւն չէ, ան ազգանուէր կազմակերպութիւն է, որ նպատակ ունի պատրաստել բարոյապէս բարձր արժանիքներով եւ ազգային նկարագրով՝ հայրենիքին ծառայելու պատրաստ քաղաքացիներ։

ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Դաւիթ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր Մարոյին՝ այս ծանր ժամանակշրջանին Արցախի ու արցախցիին կողքին ըլլալու համար: «ՀՄԸՄ-ը միշտ գործած է այնտեղ, ուր պէտք է հայերու համախմբումը, եւ անհրաժեշտ է հայեցի դաստիարակութիւն, ցաւօք սրտի, այսօր Արցախի մէջ սեւ ամպեր կուտակուած են եւ միայն համախմբումով մենք կրնանք հասնիլ յաղթանակի: Այս օրը շատ տպաւորիչ եւ միաժամանակ պարտաւորեցնող է բոլորիս համար, կը ցանկայի, որ այսուհետեւ Արցախի մէջ ըլլայ միայն յաղթական խաղաղութիւն», նշեց ան:

— «20 Հոկտեմբերին «Արցախ ֆոնդ» բարեգործական հիմնադրամի օժանդակութեամբ Մարտունիի Հացի գիւղի 12 բնակիչներու տրամադրուած են 30 մեղուափեթակներ։

«Արցախ ֆոնդ» բարեգործական հիմնադրամը Արցախի մէջ ձեւաւորուած է 2006-ին։ Ան հիմնականօրէն կը զբաղէր վերաբնակեցուած եւ ազատագրուած շրջաններու զարգացման, շինարարական եւ բնակչութեան ընկերային վիճակի բարելաւման ծրագիրներով:

ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնդ»-ի յանձնախումբի անդամ Փոլին Տոսթումեան եւ հիմնադրամի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Տրդատ Մարտիրոսեան 2022-ի Յունիսին այցելած էին Հացի՝ ծանօթնալու գիւղի խնդիրներուն: Գիւղացիներու եւ գիւղապետին առաջարկները նկատի առնելով` որոշուած էր օժանդակել բնակչութեան` մեղուաբուծութեամբ զբաղուելու համար:

Համայնքի ղեկավար եւ գիւղացիք շնորհակալութիւն յայտնած են հիմնադրամին եւ աւելցուցած, որ ցանկալի է շարունակական ըլլան նմանատիպ ծրագիրները ու այցելութիւնները շփման գիծին մօտ գտնուող համայնքներ:

— Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Թրփանճեան գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագրի աջակցութեամբ, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, 15 աշխատանքի (business) գաղափար կեանքի կոչուած է Արցախի մէջ:

Ըստ զարգացման ծրագրի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Լիլիթ Ղազարեանի՝ պատերազմէն առաջ, Արցախի մէջ նշեալ ծրագրի աջակցութեամբ, բացուած եւ կը գործէր 155 աշխատանք, որոցնմէ 50-ը մնաց Ազրպէյճանի կողմէց բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ: Պատերազմէն ետք Արցախի գիւղական բնակավայրերու մէջ աջակցած են տարբեր ծրագիրներու, մասնաւորապէս` տարբեր գիւղերու մէջ բացուած են արագ սնունդի, ինքնաշարժներու լուացման տեղեր, հացի փուռ, հանգիստի գօտի, թռչնաբուծարան, առեւտուրի կեդրոն, ճաշարան, ինքնաշարժներու կտորներու ու եւ լուալու պարագաներու խանութ, մանրածախ առեւտուրի խանութ, լուսանկարչական ծառայութիւններ, ջերմոց, իսկ յառաջիկային նոյնպէս պիտի բացուին բազմաթիւ աշխատանքներ։

Ծրագիրը կ’օգնէ անոնց, որոնք կը դիմեն իրենց եւ կ’անցնին համապատասան մէկամսեայ վերապատրաստման դասընթացք։ Լաւագոյն գնահատականի արժանացած ծրագիրները կ’երաշխաւորուին վարկ վերցնել Թրփանճեան ծրագրի հետ համագործակցող դրամատուներէ 6% տարեկան տոկոսադրոյքով: Բացի այդ, գործ հիմնողները կը դառնան Թրփանճեան ծրագրի գործընկերը եւ գրասենեակի անձնակազմը անհրաժեշտ պարագային կը տրամադրէ աջակցութիւն եւ խորհրդատուութիւն:

— Հադրութցի Վերա Սաֆարեանը երկրորդը հանդիսացած է «Միսիս Եւրոպա 2022» գեղեցկութեան մրցոյթին՝ ներկայացնելով Հայաստանը։ Մրցոյթը տեղի ունեցաւ 11-15 Հոկտեմբերին, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ։
Վերային հայրը զոհուած է Արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ:
Մրցոյթի մասնակցութեան պարտադիր պայմանն այն է, որ մասնակիցները պէտք է ամուսնացած ըլլան եւ երեխաներ ունենան:

Վերան ունի մէկ որդի` Ալեքսանդրը: