Վարդանի խոհերը


Կարօ Սարգիսեան

Ահա բացուեց արեւն փայլակ
Լոյս մարգերուդ անսահման,
Ու հեղեղն դարձաւ շողակ՝
Դաշտ իմ հոգու, դաշտ իմ արեան:

Կը յիշեմ մեր զօրքը շեմիդ կանգնած`
Կը դիտէր լուսաբացը հորիզոնին.
Որ կը պլլուր մեր յոյսերն առ Աստուած,
Մրմնջելու աղօթքիս սրտագին:

Ու աղօթքիս խոր ճամբուն մէջ`
Շաղդ զով ակ իջաւ մօրուքիս,
Եւ օծելով զիս հոգուով մ’անշէջ,
Օծեց ապագան համակ ազգիս:

Այն պահուն, երէցն մեր հոգեւոր՝
Ուսն իմ հպեց խաչ ի ձեռին
Եւ վեհացած յոյսերս բոլոր
Իջան հուրով վառ` սրտիս լուսածին։

Եւ խոյ սաղաւարտն իմ վերցուցի,
Ու կապեցի թուրն պապենական.
Վահանն ձախաձեռն ամուր կցեցի,
Եւ վիզէս պարզեցի կրկնոցն որդան:

Դարձայ ետիս յորդորանք ցանելու,
Հայ կտրիճի երկար սրտին
Բայց սիրտն անոր ցամքած էր հեռուն,
Քաղցրախոյթ թախիծով ահը ոսոխին:

Ու զայրոյթս եղաւ ոստում սլացող
Դէպի նժոյգս ու թամբին բերկրեցայ,
Հանեցի թուրս պատեանէն շողացող
Բառնալով երկինք անոր ցոլքը հսկայ։

Կայծ սփռեց թուրս դէպի կեցած
Կտրիճին սարսափահար աչքերուն,
Ու բիբերէն խմեց փառքն մեր երդուած,
Եւ պինդ բեր, կազմեց ձեռքը դողդոջուն:

Այս առիթով յարեցայ ոսոխին,
Որ խնոցուող ամպրոպն մեր խուժան.
Ուր սեւն բազմութեան ու հուրը դիային,
Կարծես կանչէր մեզ անդունդ մոգական:

Ու մենք լուսաշող թափօր մ’երկնային
Անսասան հզօրութիւն մ’աննահանջ,
Միութիւն անկաշկանդ, լաւագոյնը մեր ազգին
Երդուեցինք կանգնած թուրին տակ լուսաճաճանչ:
Այ բաւ էր լռութիւնն: Շանթեցի թուրս առաջ
Եւ հետն ալ զօրքիս անվկանդ հայեացք,
Ու գոռացի բարբառն անմահ, հիասքանչ՝
«Վա՛սն Յիսուսի, վա՛սն հայրենեաց»

Սուրացինք ոսոխին մթնած շարքերուն,
Ետին լքելով թնդահար որոտում,
Թռանք վրայով Տղմուտի ջրերուն
Ու հիւսուեցանք թշնամոյն խոր շարքերում:

Նետերն երկինքէն խոյթելով` կ’երգէին
Սուրերն պարելով տաղը բամբիռ,
Փիղերն զլաձայն՝ փողերնին հնչեցին,
Եւ կտրիճն դողաց վերջին շունչն իր։

Տղմուտն այդ օրն անշարժ մունջ կեցաւ,
Կեցաւ տռոփումը մռնչող սրտիդ.
Ու փոխան ջրի ոռոգումն հոսեցաւ,
Ինկած քաջերու արիւնն յակինթ:

Եւ երբ իրիկունն իջաւ քողաթափ,
Խաւարելու սուգը աչքերուս անփակ,
Սրտիս իջած յոյսերս լուսաթափ,
Մութը ճեղքեցին դէպի երկինք համարձակ:

Ու դաշտիդ լքուած հայ դիակներն՝
Կարծես սպարապետին կանչը լսած,
Նոյնպէս ժայթքեցան դէպի մթնած աստղերն՝
Տալով լոյսերնին փառքով երդուած։
Այսպէս էր դաշտ իմ, այն օրն խորան դարձար,
Մեր ուխտած փառքին երկնաձիգ մարում,
Ու մենք ազգին մեր մատաղը լուսարար,
Բաշխեցինք սուրբ լոյսն, հայ ազգին անմար հուր:


Այս բանաստեղծութիւնը հրատարակուած է Կարօ եւ Րաֆֆի Սարգիսեաններու «Խոկացող կռունկը» հատորին մէջ (Թորոնթօ, 2011):