Շրջափակման մէջ, օր 69. արցախցիք կը շարունակեն յաղթահարել դժուարութիւնները


* Կեանքը շրջափակման պայմաններուն մէջ

Այս շաբաթուան մէջ Ազրպէյճանը անգամ մը եւս խափանեց կազի մատակարարումը: Հայաստանէն Արցախ հասնող ելեկտրականութեան միակ գիծը վնասուած է 9 Յունուարէն: Բնակիչներուն անիկա հասանելի է միայն կէս օր:

«Ձմեռնային ցրտաշունչ ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ եւ գերբեռնուած ելեկտրականութեան ցանցով Ազրպէյճանը կ’օգտագործէ այս մարտավարութիւնը վախ, անորոշութիւն եւ անբնակելի պայմաններ ստեղծելու համար, որպէսզի հասնի իր վերջնական նպատակին՝ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան», Թուիթըրի իր էջին վրայ գրեց Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան՝ անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման խափանումներուն:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարութեամբ մը դիմեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը համանախագահող Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային հանրութեան բոլոր անդամներուն՝ միասին կամ առանձին-առանձին արդիւնաւէտ միջոցներու ձեռնարկելու Արցախի կեանքի ճամբան բանալու եւ նոր յանցագործութիւններ կանխելու ուղղութեամբ:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը նաեւ յորդորեց պատժամիջոցներ սահմանել Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուող յանցագործութիւններու բոլոր հեղինակներուն, աջակցողներուն եւ Ազրպէյճանի պետութեան դէմ՝ այլ պատժամիջոցներու կողքին արգիլելով անոնց մուտքը սեփական տարածքներ եւ սառեցնելով անոնց երկիրներուն մէջ գտնուող շարժական եւ անշարժ գոյքը:

Ասոր զուգահեռ, Արցախի շրջափակման պայմաններուն մէջ վիճակը կը շարունակէ ծանրանալ, եւ մարդասիրական ճգնաժամը՝ խորանալ: Հարիւր քսան հազար արցախցիներ առաւել քան երկու ամիսէ ի վեր զրկուած են կեանքի տարրական իրաւունքներէն: Ուտելիքի որոշ տեսակներ մարդոց հասանելի են միայն կտրօններով, պտուղը, բանջարեղէնը, հաւկիթը եւ լուացքի փոշին նոյնպէս սկսան կտրօնով կը տրամադրուիլ. ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին տասնհինգ օրուան համար երեք քիլօ բանջարեղէն ու երկու քիլօ պտուղ կը ստանայ։

Մարդասիրական բեռն ալ Արցախ դժուարութեամբ կը հասնի, Ամանորի համար նախատեսուածը քանի մը օր առաջ Արցախ հասաւ. Դեկտեմբերէն Գորիս կը գտնուի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի եւ այլ բարեգործական ընկերութիւններու բեռը, կը յայտնեն Հայաստանի մօտ Արցախի ներկայացուցչութենէն:

«Անցած շաբաթ ռուս խաղաղապահների միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ՝ իրենց մեքենաներով համահայկական հիմնադրամի ուղեբեռի հարիւր թոնէն վաթսուն թոնը արդէն իսկ տեղափոխուած է Արցախ», նշեց Հայաստանի մօտ Արցախի ներկայացուցչութեան քարտուղար Արմինէ Հայրապետեան:

Ռուս խաղաղապահները սնունդ կը տեղադրեն Արցախ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

* «Լաչինի միջանցքը փակած «ցուցարարներու պահանջները տակաւին չեն բաւարարուած». Պայրամով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 15 Փետրուարին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալ Քերըն Տանֆրիտի հետ: Պայրամով նշեց, որ, «ըստ եռակողմ յայտարարութեան` Ազրպէյճան կ’երաշխաւորէ ապահովել քաղաքացիներու երթեւեկութիւնը եւ ապրանքներու տեղաշարժի ապահովութիւնը Լաչինի ճամբով», սակայն, ըստ անոր, Հայաստան այդ ճամբան պիտի օգտագործէ ոչ-մարդասիրական նպատակներով:

Ան յայտարարեց, Լաչինի միջանցքը փակած «ցուցարարներուն պահանջները տակաւին չեն բաւարարուած»: Ասոր զուգահեռ, Պաքու յայտարարեց, որ Խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւններուն ընթացքին «Հայաստանի նախաձեռնութիւնը` ստեղծելու Ղարաբաղի մէջ բնակող հայութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան միջազգային գործիքակազմ», եւ այդ մասին դրոյթ ներառելու ջանքերը խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ «բոլորովին անհիմն են, իսկ այդպիսի փորձերը` անիմաստ»։ Պայրամով անգամ մը եւս մեղադրեց Երեւանը՝ խաղաղութեան հարցին մէջ անկեղծ չըլլալուն մէջ՝ շեշտելով նաեւ, որ «Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պիտի երաշխաւորուին ըստ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան»:

Ազերի “0բնապահպաններ” եւ ռուս խաղաղապահներու մեքենաները (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

* Մինչեւ 2026 Աղտամի եւ մերձակայ գիւղերուն մէջ պիտի վերաբնակեցուին 42 հազար անձեր, յայտարարեց Պաքու 

«Առաջին բնակիչները Աղտամ կը վերադառնան 2025 թուականին, մինչեւ 2027, քաղաքին մէջ պիտի կառուցուին շուրջ 10 հազար բնակարաններ», յայտարարեց Ազրպէյճանի Քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի փոխղեկավար Նամիք Կումմաթով:

Ըստ ազպէյճանական «Ազերթաճ» պետական գործակալութեան՝ կառավարութիւնը մինչեւ 2026 Աղտամի եւ մերձակայ գիւղերուն մէջ պիտի վերաբնակեցնէ 42 հազար անձեր:

* «Թաթոյեան» հիմնարկը հրապարակեց տեսանիւթ մը՝ ազրպէյճանցի «բնապահպաններու» իրական մտադրութեան մասին

Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնարկը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ Լաչինի միջանցքը արգելափակած ազրպէյճանցի «բնապահպանները» անպարկեշտօրէն կ’արտայայտուին հայերուն մասին։

Այս տեսանիւթը բազմաթիւ ապացոյցներէն հերթականն է, որ ցոյց կու տայ աւելիք ան քան 2 ամիսէ Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճանապարհը փակած Ազրպէյճանի կառավարութեան «բնապահպան» գործակալներու իրական մտադրութիւնները: Անոնք կը վիրաւորեն Արցախի բնիկ ժողովուրդը` հայ ժողովուրդին անբաժանելի մասը, կը հրճուին ճանապարհը փակելու առթիւ. սա է անոնց իրական վերաբերմունքը:

«Սա 14 Դեկտեմբեր 2022-ին` ճանապարհը փակելու 2-րդ օրուան տեսանիւթ է», նշուած է տեսանիւթին կից` հիմնարկին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

* Տեառնընդառաջի տօնին Արցախի եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ եւ նորածիններուն տրուեցաւ օրհնուած խաչեր

Տեառնընդառաջի տօնին խորհուրդով Արցախի թեմի եկեղեցիներուն մէջ մատուցուցաւ Սուրբ պատարագ։ Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, 14 Փետրուարին, պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ շրջափակման ընթացքին ծնած փոքրիկներուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, բարերար Գագիկ Ծառուկեանի նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ օրհնուած խաչերու յանձնման արարողութիւն:

Տեառնընդառաջին նորածիններու օրհնութեան կարգ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

* Շրջափակման մէջ գտնուելու ընթացքին Արցախի մէջ ծնած է 252 մանուկ

Արցախի տեղեկատուական շտապը 15 Փետրուարին տեղեկացուց, որ 252 մանուկ ծնած է շրջափակման մէջ:

Շրջափակման պատճառով Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը (ներառեալ` շուրջ երեսուն հազար երեխայ, քսան հազար տարեց, ինը հազար հաշմանդամութիւն ունեցող անձ) կը կրէ բազմաթիւ զրկանքներ եւ, ի թիւս այլ իրաւունքներու խախտման, կանգնած է թերի սնուելու եւ ցրտահարութեան մեծ վտանգի առջեւ: Շրջափակման պայմաններուն մէջ սնունդի չգոյութեան պատճառով 9 Յունուարէն փակուած կամ մասնակի կ’աշխատին քառասուն մէկ մանկապարտէզ, յիսուն վեց նախադպրոցական խումբ,քսան երկարօրեայ ուսումնական հաստատութիւն: 6 828 երեխայ այլեւս չի կրնար կրթօջախ յաճախել ընդհանրապէս կամ երկարօրեայ ռեժիմով` զրկուելով համապատասխան կրթութիւն եւ խնամք ստանալու հնարաւորութենէն:

* «Մենք ենք մեր սարերը» 600 միլիոն դրամի աջակցութիւն տրամադրած է շրջափակման մէջ գտնուող Արցախին

«Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան` «Աջակցութիւն Արցախի էներգետիկ համակարգին» ծրագրով՝ Ստեփանակերտ քաղաքի եօթ հարիւր ընտանիքի տրամադրուած են փայտէ վառարաններ, Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ փոմփով ջրամատակարարման համար տեղադրուած են տիզելով աշխատող ելեկտրածին գործիքներ եւ ելեկտրական մարտկոցներ, որպէսզի երբ ելեկտրականութիւն չըլլայ ջրամատակարարման համակարգը անխափան աշխատի:

Գործակալութեան մէկ այլ` «Արցախի պարէնային պետական պահուստի համալրում» ծրագրի ծիրէն ներս ձեռք բերուած կամ գործընկերներէն ստացած են սննդամթերք՝ բրնձի ու հնդկաձաւարի ալիւր, կաթի, ձուի, չոր գետնախնձորի փոշի, մակարոն եւ այլ ապրանքներ, որոնք արդէն Գորիս են, եւ յառաջիկային կը նախատեսուի տեղափոխել Արցախ:

Այս ծրագրին նպատակն է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակման կամ շրջափակման վտանգի պայմաններուն մէջ բնակչութիւնը ապահովել սննդամթերքով` հաշուի առնելով փոխադրման եւ պահպանման տեսանկիւնէ անոնց նպատակայարմարութիւնը, ապրանքներու սննդարարութիւնը:

Գործակալութիւնը իր գործունէութեան երեք ամիսներու ընթացքին արդէն իսկ իրագործած է արցախցիներու առաջին անհրաժեշտութեան կարիքներուն ուղղուած ծրագիրներ` 150-է աւելի նուիրատուներու շնորհիւ՝ ցուցաբերելով մօտ վեց հարիւր միլիոն ՀՀ դրամի (աւելի քան 1.5 մլն ԱՄՆ տոլար) աջակցութիւն շրջափակման մէջ գտնուող Արցախին:

Գործակալութեան հիմնադիրը Ռուբէն Վարդանեանն է:

* Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայեացք ձմեռնամուտի» գիրքին շնորհանդէսը

Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին մէջ, 17 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Արցախի գրողներու միութեան անդամ, արձակագիր, երգահան Դաւիթ Միքայէլեանի «Հայեացք ձմեռնամուտի» գիրքին շնորհանդէսն ու հեղինակին ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած գրական ցերեկոյթ:

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ ձեռնարկին Արցախի գրողների միութեան նախագահ, Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի տնօրէն Վարդան Յակոբեան նշեց, որ Դաւիթը, իսկապէս, լաւ հրապարակախօս է ու երգահան: Ան հեղինակին յանձնեց «Գրիգոր Նարեկացի» մետալ:

Գիրքը ներկայացնելով` հեղինակը նշեց, որ էջերուն մէջ ամփոփած է արցախեան երեք պատերազմներու ժամանակ ունեցած իր զգացումներն ու ապրումները:

* Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացուած է «Իմ հայրենիք» խորագիրով լուսանկարներու շարժական ցուցահանդէսը

Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ 15 Փետրուարին բացուած է «Իմ հայրենիք» խորագիրով լուսանկարներու շարժական ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած են խաղաղ եւ պատերազմական օրերու դրուագներ` ինչպէս Արցախէն եւ Հայաստանէն, այնպէս ալ` Ռուսիայէն, Իտալիայէն, Իսրայէլէն, Չեխիայէն եւ Սլովաքիայէն: Նախաձեռնութեան հեղինակը երեւանաբնակ լուսանկարիչ Արմէն Ենգոյեանն է:

Ի աջակցութիւն արցախահայութեան` ան փորձած է մէկ գաղափարի շուրջ համախմբել 23 երկիրներէ լուսանկարիչներ։

* Արցախի հերոս Արթուր Մկրտչեանը կը դառնար 64 տարեկան

պետական գործիչ, Արցախի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհրդի առաջին նախագահ, ղարաբաղեան շարժման առաջամարտիկ Արթուր Մկրտչեան 16 Փետրուարին կը դառնար 65 տարեկան: Նոյյն օրը Ստեփանակերտի յուշահամալիր մէջ Ազգային գործիչին շիրիմին յարգանքի տուրք մատուցեցին եւ շաղիկներ խոնահրեցին Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պատգամաւորներ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, հարազատներ, կուսակցական ընկերներ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ, Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի անդամներ: