Երգին հեղինակը չէր սխալած…


Վահէ Թղլեան

Մեծ սիրով կը կրկնեմ Արցախ իմ այցելութիւնս այն մտերմիկ ու հարազատ մարդոց մօտ, որոնք միայն վստահութիւն կը ներշնչեն. ամուր կամքի, դիմացկուն հոգիի տէր ու ընկրկիլ չիմացող, հայու պայքարող տեսակ մարդիկ:

Ինչքան երջանիկ եմ, որ հաց կիսած եմ իրենց հետ:

«Արցախն է մեզ կանչում…»

Պէտք էր անտեսել բոլոր արգելքներն ու դժուարութիւնները, ու ամէն ոք իր մասնագիտական ներդրումով, իր բաժինը պէտք է բերէ: Եւ այսպէս, Համահայկական գրողներու միութիւնը որոշում կայացուց ու կազմակերպեց ուղեւորութիւն դէպի Արցախ. օրը որոշուած էր, 23 Մայիս 2022։

Պատրաստ էինք, կը մնար մուտքի արտօնագիրիս հարցը: Ճանապարհը կը հսկուէր ռուս խաղաղապահներու կողմէ: Ռուս-ուքրանական պատերազմը սկսած էր, իբրեւ Գանատայի քաղաքացի՝  մուտքս Արցախ կրնային խոչընդոտել ու մերժել: Ստեփանակերտ ապրող տիկ. Անժելա Գաբրիէլեանը Արցախ այցելելու խնդրանքս, իր ծանօթութիւններով, փոխանցեց Արցախի Արտաքին գործերու նախարարին. շատ չանցած՝ հեռաձայնով կը տեղեկացնէր. «Վահէ ջան, ռուսները քո խնդրանքին ընդառաջել են, դու հանգիստ կարող ես գալ Արցախ, մնում է վաղը գնաս Երեւանում Արցախի Հանրապետութեան դեսպանատուն ու վիզադ վերցնես»:

Կրնա՞ք պատկերացնել ուրախութիւնս:

Արցախ երթալը ուխտագնացութիւն է։

Երեկոյեան մնացեալ պատրաստութիւնները աւարտեցի, ապա միացայ հանրահաւաքի քայլերթին: Յոգնած, բայց ոգեւորուած, վերադարձայ տուն: Առաւօտեան Սուրէնը ինքնաշարժով «Թումանեան վերնատան» առջեւ պատրաստ մեզի կը սպասէր: Շատ արագ կը տեղաւորուինք եւ կ՛’ուղղուինք Արցախի դեսպանատունը: Շքեղ շէնք ու յարգալիր վերաբերմունք: Արդէն անունս գիտէին, որովհետեւ արտօնագիրի ուրիշ դիմողներ չկային, քանի որ Հայաստանի քաղաքացիին արտօնագիր անհրաժեշտ չէ: Նոյնիսկ Արցախ մուտքի երեք հազար դրամը չգանձեցին: Շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցանք եւ իսկոյն ուղղուեցանք դէպի Սիւնիք։

Բոլորիս մտահոգութիւնը, միեւնոյնն էր.

– Արդեօք ինչպիսի՞ արհաւիրքէ անցած են ու որքանո՞վ կրնանք մեզի հետ մխիթարութիւն տանիլ:

Ճանապարհին քանի մը տեղ հանգստանալով՝ հասանք Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու սահմանը: Ամենուրէք ռուսական բանակն էր: Արտօնագիրս քննելով՝ հայերէնով «բարի ճանապարհ» մաղթեցին. պատահական հանդիպեցանք ռուսահայ զինուորի մը, թէեւ հայերէն չէր հասկնար, բայց շատ մօտիկութիւն ու յարգանք ցուցաբերեց: Ափսոս հետը նկարուիլ արտօնուած չէր: Անցանք տեղ առ տեղ աւերակուած  Բերձորի մէջէն: Հեռուէն կ’երեւէր լերան վրայ գտնուող եւ աչք ծակող ցուցանակը՝ Ṣuṣa։ Անցանք Շուշիի կողքով ու հայկական հրասայլ-յուշարձանին մօտ՝ տեսանք ցանկապատի ետին երեւցող ազիկները: Վերջապէս հասանք հայկական անցակէտը, դարձեալ ձեւական քննութիւն, ու մենք ուղղուեցանք դէպի Ստեփանակերտ: Այստեղ կեանքը բնականոն էր ու պատերազմի հետքերը՝ դժուար նշմարելի:

Հասանք «Սոֆիա» հիւրանոցը, ուր ոչ մէկ սովորական դիմաւորող սպասարկութիւն կար, այլ՝ երեխաներ, սեւազգեստ երիտասարդ կանայք ու… ամենուրէք թախիծ…։ Հիւրանոցը տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն տրամադրուած էր: Երկար չկրցանք մնալ, յաջորդ հիւրանոցը որ կը կոչուէր Kashtan (Շագանակ), միեւնոյն պատկերը կը ներկայացնէր: Պատերազմի յետազդեցիկ ցնցումը սկսած էր ծանր ազդել մեր հոգեկան վիճակին վրայ: Մեր խօսակցութեան միջամտեց Սուրէնը եւ առաջարկեց երթալ «Եւրոպա» հիւրանոցը, որ Մաշտոցի գրադարանին մօտ էր:

Հապճեպով տեղաւորուեցանք սենեակներուն մէջ ու ճիշդ ժամանակին հասանք արդէն հանրայայտ դարձած, երիտասարդ բանաստեղծուհի Սուսաննա Ղազարեանի «Սէր իմ հայրենիք» գիրքի շնորհանդէսի ու «Դէպի երկիր» մշակութային ծրագիրի գործադրութեան վայրը։ Ժամանած էին պետական հրաւիրեալներ, համալսարանի դասախօսներ, գրականագէտներ, հեռուստացոյցի ու մամուլի ներկայացուցիչներ, բանաստեղծներ, ուսանողներ ու գրասէրներ: Եկած էին տասնեակներով: 

Խմբանկար՝ լուսանկարուած «Սէր իմ հայրենիք» գիրքի շնորհանդէսին (լուսանկարը տրամադրած է հեղինակը)

Քառասնօրեայէն ետք, այսպիսի մշակութային ձեռնարկներ, հանդիպումներ տեղի չեն ունեցած: Համահայկական գրողներու միութիւնը՝ իր կոչումին հաւատարիմ մնալով ու ճանապարհի վտանգները անտեսելով, իր ոգեւորիչ հոգեկան սնունդը հասցուց Արցախ, որ այնքան կարօտը ունի նման հանդիպումներու:

Երգ, ասմունք, յուզմունք ու ոգեւորիչ խօսքեր: Ստեղծուած մթնոլորտը ու խնամքով պատրաստուած յայտագիրը, անմոռանալի օր մը առթեցին ներկաներուն: Հիանալի մշակութային օր էր: Տեղւոյն հեռուստացոյցն ու մամուլը լայնօրէն արձագանգեցին այդ օրուան գեղեցիկ հանդիպումին մասին։

Հանդիպեցանք շատ ծանօթներու. յուզիչ էր մեր բաժանումը:


Վերադարձանք հիւրանոց, մեր սրտերը հանգիստ, որ կրցանք գէթ յոյս, ժպիտ ու ոգեւորութիւն փոխանցել: Քիչ մը հանգստանալէ ետք, դուրս եկանք Ստեփանակերտը գիշերով «ման գալու»: Անձրեւոտ երեկոյ էր ու վիրաւոր Ստեփանակերտը երիտասարդ հարսի կը նմանէր՝ շքեղ խանութներ, ճաշարաններ, եռուզեռ ամէն կողմ, կարծես մարդիկ կ’ուզէին իրենց ուրախութիւնը կիսել ու յայտնել, թէ իրենք ընկճուած չեն, կործանուած չեն: Ոչ ոք կը հաւատար կատարուած ահաւոր աղէտին. Ընդհակառակը, հաւատացած են, որ այդ պատուհասը ժամանակաւոր բնոյթ ունի:

Չափազանց ինքնավստահ ժողովուրդ: Տկարութեան կամ վախի ոչ մէկ արտայայտութիւն: 

Բոլո՛ր երիտասարդները անխտիր անվախ ու կրակոտ աչքերով կ’ըսէին.

– Մենք միշտ էլ պատրաստ ենք գնալ կռուի, միայն թէ կարգին ղեկավար լինի:
Այս տղոց մօտ, յո՛յս կայ, հաւա՛տք կայ, մարտունակ հոգի՛ կայ ու մանաւա՛նդ հայրենիքի հանդէպ անմնացորդ սէ՛րը կայ: Մեր զրոյցներէն ետք «հարազատս» բառը արժեւորուեցաւՅաջորդ առաւօտ կ’ուղղուինք դէպի Մարտակերտ։

Արցախը բնորոշուած է իր պտղատու անտառածածկ լեռներով ու բնութեան գեղեցկութեամբ, որ Լեռնալիբանանը կը յիշեցնէ. հիասքանչ տեսարաններ կը պարզուէին մեր աչքերուն: Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը չէր խնայուած Արցախի նկատմամբ։ Ինքնաշարժին մէջ կ’ապրէի մանկութեանս հեքիաթը ու Հայկանոյշ Միքայէլեանի «Ղարաբաղի զմրուխտ հաւքեր» ինծի ծանօթ երգը մտքէս չէի կրնար անջատել: Արցախի մէջ ինքզինքդ կը զգաս ինչպէս հարազատ տանդ մէջ, տուն, որ գուրգուրանքի կարիքը ունի: Արցախ աշխարհի ձգողականութիւնը մեզի հայ մնալ կը պարտադրէ, իսկ արցախահայերու հետ ընկերային կապը, շփումը մէջդ հայութիւն կը կերտեն, ու ինքդ քեզ զօրաւոր կը զգաս, քանզի Արցախը հայրենիք է:

Շարունակելով մեր շրջապտոյտը, որոշեցինք այցելել Գանձասարի վանքը: Քանի մը տարի առաջ, երբ Արցախ կը գտնուէի, այցելած էի Գանձասարի հրաշք վանքը՝ խումբով: Ճամբուն վրայ, առաջարկեցի տեսնել ժայռափոր «Առիւծի բերան» կոչուած այցեվայրը: Այդտեղ փոքր խոհանոցի մը մէջ ժինգեալով հաց կը պատրաստէին: Առաւօտեան ժամը ութն էր, ու այստեղ կրնայինք նախաճաշել: Երիտասարդ, զինուորական տարազով մատուցող մը մօտեցաւ մեզի: Մայրը պատուէրները կը պատրաստէր։

Ան շատ ուրախ էր ու հպարտ, որ երկու ամիսէն զինուորական ծառայութեան պիտի երթար։ Խնդրեցի մեզի համար երկուքական ժինգեալով հաց պատրաստեն ու հարցուցի, թէ ի՞նչ խմելու բան ունին: Ան անգիր ըրած իր խմիչքի ցանկը. սկսաւ արտասանել.

Թթի արաղ (օղի), ծիրանի արաղ, հոնի արաղ

Սկսայ ծիծաղիլ, իմ հարցումս պտուղի հիւթի մասին էր: Չուզեցի նեղացնել երիտասարդը:

– Շատ լաւ, – ըսի ժպտալով -, իսկ ի՞նչ խորհուրդ կը տաս, որ խմենք։

– Հոնի՛ արաղ, – զարմացած արտայայտութեամբ մը պատասխանեց երիտասարդը, կարծես ըսել կ’ուզէր. «Ախր այդքա՞նն էլ չիմանաք, թէ ի՛նչ պէտք է որ խմէք ժինգեալով հացի հետ»:

Առաջարկը ընդունուած էր.

— Հոնի արաղ:

Յիշատակելի օր էր ու բոլորիս թուշերը հոնի նման կարմրած բարձրացանք Գանձասարի վանքը:

Այս անգամ եւս այցելեցինք  ինծի համար իւրայատուկ ուխտավայրը, որ Լիբանանի Զմմառի վանքը կը յիշեցնէ: Ուշագրաւ, կանաչապատ լեռներու կատարին, 13-րդ դարի ճարտարապետական կոթող մը: Իսկ վանքին դիմաց՝ լեռնաշղթաներու հրաշալի բնապատկեր մը կը պարզուի, զոր աչքերով կը գրկես: Վանքի հիւսիսային պատին վրայ կայ չպայթած հրթիռ մը, որ առաջին պատերազմին խոցած էր պատը, բայց հրաշքով չէր պայթած, ու այդպէս ալ պահած էին: Կառոյցը բարդ է ու գրաւիչ, մուտքը մռայլ, բայց Աստուծոյ մօտիկութիւնը կը զգացուի աղօթքիդ ընդմէջէն: Պատարագի կարիք չկար: Սուրէնը կողքիս կանգնած իր հաւատքը կը վերանորոգէր, իսկ Սուսաննան խորանի առջեւ ծնկաչոք կ’աղօթէր ու չէր կրնար անջատուիլ իր ու Աստուծոյ միջեւ կապէն. բոլորիս մտքերու ուղղուածութիւնը միեւնոյն կողմն էր՝ անդորրաբեր խաղաղութիւն հայ ազգին ու հայրենիքին: Ու ամէն մէկս խնդրանք մը ունէր եւ անտարակոյս վստահ էր, որ անպատասխան պիտի չմնանք:

Յետոյ իջանք «Առիւծի բերան» ու նստանք հաց ուտելու: Զինուորական զգեստով տղուն մայրը ժինգեալով հացերը կը պատրաստէր:

Սպասարկող զինուորականը չկար… Զոհուած էր 44-օրեայ պատերազմին:

Դարձեալ տխրութիւն ու ցասումի խօսքեր:

Իր յիշատակին ու հոնի արաղով՝ մենք անձայն իր երկնային կենացը խմեցինք.

– Յաւերժ փա՜ռք։

Արցախ մեր այցելութիւնը հոգեկան գոհացում մըն էր: Վերադարձի երեկոյեան հիւրասիրուեցանք Գաբրիէլեան ընտանիքին կողմէ, ուր այս անգամ «թոթի արաղ»-ն էր, որ լա՛ւ կարմրցուց մեր թուշերը:

Մտքովս կ՚երգէի.

«Պատուել գիտի միշտ իր հիւրին,
Գիտի գինը աղ ու հացի
Միշտ հիւրասէր ու միշտ բարի,
Միշտ սրտաբաց Ղարաբաղցին․․․ »։

Բնազդաբար սկսայ բարձրաձայն երգել ու բոլորը միացան իմ երգին. դեռ ականջիս կը հնչէ իրենց ձայնը:

Երգին հեղինակը չէր սխալած…