Արցախի հարցը պետք է դիտարկուի համահայկական օրակարգի մէջ․ Արցախն այս շաբաթ


Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան արցախցիներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունեցաւ եւ անոնց ներկայացուց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման նպատակները. «Ես շատ ուղիղ եւ յստակ կ’ըսեմ` մեր այս շարժումին բուն նպատակը իրական խաղաղութիւն ունենալն է»: Սրբազանը պնդեց, որ իրենք պաշտօնի ու իշխանութեան ակնկալիքով չեն սկսած այս շարժումին, սա գոյութեան պայքար է:

Հանդիպումին ներկայ էին Արցախի կառավարութեան անդամները, պատգամաւորներ ու համայնքապետներ:

«Ոեւէ մէկը երբ կը բաժնէ մեր սիրելի արցախցիները, ես ալ արցախցի բառը երբ կ’ըսեմ` զուտ նշելու համար կ’ըսեմ, ով որ որեւէ կերպով կը բաժնէ զանոնք տանտիրոջ իրաւունք ունենալէ, ես հրապարակային կերպով կ’ըսեմ, որ ան ուրացող է ուղղակի` ուրացող է մեր ինքնութեան, ուրացող է մեր գոյութեան եւ ուրացող է այն պայքարին, որ ծաւալած է ամբողջ հայութեան կողմէ», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը:

«Արցախցիներու Արցախի մէջ ապրելու իրաւունքի հարցը երբեք պէտք չէ փակուի, այս օրակարգը պէտք է միջազգային հարթակներ հասցնել», ըսաւ Սրբազանը:

Ան աւելցուց, որ Արցախի հարցը ոչինչով պակաս կարեւոր է Ցեղասպանութեան հարցէն, նոյնիսկ աւելին` անիկա ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած հարց է. «Պէտք է շեշտադրումը ոչ թէ ըլլայ Արցախը, այլ` հայութիւնը: Այս փուլին Արցախի խնդիրը պետութենէն պէտք է տեղափոխել մարդուն», ըսաւ սրբազանը:

***

Արցախցիներին բնակարանով ապահովելու ՀՀ կառավարութեան ծրագիրէն դժգոհութիւնները շատ են

Տեղահանուած արցախցիներուին տունով ապահովելու պետական աջակցութեան ծրագիրը գործնական փուլ պիտի մտնէ մօտ մէկ ամսէն: Տուն, բնակարան գնելու համար ծրագիրին առաջինը պիտի կարենան միանալ երեք եւ աւելի անչափահաս երեխայ ունեցող կամ զոհուածի ընտանիքները:

Տուն կառուցելու պարագային բաւարար է, որ ընտանիքի անդամներէն առնուազն երկուքը անչափահաս ըլլան: Ծրագրի վերաբերեալ անցած օրերուն ընկերային հարցերու նախարարութիւնը արդէն բազմաթիւ դժգոհութիւններ ստացած է:

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Գայեանէ Ղարագեօզեանը կը պնդէ, թէ պետութեան աջակցութեամբ արցախցիները պիտի կարենան տուն կամ բնակարան գնել նոյնիկս ոչ գիւղական շրջաններու մէջ:

«Մենք ունինք 5 միլիոն արժողութեամբ քաղաքային բնակավայրեր, որոնք չեն զիջիր երեւանամերձ մարզային բնակավայրերուն», «Ազատութեան» փոխանցմամբ՝ ըսաւ ան:

Արցախցի տեղահանուած ընտանիքի ամէն մի անդամը ամենամեծը` 5 միլիոն դրամի աջակցութիւն կը ստանայ, եթէ ընտրէ պետութեան առաջարկած, հիմնականօրէն գիւղական 240 համայնքներէն մէկը, անոնց մեծամասնութիւնը` Ազրպէյճանի հետ սահմանամերձ:

Արցախցի հասարակական գործիչ Լիանա Պետրոսեանի ներկայացմամբ` շատ են դժգոհութիւնները ծրագրի վերաբերեալ. «Գուցէ հնարաւոր ըլլայ հեռաւոր սահմանամերձ գիւղերու մէջ բնակարան ձեռք բերել, բայց ատոր համար կը գործէ սահմանամերձ գիւղերու մէջ մինչեւ 16 միլիոն դրամով վարկային մէկ այլ ծրագիր ՀՀ կառավարութեան կողմէ: Եթէ արցախցիները ցանկանային օգտուիլ այդ ծրագիրէն, կը կարծեմ` արդէն իսկ պիտի ըլլար կենսունակ ծրագիր արցախցիներուն համար»:

Լիանա Պետրոսեանը կ’ըսէ, որ ընկերայինցանցերու մէջ հարցում կատարուած է, ու աւելի քան երկու հազար արցախցիներու մեծ մասը բացասական արտայայտուած են կառավարութեան որոշումին. «Ասով փաստացի ոչ թէ խնդիր կը լուծուի, այլ շարք մը խնդիրներու առաջ կը կանգնին մարդիկ: Եթէ հաշուի առնենք, որ կան բազմաթիւ սահմանափակումներ…»:

Եթէ առաջ կը քննարկէին ընկերային բնակարաններ կառուցելու տարբերակը, այժմ գործադիրի որոշման մէջ ատոր մասին խօսք չկայ: Թէ ինչպէս պիտի լուծուի միայնակ արցախցիներու կամ երկու հոգինոց ընտանիքներու հարցը, դեռ կառավարութենէն չեն պարզաբաներ:

Գործադիրը կը նախատեսէ ծրագիրը աւարտին հասցնել մինչեւ 2029 թուականը, կ’ենթադրեն, որ անկէ պիտի օգտուի մօտ 25 հազար ընտանիք:

***

Կիրանցիները կը քանդեն ու կը հրկիզեն իրենց սեփականութիւնը Ազրպէյճանին յանձնելէն առաջ

Սահմանազատուած Կիրանցի մէջ բնակիչները կ’այրեն իրենց գոյքն ու հողամասը այն հատուածին մէջ, որ պիտի անցնի Ազրպէյճանին:

Գիւղացիներէն մէկը փորձեց այրել իրեն պատկանող հողատարածքին մէկ կտորը այն հատուածին մէջ, որ սահմանազատման պատճառով կ’անցնի ազրպէյճանական կողմին:

Կիրանցի բնակիչը կը հրկիզէ իր արտը՝ թշնամիին յանձնելէն առաջ (լուսանկարը՝ “Ազատութիւն” ձայնասփիւռի կայանին)

Այլ քաղաքացի մը, որ, գիւղացիներուն համաձայն, իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչ է, փորձեց արգիլել: Սկսաւ հրմշտուք, ոստիկանները միջամտեցին ու հանդարտեցուցին:

Այլ գիւղացիի մը, որ ունեցուածքը կը քանդէր, փորձեց խանգարել ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Մկրտչեանը:

Իրավիճակը գիւղին մէջ լարուեցաւ, երբ տեղեկութիւն տարածուեցաւ այն մասին, որ գոյք կորսնցնող գիւղացիներուն, մասնաւորաբար վակոն-խանութի սեփականատիրոջ յորդորած են ազատել տարածքը, իրերը դուրս հանել: Սեփականատէր Ռուդիկ Աւալեան ըսաւ, որ իրեն աւելի երկար ժամկէտ տուած էին:

Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ մէկ ամիս կայ` այդ գոյքերը պարպելու, դուրս գալու, ինչպէս նաեւ մէկ ամիս պիտի օգտագործուի Կիրանց տանող ճամբան: Իսկ մինչ այդ գիւղացիները պէտք է դուրս գան իրենց ինչքերէն:

«Ազատութիւն»-ը կրցաւ նաեւ ծանօթանալ «Գոյքի դիմաց փոխհատուցում» դիմումին, զոր գոյք կորսնցնող կիրանցիները պէտք է ներկայացնեն կառավարութեան:

Այս դիմումով բնակիչները կը խնդրեն գոյքի դիմաց փոխհատուցում տրամադրել եւ կը հաստատեն, որ փոխհատուցում ստանալէ ետք կը հրաժարին գոյքի նկատմամբ իրենց իրաւունքներէն ու կը լիազօրեն Տաւուշի մարզպետի աշխատակազմը` դիմել կալուածներու արձանագրութեան կոմիտէին` գոյքի նկատմամբ իրենց իրաւունքները դադրեցնելու համար:

Ցարդ կառավարութենէն ոչինչ կ’ըսեն փոխհատուցման մասին: Առայժմ նաեւ յայտնի չէ, թէ քանի՛ հողակտոր պիտի անցնի սահմանին միւս կողմը: Գիւղացիները աւելի կանուխ «Ազատութեան» ըսած էին, որ ընդհանուր առմամբ 54 հողակտոր սահմանազատման պատճառով պիտի անցնի Ազրպէյճանին, եւ անոնք կը պատկանին 30 բնակիչներու:

Զուգահեռ, 5-րդ օրն ըլլալով փակ է Կիրանց տանող ճամբան: Կը շարունակուին այլընտրանքային շրջանցիկ ճամբու շինարարութեան աշխատանքները:

Այստեղ տեսանելի հատուածին մէջ 23 մայիսին աւելցաւ սահմանապահներուն թիւը, անոնք հերթապահութիւն կը կատարեն: Յայտնենք, որ Կիրանցի գիւղապետը ըսած էր, որ սահմանազատման հետեւանքով Ազրպէյճանին կ’անցնին 2 տուներ, 3 վակոն-տնակ, մէկ կազալցակայան, 5-6 տուն ալ կամուրջի յանձնման պատճառով պիտի ունենան ապահովական հարցեր:

***

Ռուսիա պահանջեց Փաշինեանէն՝ յայտարարել անունները ՀԱՊԿ-հ այն երկիրներուն, որոնք մասնակցած են 44-օրեայ պատերազմին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա 23 մայիսին հրաւիրեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ յստակացնելու, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամ ո՛ր պետութիւններ նկատի ունէր, երբ օր մը առաջ ըսաւ, որ 2020-ի պատերազմին անոնք աջակցած են Ազրպէյճանին:

Զախարովա անգամ մը եւս հաստատեց, որ Ռուսիա իր կարելին ըրաւ, որպէսզի «Հայաստան ինքզինք լքուած եւ մոռցուած չզգայ»:

Նշենք, որ 22 մայիսին, Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ է ՀԱՊԿ-ի անդամ առնուազն երկու երկիրներ մասնակցած են 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի նախապատրաստութեան: «Այդ պատերազմի նպատակը եղած է Հայաստանի անկախ պետութեան չգոյութիւնը», նշեց ան:

Gazeta.Ru-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀ-ի հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանտին Զատուլին՝ շեշտելով, որ Հայաստանի վարչապետը կը փորձէ Արցախի մէջ  պատերազմին պարտութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցնել Ռուսիոյ ուսերուն վրայ: 

«Իմ դիրքորոշումս վաղուց յայտնի է. Փաշինեան ստախօս է եւ սրիկա, որ կը փորձէ հայ ժողովուրդին զայրոյթը ուղղել դէպի Ռուսիա», ըսաւ Զատուլին:

***

Լիւքսեմպուրկ Պաքուէն կը պահանջէ անմիջապէս ազատ արձակել բոլոր ռազմագերիները

Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն արտասանած խօսքին մէջ, Լիւքսեմպուրկի պատգամաւորներու պալատի նախագահ Քլոտ Վիզլեր յայտարարեց, որ իր երկիրը կը պահանջէ, որ Պաքու անմիջապէս ազատ արձակէ բոլոր ռազմագերիները եւ համապարփակ տեղեկութիւն տրամադրէ անյայտ կորսուած անձերուն մասին։ «Արդարութիւնը եւ մարդասիրութիւնը կը պահանջեն, որ այս անձերը ազատ ըլլան՝ առանց որեւէ յետաձգման, եւ այս պահանջ է, որ ընտանիքները ստանան պատասխաններ, որոնց անոնք պարզապէս արժանի են», յայտարարեց ան։

Վիզլեր շեշտեց, որ Լիւքսեմպուրկ պատրաստակամ է զարգացնելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները՝ ընդգծելով, որ իրեն համար մեծ պատիւ է Հայաստան գտնուիլը։

«Մէկ տարուան ընթացքին, ասիկա իմ երկրորդ այցելութիւնս է Հայաստան, ինչ որ աննախադէպ է։ Առաջին անգամ ես հոս էի իբրեւ Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամ, սակայն այն պահէն, երբ դարձայ պալատի նախագահ, ես ըսի՝ պէտք է վերադառնամ։ Զիս ատոր դրդեցին վերջին ամիսներուն այս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Ասիկա ցոյց կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիւքսեմպուրկի յարաբերութիւններու զարգացումը։ Ունինք շատ աշխոյժ քաղաքական երկխօսութիւն», ըսաւ ան։

«Մենք պիտի շարունակենք մեր ներգրաւուածութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան, իսկ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան հարցին մէջ մենք կ’աջակցինք խաղաղութեան հաստատման եւ համոզուած ենք՝ գերիներու ազատ արձակումը նախապայման է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար, ասիկա շատ յստակ է մեզի համար», ընդգծեց Վիզլեր։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէս կը մեկնաբանէ Ազրպէյճանի խորհրդարանի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի քննադատութիւնը՝ Լիւքսեմպուրկի որդեգրած՝ Հայաստանին նպաստող բանաձեւին, որուն գծով Պաքու պնդեց, որ անիկա միջամտութիւն է Ազրպէյճանի ներքին հարցերուն, ան ըսաւ.«Ես կը կարծեմ, որ պէտք չէ մեկնաբանեմ որեւէ դատապարտութիւն։ Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանին մէջ մենք մեր աշխատանքը կ’ընենք եւ եթէ բան մը ունինք ըսելիք, մենք ատիկա կ’ըսենք ու կ’ընենք։ Հայաստանի հարցով մենք ունինք յստակ դիրքորոշում եւ չկայ ոեւէ մէկը, որ մեզ ետ կանգնեցնէ»։

***

Ազրպէյճանական հայատեացութիւնը սահման չունի

Եթէ կայ ոլորտ մը, ուր ատրպէյճանցիները անմրցելի են, այդ մէկը անկասկած հայատեացութեան մէջ «ստեղծարարութիւն»ն է, կը գրէ «Նոր յառաջ»-ը։ 

Այսպէս, կը տեղեկանանք թէ ազրպէյճանցի զինուորներու բազկանշանին վրայ գրուած է՝ «Մի՛ փախչիր հայ. (թէ ոչ՝) պիտի մեռնիս ուժասպառ»: Այլ խօսքով՝ հայը երբ հանդիպի ազրպէյճանցիին, պէտք է անմիջապէս անոր մատուցէ վիզը, եթէ չ’ուզեր նոյն ճակատագրին արժանանալ՝ մորթուիլ, ի զուր յոգնելէ ետք։ 

«Մի՛ փախչիր հայ. (թէ ոչ՝) պիտի մեռնիս ուժասպառ» գրութիւնը եւ Էնվերի նկարը՝ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու համազգեստին վրայ (լուսանկարը՝ «Նոր յառաջ»-ի)

Բազկանշանի կեդրոնն ալ տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճարտարապետերէն՝ Էնվեր փաշայի նկարը։ 

Ակնյայտ է, որ ազրպէյճանական ղեկավարութեան գիտակցութեան մէջ՝ 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ այսօրուան միջեւ պատմական լուրջ շարունակականութիւն կայ։

***

Բռնագրաւուած Շուշիի մէջ ազրպէյճանցի բարբարոսներու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իսլամացնելու նոր փորձերը

Monument Watch-ը ահազանգ կը հնչեցնէ` տեղեկացնելով, որ 11 մայիսին բռնագրաւուած Շուշիի մէջ ստորագրուած է «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամի եւ ISESCO-ի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր մը, որ կը նախատեսէ մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ փորձառութեան փոխանակում, նոր արհեստագիտութիւններու մշակում, ինչպէս նաեւ` միատեղ նախագիծներու իրականացում:

Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին կը վերափոխուի ազրպէյճանցիներու կողմէ (լուսանկարը՝ Monument Watch-ի)

Նշենք, որ ISESCO-ն Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան մասնագիտական ճիւղն է, որ կը զբաղի իսլամական կրթական, գիտական եւ մշակութային հարցերով` նպատակ ունենալով ամրապնդել կապերը մահմետական ազգերու միջեւ եւ խթանել կայուն զարգացումը այդ բնագաւառներուն մէջ:

Նմանատիպ յուշագիրներն ու պայմանագիրները Շուշիի իսլամացման ընդհանուր ծրագրին մէկ մասն են: Տակաւին 2021-էն սկսեալ Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաւաստումով, Պաքու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի քարտուղարութեան փաստաթուղթեր ներկայացուցած է հայկական պատմական Շուշի քաղաքը (44-օրեայ պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանի մշակութային մայրաքաղաք) «ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ստեղծարար քաղաքներու ցանցին մէջ» ընդգրկելու համար: Իսկ Ազրպէյճանի այն օրերու մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով 17 սեպտեմբեր 2021-ին Խիվա (Ուզպեքիստան) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած թուրք նախարարներու միջազգային 38-րդ հանդիպումին հաստատած էր, որ Պաքու կը պատրաստուի 2023-ին Շուշին հռչակել «Թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք»` աշխուժացնելով կապերը թուրք ժողովուրդներու մշակոյթի զարգացմամբ զբաղող «TURKSOY» միջազգային կազմակերպութեան հետ: Ասկէ բացի` 2021-2022 թուականներուն բռնագրաւուած Շուշիի մէջ տեղի ունեցած են տարբեր բնոյթի համաժողովներ, որոնք քաղաքի պատմական, մշակութային կերպարը նենգափոխելու եւ գործընթացը միջազգայնօրէն ամրագրելու, քաղաքը միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններուն իբրեւ զուտ ազրպէյճանական ներկայացնելու եւ այդ ամէնը օրինականացնելու նպատակ կը հետապնդէին:

Այս միտումները ակնյայտ են բոլոր ծրագիրներուն մէջ եւ ելոյթներու ընթացքին, ուր Շուշին կը ներկայացուի իբրեւ ազրպէյճանական եւ թրքական բնակավայր` բացարձակօրէն անտեսելով Շուշի քաղաքի հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, պատմական անցեալն ու բազմաթիւ յուշարձաններու գոյութիւնը: Ի մասնաւորի` 21 հոկտեմբեր 2022-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան հոգեւոր առաջնորդներու երրորդ համաժողովը` «Թուրք-իսլամական ժառանգութեան հարստութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը արդի հարցերու լուծման համածիրին մէջ» նիւթին շուրջ, որու նախօրեակին` 20 հոկտեմբերին, Շուշիի մէջ կնքուած է փաստաթուղթ մը, եւ հիմքը դրուած` Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մահմետական վարչութիւններու ղեկավարներու խորհուրդին: Ուշագրաւ է, որ համաձայնագրին մէջ մատնանշուած է «հայկական գրաւման» տարիներուն վնասուած մահմետական ժառանգութեան վերականգնման ծրագիրներուն մէջ միացեալ օգնութեան ապաւինելու պարագան:

***

Աղաւնոյի եկեղեցին ոչնչացման վտանգի տակ

2024 թուականի ապրիլ ամսուան արբանեակային լուսանկարներու դիտարկումը բացայայտեց, որ ազրպէյճանական կողմը հիմնայատակ աւերած էր Բերձոր քաղաքի Ս. Համբարձման եկեղեցին: Նախքան աւերումը` եկեղեցին ամբողջութեամբ ծածկուած էր տախտակամածներով եւ ծածքերով:

Ներկայիս ոչնչացման վտանգի տակ է Աղաւնոյ բնակավայրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որ կառուցուած էր 2002 թուականին:

Աղաւնոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին ոչնչացման վտանգի տակ (լուսանկարը՝ Monument Watch-ի)

Ազրպէյճանական ընկերային ցանցերու դիտարկումը ցոյց կու տայ, որ եկեղեցին, ինչպէս որ Բերձորի Ս. Համբարձումն էր, ամբողջութեամբ ներառուած է տախտակամածներու եւ ծածքերու մէջ: Այդ կ’երեւի այս տարուան փետրուարի վերջերուն ներբեռնուած տեսանիւթի 1:29 վայրկեանէն (https://www.youtube.com/watch?v=BYjaXyoYHyk): Նկատի առնելով Բերձորի եկեղեցւոյ նախադէպը` նոյն ճակատագիրը կը սպառնայ նաեւ Աղաւնոյի եկեղեցւոյ: