Արցախն այս շաբաթ


Ասկերանի Նորագիւղ համայնքին մէջ քարինտակցիներուն համար նոր թաղամաս կը կառուցուի

Քաղաքական արձագանգներ Արցախի կարգավիճակին շուրջ

— «Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»- Արցախի կարգավիճակի հարցը շատ բարդ է, քանի որ այս հակամարտութիւնը ամենաբարդն է աշխարհի վրայ, ըսաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, աւելցնելով, որ  պէտք է իրատես ըլլալ, քանի որ Արցախի հարցի համապարփակ կարգաւորումը տակաւին հեռաւոր ապագայի խնդիր է:

Դաւիթ Պապայեան

Ան աւլեցուց, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ եւ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ «Մենք մտած ենք աշխարհաքաղաքականութեան դարաշրջան, ուր գաղափարները, օրէնքները դժբախտաբար դարձած են երկրորդական, եթէ ոչ երրորդական, բայց մեր ամենամեծ խնդիրը մենք ենք: Պիտի հասկնանք ինչ ունինք, պիտի ի մի բերենք այդ ամէնը, կարեւորելով սկզբունքայնութիւնը: Ամէն ինչ կախուած է մեզմէ, թէ ինչ քաղաքականութիւն կը վարենք: Մենք պիտի կանգնինք մինչեւ վերջ եւ երբեք թոյլ պիտի չտանք խախտելու այդ կարմիր գիծերը», աւելեցուց Բաբայեան:

«Ատոր համար պիտի պահենք եւ պահպանենք Արցախը բոլոր տեսակի միջոցներով: Բոլոր հնարաւորութիւնները կան. եթէ նոյնիսկ չկայ համապարփակ կարգաւորում, Արցախը պիտի պահպանէ իր կարգավիճակը` որպէս տէ ֆաքթօ անկախ, ինքնիշխան երկիր, մինչեւ տեսնենք` ինչ պիտի ըլլայ յաջորդիւ: Ազրպէյճանը կը պնդէ, թէ Արցախը առհասարակ գոյութիւն չունի, իսկ մենք եւ միջազգային կառոյցները կը խօսինք հակառակը», ընդգծեց ան:

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— 18 Յունիսին, Մարտունիի Հաղորտի գիւղին մէջ բացուեցաւ «Մունք» արհեստագիտական դպրոցը (տեխնոդպրոց):

 «Ես» կրթական հիմնադրամի համահիմնադիր, տնօրէն Աշոտ Աւանեսեան ըսաւ, որ «Մունք» դպրոցի նախագիծը կեանքի կոչելու համար մեծ դրամահաւաք իրականացուեցաւ: Նախագիծին միացան բազմաթիւ անհատներ ու կազմակերպութիւններ` ներդնելով նաեւ իրենց գիտելիքը, փորձն ու կապերը:

«Հաշուի առնելով երեխաներուն թիւը, եկանք այն եզրակացութեան, որ մեզի անհրաժեշտ է 67 միլիոն դրամ, նախագիծը իրագործելու եւ մէկ տարուան ծախսը ապահովելու համար, բայց հաւաքուեցաւ աւելին` 69 միլիոն դրամ: 2 Յուլիսէն կը սկսի նախագծի առաջին` «Բացայայտում» փուլը, երբ մասնագէտները կը շրջին գիւղերը եւ կը բացայայտեն երեխաներու ընդունակութիւնները, հմտութիւնները, որմէ ետք անոնք պիտի ընդունուին տեխնոդպրոց: Գործունէութիւնը կը սկսինք չորս ուղղութիւներով` ծրագրաւորում, ձեւաւորում, ռոպոթաշինութիւն եւ մարքեթինգ։ Մէկ տարի ետք մենք պիտի ունենանք 30-40 կայացած մասնագէտ: Դպրոց կրնան յաճախել 14-16 տարեկանները», ըսաւ  Աւանեսեան:

Հողորտիի գիւղապետ Նուէր Մարտիրոսեան նշեց, որ համայնքապետարանի շէնքը տրամադրած են «Մունք» տեխնոդպրոցին։

Հաղորտին ներկայիս ունի 160 բնակիչներ, որոնց մեծ մասը կը զբաղի անասնապահութեամբ եւ մեղուաբուծութեամբ: «Երիտասարդութիւնը հիմնականօրէն կը զբաղի մեղուաբուծութեամբ, գիւղին մէջ կայ 300 փեթակ։ Կ’արտադրուի որակեալ մեղր, որ մեծ պահանջարկ ունի: Իսկ հողագործութիւնը շատ ետ է: Պէտք է նոր արհեստագիտութիւնը կիրառուի», շեշտեց գիւղապետը:

Անոր խօսքով, ներկայիս գիւղը ունի 28 աշակերտ եւ բոլորը աշխոյժ կը մասնակցին կրթական տարբեր ծրագիրներու:

— «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ Մարտունիի Կոլխոզաշէնի դպրոցին մէջ դասաւանդող ուսուցիչ-առաջնորդ Աշոտ Գաբրիէլեանի եւ աշակերտներու ջանքերով գիւղին մէջ բացուեցաւ «Ջանէ» երիտասարդական կեդրոնը:

Գաբրիէլեան, անդրադառնալով երիտասարդական կեդրոնի մտայղացման մասին պատմեց. «Կոլխոզաշէնի մէջ «ջանէ»-ով կը դիմեն միայն հարազատ եւ թանկ մարդոց, եւ քանի որ կեդրոնին մէջ մենք պիտի դնենք մեր թանկ ժամանակն ու գաղափարները, ուստի որոշեցինք անուանել «Ջանէ»: Գաղափարը յառաջացաւ անցեալ Նոյեմբերին, երբ աշակերտներուն հետ աշխատելու ընթացքին, հասկցանք, որ գիւղին մէջ երիտասարդները չունին զբաղումի, զրուցելու, մտքեր փոխանակելու ու քննարկելու տեղ։ Որոշեցինք միասին հիմնել կեդրոն մը, ուր այս խնդիրը որոշ չափով կը լուծէ:

Անոր խօսքով կեդրոնը նաեւ տարբեր համայնքային ծրագիրներու դարբնոց պիտի ըլլայ։ Հոն պիտի հաւաքուին երիտասարդները, պիտի ցուցադրուին ֆիլմեր, պիտի կայանան գիրքերու ընթերցանութիւն, քննարկումներ եւ տարբեր դասախօսութիւններ:

«Կեդրոնը համայնքի երիտասարդներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ նախ եւ առաջ իրականացնելու իրենց գաղափարները, քանի որ հոն ստեղծուած է միջավայր, ուր իւրաքանչիւրին կարծիքը հաշուի կ’առնուի եւ իւրաքանչիւրին խօսքը տեղ ունի», նշած է ուսուցիչը:

— Աշխարհասփիւռ հայութեան միջոցներով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Արցախի մէջ ճանապարհներ կը կառուցէ, տուներ կը շինէ եւ ջուր կը հասցնէ` մեղմելով 44-օրեայ աղէտալի պատերազմին հետեւանքները:

50 քմ․ ճանապարհներ կը կառուցուին Կոճողոտի ու Կաղարծիի, Վերին ու Ներքին Յոռաթաղի, Մարտակերտ-Ճանկաթաղ եւ դէպի Դահրաւ, Աստղաշէն ու Պատարայ տանող հատուածներուն վրայ:

Վերանորոգուող, կառուցուող ճանապարհներէն մէկը կ’անցնի Ասկերանի Աստղաշէն գիւղով: Գիւղապետ Արթուր Գրիգորեան ըսաւ, որ Աստղաշէն-Պատարայ ճանապարհը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ երկու գիւղերու ընկերային-տնտեսական զարգացման համար: «Պիտի զարգանայ զբօսաշրջութիւնը, եւ կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ աւելի յարմար պիտի ըլլայ»։

— Ասկերանի Բերքաձոր գիւղի բնակիչներուն հիմնական զբաղումը գիւղատնտեսութիւնն է, կան հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու մէջ աշխատողներ եւս:

Բերքաձոր

Համայնքապետ Զարինէ Մեքիեան յայտնեց, որ «Սուրիայէն Արցախ տեղափոխուած Ասմարեան եղբայրները մեր գիւղին մէջ մրգատու այգիներ հիմնած են, պատերազմէն ետք ալ մեծցուցած են զանոնք: Պետական աջակցութեամբ 4 ընտանիքներու ջերմոցներ տրուած են։ Վերաբնակուածներէն մէկը Մարտունի՝ թշնամիին տիրապետութեան տակ անցած Շեխեր գիւղէն տեղահանուած է: Անոնք ալ վարունգ, լոլիկ, կանաչեղէն, բանջարեղէն կ’աճեցնեն: Տեղահանուած 8 ընտանիք ալ Կարմկիր Խաչէն բանջարեղէնի սերմեր ստացած է, ցանած ու արդէն բերքը հաւաքած են», ըսաւ գիւղապետը։

Անոր խօսքով` գիւղին մէջ անասունապահութեամբ եւ թռչնաբուծութեամբ զբաղողներ ալ կան: Գիւղին պատկանող 12 հեկտար տարածք տրամադրած են Ականազերծման կեդրոնին: Գիւղի հիմնական խնդիրներէն է երեխաներու համար խաղավայր կամ մարզահրապարակ կառուցելը, կառուցուած նոր թաղամասի կոյուղիին հարցը եւ ակումբին վերանորոգութիւնը: Գիւղը ապահովուած են ելեկտրականութեամբ, ջուրով եւ կազով:

— Ասկերանի Նորագիւղ տեղահանուած քարինտակցիներուն համար բնակելի թաղամաս կը կառուցուի: Քաղաքաշինութեան նախարարութեան աշխատակից Առուշան Խաչատրեան նշեց, որ «աշխատանքները սկսած են Հոկտեմբեր 2021-ին։ Կը կառուցուի 145 առանձնատուն: Իւրաքանչիւրը ունի 1200ք․մ․ մակերես: Ներկայիս 97 առանձնատան հիմքերը արդէն դրուած են, 40-ի պատերը` շարուած, 20-ի երկաթ-կրաձոյլ ծածկը` լեցուած։ Շինարարութեան մէջ կ’աշխատին 50-է աւելի շինարարներ:

Անոր խօսքով` այս տարուան վերջը 60-ին շինարարութիւնը պիտի աւարտի: Թաղամասը պիտի ունենայ ասֆալթապատ ճանապարհներ, երեխաներու խաղավայր:

— Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի պետական ճազ նուագախումբի համերգը: Նուագախմբի տնօրէն Տիգրան Սուչեան ըսաւ, որ բաւական երկար պատրաստուած են համերգին՝ յաղթահարելով բազում խոչընդոտներ:

Ան ընդգծեց, որ այսօր երաժշտական խումբին մէջ մասնագէտներու պակաս կայ` յոյս յայտնելով, որ մօտ ապագային նուագախումբը կը համալրուի:

— 24 Յունիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ երգիչ Արթուր Խաչենցի բացօթեայ համերգը։ Պատերազմէն ետք ասիկա երգիչին առաջին համերգն է։ «Ծրագիրը ինքնուրոյն կազմած եմ՝ երգերու ընտրութիւնը իմս է: Ես կը հաւատամ, որ երգով, մշակոյթով կրնանք ազգը ոտքի կանգնեցնել: Շուտով պիտի ունենամ նոր երգեր: Այսօր պիտի ըլլար Շուշիին նուիրուած՝ «Սիրտ իմ հայրենի» երգի առաջին ներկայացումը, բայց չհասցուցի», նշեց Խաչենց: 

Ան համերգներ պիտի ունենայ նաեւ Ճարտարի եւ Մարտակերտի մէջ:

—23 Յունիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի համերգը: Նուագախումբի տնօրէն Աշոտ Սարկիսեան ըսաւ, որ Արցախի մշակութային կեանքին մէջ պատերազմէն ետք նման նախաձեռնութիւնները սպասուած են:

«Մինչեւ 2020-ի պատերազմը նուագախումբը պետական կարգավիճակ չունէր եւ համերգներ կու տար մայրաքաղաքի եւ Արցախի այլ շրջաններուն մէջ։ Մեր առջեւ ծառացած բազում խնդիրներ կան: Սակայն, այդ բոլորով հանդերձ, մենք կրցանք այսօր կազմակերպել համերգը, որ պետական կարգավիճակ ստանալէ ետք առաջինն է` ընդգրկելով  նուագախումբի հիմնական ու հրաւիրուած անձնակազմը», նշեց Սարկիսեան։

Գեղարուեստական ղեկավար, խմբավար Լեւոն Սարդարեան իրազեկեց, որ բեմին վրայ նուագեց 31 երաժիշտ, բայց ցանկալի է` անոնց թիւը շատնայ:

— 25 Յունիսին, «Sunrise Stepanakert» փառատօնի ծիրէն ներս Ստեփանակերտի մէջ ազգագրական պարերու ուսուցման բացօդեայ դաս կազմակերպուեցաւ:

Դասը կը վարէր «Տնջրէ» աւանդական երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Մանուկ Յարութիւնեան:

«Փառատօնի կազմակերպիչները առաջարկով դիմեցին ինծի, ես սիրով համաձայնեցայ», ըսաւ պարուսոյցը եւ կարեւոր համարեց ազգագրական պարերու ուսուցումը, որ աւելի կը բարձրացնէ երիտասարդներու ռազմահայրենասիրական ոգին:

Դասը տեւեց մէկուկէս ժամ եւ աւարտեցաւ միասնական շուրջպարով: