Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ զոյգերու օրհնութիւն՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ


Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ նախատօնակ, ինչպէս նաեւ նորապսակ եւ նշանադրեալ զոյգերու օրհնութիւն: Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հովիւ արժանապատիւ տէր Զարեհ աւ. քհնյ. Զարգարեանին աղօթակից էր, հովիւի օգնական տէր․ Հայարի քհնյ. Թանաշեանը։

Ըստ Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ հրապարակած հաղորդագրութեան, երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ նորապսակ եւ նշանադրեալ զոյգերու օրհնութեան կարգ: Ապա, տեղի ունեցաւ հոգեւորականներու, սարկաւագներու, դպրաց դասի եւ նորապսակ եւ նշանադրեալ զոյգերու թափորը, որ շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր սուրբ խորանէն բերուած մոմով վառուեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը։

Թափորի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ ի պատիւ նորապսակ եւ նշանադրեալ զոյգերուն: Հաղորդագրութեան մէջ եկեղեցին յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Միրզոյեան ընտանիքին, որ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ապահոված եւ պատրաստած էր աւանդական խարոյկը: