Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդի ընթրիք»-ը


Շաբաթ, 4 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ՝ տէր Բաբգէն արք․ Չարեանի հրաւէրով, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդի ընթրիք»-ը՝ ի նպաստ Ազգային առաջնորդարանին: Աւանդական ընթրիքի երեկոն կը վայելէր Առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութիւնը ու տէր եւ տիկին Ալֆրէտ եւ Մարալ Պօղոսեան ամոլի նախագահութիւնը:

Ըստ Առաջնորդարանի հաղորդագրութեան, ներկայ էին Գէմպրիճի Սուրբ Նշան, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներուո հոգեւոր հովիւները, Լիբանանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսը, Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգային պատգամաւորներ, Ազգային երեսփոխաններ, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի շքանշանակիրներ, գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:

Երեկոն սկսաւ բարի գալուստի խօսքով, զոր արտասանեց օրուան հանդիսավարը՝ տէր Յակոբ վարդապետ Եագուպեանը: Բարի գալուստի խօսքէն ետք Հայր սուրբը հրաւիրեց տէր Գեղարդ ծայրագոյն վարդապետ Քիւսպէկեանը, որպէսզի կատարէ ճաշի օրհնութիւնը։

Յանուն Ազգային վարչութեան՝ ողջոյնի խօսքը արտասանեց ատենապետ Ծովիկ Թէրզեանը, մինչ Վարուժան, Յարութ ու Եսայի սարկաւագները հոգեւոր, ազգային եւ ժողովրդական երգերով ճոխացուցին երեկոն։ Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսերիզ մը։

Փակման եւ օրհնութեան խօսքին մէջ, Բաբգէն արքեպիսկոպոսը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա իր գնահատանքը յայտնեց երեկոյթին յաջողութեան համար գործող բոլոր անձերուն, անփոխարինելի նպաստ բերող բոլոր նուիրատուներուն եւ ներկաներուն, որոնք եկած են զօրավիգ ու քաջալեր հանդիսանալու Ազգային առաջնորդարանին ու անոր ազգօգուտ ծրագիրներուն: Իր խօսքին մէջ, Սրբազան հայրը թուեց կարգ մը իրագործումներ, որոնք կատարուած են Ազգային առաջնորդարանի կողմէ թէ՛ Գանատայի, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ սրբազան հայրը նշեց, որ բոլորը աշխատանքները կարելի է իրագործել հաւատալով անոնց տալիք արդիւնքին։ «Եթէ կը վստահինք Աստուծոյ, մեր բոլոր ծրագիրները օրհնեալ կը դառնան», հաստատեց ան։

Ընթրիքը վերջ գտաւ Առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով: