Երեսունամեայ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը՝ միշտ հայրենիքին հետ. հարցազրոյց Հուրի Նաճարեանին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի 30-ամեակն է. 1992-ին հիմնուած եւ նոյն տարին Թորոնթոյի մէջ կառոյց հաստատած, աւելի քան 18 հայկական կազմակերպութիւններէ եւ ազգայիններէ կազմուած հիմնադրամը, տարեկան դրութեամբ դրամահաւաքներ կազմակերպելով, օժանդակած է Հայաստանին եւ Արցախին: Թորոնթոյի կառոյցը իրագործած է 146 ծրագիրներ, որոնց 60 առ հարիւրը Արցախի մէջ են։ Մեր ժողովուրդի կեանքին բարելաւման ու բարւոքութեան համար իրագործուած ծրագիրները կը շարունակուին առ այսօր աւելի մեծ թափով. շուտով կը կայանայ հիմնադրամի Թորոնթոյի կառոյցին տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին կը կատարուի մեր հայրենակիցներուն անհրաժեշտ կարիքները ապահովող նուիրահաւաքը։

Այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքին եւ հիմնադրամին առաքելութեան մասին զրուցեցինք ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ, 2006 թուականէն ի վեր հիմնադրամի Թորոնթոյի վարչական կազմի փոխատենապետ, տիկին Հուրի Նաճարեանին հետ:


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Ինչպիսի՞ աշխատանք կը տանի Հայաստանի համահայկական հիմնադրամը ընդհանրապէս։ Ի՞նչպէս կրնանք հիմնադրամին իրագործած ծրագիրներուն հետեւիլ։

Հուրի Նաճարեան- Հայաստան hամահայկական hիմնադրամը ունի իր կայքէջը` himnadram.org, ուրկէ կարելի է հետեւիլ հիմնադրամին անցեալի եւ ներկայի ծրագիրներուն։ Անկէ անկախ՝ կ’ուզեմ ըսել, թէ հիմնադրամը, աշխարհի  տարածքին, իր բոլոր մասնաճիւղերով կամ յարակից կազմակերպութիւններով կը միտի հաւաքուած գումարները յատկացնել բազմազան ծրագիրներու՝ ոռոգման եւ խմելու  ջուր ապահովելու  Հայաստանին եւ Արցախին, ինչպէս նաեւ ելեկտրական հոսանք, կազի մատակարարում, ճանապարհաշինութիւն, դպրոցաշինութիւն եւ առողջապահական կեդրոններու շինութիւններ: Այս ամէնը աշխատանքի ընդհանրական պատկերն է, ի մասնաւորի սահմանամերձ գիւղերու համար. իսկ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, մեծ մաշտաբով բնակարաններու կառուցման ծրագիրներ կ’իրագործուին՝ տեղահանուած ընտանիքներու ապաստանարան հայթայթելու նպատակով։

ՏՄԿ- Ե՞րբ պիտի իրագործուի հիմնադրամին այս տարուան հանդիսաւոր ձեռնարկը եւ ինչպիսի՞ նորութիւններով։

ՀՆ- Անցնող երկու տարիներուն, Քորոնա համաճարակի սահմանափակումներուն պատճառով, չկրցանք համախմբուելով կազմակերպել տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթը։ Ուրախ եմ յայտարարելու, որ այս տարի ձեռնարկը պիտի իրականանայ՝ Կիրակի, 30 Հոկտեմբերի կէսօրէն ետք ժամը 5-ին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս։

(Ծանուցումը տրամադրած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի վարչութիւնը)

Օրուան պատգամաբերն է գաղութիս հպարտութեան աղբիւրներէն մին` դաշնակահար, յօրինող եւ մենակատար-երաժիշտ` Սէրուժ Գրաճեանը, որ «Ճունօ» մրցանակակիր է, ինչպէս նաեւ՝ «Կրեմի» մրցանակի թեկնածու։ Սէրուժը նաեւ մօտէն կը հետեւի Հայաստանի եւ Արցախի մօտակայ անցեալին ու ներկայ իրավիճակին. նաեւ իւրաքանչիւր հայու նման, իր սիրտը համահունչ կը տրոփէ հայութեան ցաւերով եւ յաջողութիւններով: (կարդացէ՛ք «Թորոնթոհայ»-ի հարցազրոյցը Գրաճեանի հետ՝ այստեղ)

Կ’ուզէի նշել, որ այս տարի որդեգրած ենք՝ «Միշտ հայրենիքիս հետ» (“Always with our Homeland”) նշանաբանը։ Հակառակ անոր, որ նախկին տարիներուն ալ նոյն ոգիով եւ համոզումով գործած ենք, իսկ այս հանգրուանին կարիքը կը զգանք շեշտելու հայրենիքի կողքին մնալու մեր անշեղ գաղափարը։

Ձեռնարկին օրը պիտի ունենանք գեղարուեստական հակիրճ յայտագիր, մասնակցութեամբ՝ գաղութիս երիտասարդ արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ տեսերիզի ցուցադրութիւն։ Այս տարի եւս կը պատրաստուի hիմնադրամի լրատուն, ուր պատկերազարդ ձեւով կը ներկայացուին իրագործուած ծրագիրներն ու անցեալ տարեշրջանի հաշուետուութիւնը։

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնեմ, որ այս տարի իւրաքանչիւր անդամ կազմակերպութենէն երիտասարդ ներկայացուցիչ մը մաս կը կազմէ մեր աշխատանքներուն։ Մասնակից երիտասարդ անդամները խանդավառութեամբ համախմբուած են մեր շուրջ եւ այս տարուան ձեռնարկին անոնք պիտի համակարգեն ծախու իրերու սեղանի վաճառքը՝  յաւելեալ գումար ապահովելու ի նպաստ մեր որդեգրած ծրագիրներուն։

ՏՄԿ– Հիմնադրամի Թորոնթոյի վարչական կազմին շնորհիւ ինչպիսի՞ ծրագիրներ կեանքի կոչուած են վերջին երկու տարիներու ընթացքին։

ՀՆ- Կեդրոնանալով վերջին երկու տարիներու գործունէութեան, կարելի է թուել հետեւեալները՝

  1. Արցախի Իւանեան գիղին մէջ, բազմազաւակ Շահպազեան ընտանիքին, նորակառոյց պարտէզով առանձնատան մը կառուցումն ու յատկացումը։
  2. Միեւնոյն Գիղին մէջ 34 առանձնատուներու կառուցումը։ Այս աշխատանքին 90 առ հարիւրը ամբողջացած է եւ մինչեւ տարեվերջ առանձնատուները պիտի յանձնուին Արցախի Ուղտասար գիւղէն տեղահանուած ընտանիքներուն։
  3. Երեւանի Նորք շրջանի տարեց քաղաքացիներու շէնքի առաջին եւ երկրորդ յարկերու վերանորոգումը։ Միեւնոյն շէնքի երրորդ եւ չորրորդ յարկերը վերանորոգուած էին անցեալին՝ շնորհիւ նոյն նուիրատուին, որուն կտակին համաձայն, Սեպտեմբեր 2022-ին, կատարուեցաւ այս ծրագիրին ամբողջացումն ու բացումը։
  4. Ստեփանակերտի «Դանիէլ Ղազարեան» երաժշտանոցի շէնքի վերանորոգումը։  Այս երաժշտանոցը դժբախտաբար Շուշին կորսնցնելէ ետք փոխադրուեցաւ Ստեփանակերտ։
  5. Ստեփանակերտի Սպիտակաշէն գիւղի դպրոցին համար համակարգիչներ եւ տարրալուծարանի յատուկ սարքեր ղրկուեցան։
  6. Արմաւիրի Նալպանտեան գիւղի բուժ-կեդրոնի շէնքի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ քանի մը շաբաթ առաջ։ Հոն կառուցուած էին 14 տուներ` դարձեալ Նալպանտեան ընտանիքին մեծ նուիրատուութեամբ։
  7. Հայաստանի Վարդենիս քաղաքի նոր մանկապարտէզի շէնքի շինութիւնը, որ կը շարունակուի առ այսօր` Մառանճեան ընտանիքի նուիրատւութեան շնորհիւ։ Տեղին է նշել, որ այս ծրագրի իրականացման վայրին ընտրութիւնը կատարուած է այս շրջանէն ներս, ուր Արցախէն տեղահանուած բազմաթիւ ընտանիքներ ապաստան գտած են։

ՏՄԿ- Իսկ այս տարի ի՞նչ ծրագիրներ կը ջանաք իրագործել այս ծիրէն ներս։

ՀՆ- Այս տարուան համար, իբրեւ նոր ծրագիր, որոշած ենք կառուցել՝

  1. Առողջապահական կեդրոն մը՝ Հայաստանի հիւսիսային տարածքէն ներս, ուր նաեւ ապաստանած են Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցները։
  2. Իւանեան գիւղի նորակառոյց 34 տուներու շրջափակէն ներս նոր խաղավայր մը՝ շրջանի փոքրիկներուն ժպիտ, խանդ ու եռանդ պարգեւելու նպատակով։

2022-ի գարնան, ՀՕՄ-ի Ամենօրեայ վարժարանի աշակերտներուն դրամահաւաքի ճիգերով գոյացաւ 5.000 տոլար՝ ի նպաստ այս ծրագրին, իսկ այս աշնան, շաբաթօրեայ վարժարաններու հայ աշակերտներն ալ իրենց հանգանակային բաժինը պիտի բերեն սոյն ծրագրին նպաստելու համար։ Արդէն պահարանները բաժնուած են աշակերտներուն ու աշխատանքները աշխուժութեամբ կ’ընթանան։ Շնորհակալութեան խօսք կ’ուզեմ յայտնել դպրոցներու տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, կրթական մարմիններուն,  ընտանիքներուն եւ մանաւանդ աշակերտներուն՝ իրենց ճիգին եւ հաւատքին համար։ Անշուշտ այս քայլը կը միտի աշակերտութեան միտքին դրոշմել հայրենասիրութեան գաղափարը եւ զանոնք ուսուցանել հայրենիքին նուիրաբերելու ոգիով։

ՏՄԿ- Պատմականօրէն խիստ դժուար շրջան մը կ’ապրի մեր հայրենիքը։ Մեր հայրենակիցները աւելի քան երբեւէ սփիւռքի աջակցութեան կարիքը ունին ներկայիս, այս առնչութեամբ ինչպէ՞ս մօտենալ մեր գաղութի զաւակներուն, որպէսզի անոնք իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերեն հանգանակային ճիգին։

ՀՆ-  Հայրենիքը, Արցախը ներառեալ, ինչպէս նաեւ համայն հայութիւնը, անցնող չորս տարիներուն, դէմ յանդիման կը գտնուի բազում եւ բարդ ընկերա-քաղաքական վերիվայրումներու յորձանուտին։ Հայրենիքը մեզ կը կանչէ, հետեւաբար այս օրհասական պահուն սփիւռքը չի՛ կրնար ձեռնածալ, լուռ դիտողի եւ համակերպողի դիրքերու վրայ մնալ. ընդհակառակը` շատ աւելի գերլարուած եւ աշխոյժ պէտք է կազմակերպել, կազմակերպուիլ ու խանդավառել մեր գաղութներու հայրենակիցները, որպէսզի անոնք մաս կազմեն մեր հայրենիքի օժանդակութեան աշխատանքին ու մեր ժողովուրդի կեանքին բարելաւման։ Որքան ալ հիասթափուած ըլլանք, այնքան աւելի պէտք է, որ գօտեպնդուինք եւ մեր առաւելագոյնը նուիրաբերենք ազգովին։

Իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցօրէն իր մասնակցութիւնը բերէ՝ առաւելագոյնս նուիրաբերելով։

ՏՄԿ- Թորոնթոյի Հայաստան hամահայկական hիմնադրամը հայրենիքիս այսօրուան ծանրագոյն կացութենէն փրկելու ու մեր ժողովուրդին մղձաւանջը վերացնելու համար ինչպիսի՞ միջոցներու պիտի դիմէ։

ՀՆ- Հայաստան hամահայկական hիմնադրամի  Թորոնթոյի կազմը իր առաքելութեան սահմաններէն ներս, հայրենիքին տիրող այսօրուան ծանր կացութենէն չի՛ կրնար փրկել կամ ժողովուրդին մղձաւանջը վերացնել, սակայն իր ծրագիրները բազմացնելով, առաւելագոյնը հայրենիքին օժանդակելով եւ  Հայաստանի ու Արցախի հայութեան կեանքը բարելաւելու ճիգը բազմապատկելով է, որ կրնայ մեղմացնել տիրող լրջագոյն իրավիճակը։

Մենք այսօր պարտաւոր ենք մտնելու իւրաքանչիւր հայ ընտանիքէ ներս՝ խնդրելու իրենցմէ առաւելագոյնը նուիրաբերել՝ մեր անդամ կազմակերպութիւններու միջոցով, ինչպէս նաեւ անհատական ճիգեր թափելով հասնելու գաղութիս անդամներուն։

ՏՄԿ- Ի՞նչ սրտի խօսք կամ պատգամ կը փոխանցէք թորոնթոհայութեան։

ՀՆ-  Թորոնթոհայութեան պատգամս հետեւեալն է. – Առանց դոյզն կասկածի կամ հարցադրումի համախմբուիլ մեր հայրենաշինութեան վեհ գործունէութեան շուրջ, այս պարագային Թորոնթոյի Հայաստան hամահայկական hիմնադրամի միջոցով, բարելաւելու մեր հայրենիքը՝ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին, փոքրիկէն- տարեց, բոլոր խաւերուն նեցուկ կանգնելով եւ ըսել․ «Մենք ձեր կողքին ենք ու այդպէս ալ կը մնանք յաւիտեան»։