«Եթէ կեանքիդ մէջ փոփոխութիւն կ’ուզես, եկո՛ւր Հայաստան» զրոյց՝ թորոնթոհայ Քրիստափոր Ժոլիի հետ


զրոյցը վարեց՝ Սալբի Սաղտըճեանը

Շատ ուրախալի է, որ սփիւռքահայեր կը հաստատուին Հայաստան, մանաւանդ երիտասարդներ, որոնք իրենց ապագան կը տեսնեն Հայրենիքի մէջ։ Թորոնթոհայ Քրիստափոր Ժոլին երկու տարի առաջ տեղափոխուած է Հայաստան։ Ան խորհուրդ կու տայ երիտասարդ սփիւռքահայերուն գալ եւ նոր փորձառութիւններ ունենալ հոս։ Հայաստանի ներկայ դժուար կացութիւնը չի յուսահատեցներ զինք, ընդհակառակը՝ ան հոս երջանիկ կը զգայ ինքզինք։ «Թորոնթոհայ»-ը զրոյց մը ունեցաւ Քրիստափորին հետ ծանօթանալու անոր՝ Հայաստան ապրելու փորձառութեան մասին։


Սալբի Սաղտըճեան – Ե՞րբ եկաք Հայաստան եւ ինչո՞վ կը զբաղիք հոս։

Քրիստափոր Ժոլի – Օգոստոս 2021-ին «Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) ծրագրով կամաւոր աշխատելու եկայ մէկ տարուան համար։ Շատ հաճելի ժամանակ էր ինծի համար․ գտայ լաւ ընկերներ, կրցայ ծանօթանալ տարբեր մարդոց՝ աշխարհի չորս կողմէն, նոր բաներ սորվիլ, տարբեր տեղեր տեսնել։ Իսկապէս շատ լաւ զգացի այստեղ, քան՝ Գանատայի մէջ։ Գանատան ունի ե՛ւ լաւ ե՛ւ վատ կողմեր․ այնտեղ կրնաս լաւ աշխատիլ եւ բարձր աշխատավարձք ստանալ, բայց հոն ամէն ինչ թանկ է, աշխատանքային կեանքը դժուար է, եւ՝ ամէն տեղ հեռու։ Գանատայի մէջ ըրած աշխատանքս ինծի համար ճիշդ աշխատանք չէր։ Խումբը լաւ էր, աշխատողներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունէի, բայց ինծի համար ճիշդ աշխատանք չէր։ Այստեղի համար կրնամ ըսել՝ «Չեմ ուզեր` այս երազը աւարտի»։ Ուրախ եմ, որ հոս կը գտնուիմ։

Երանի՜ աւելի կանուխ եկած ըլլայի, բայց համաճարակի եւ աշխատանքի պատճառով յետաձգուեցաւ գալս։ Չորս ամիս Երեւանի մէջ աշխատելէ ետք, տեղափոխուեցայ Գիւմրի, ուր իբրեւ «Էքսել»-ի ուսուցիչ նախ աշխատեցայ «Նոր լոյս» հիմնադրամին, ապա՝ Գիւմրիի երիտասարդական պալատին մէջ։ Շատ լաւ ժամանակ էր, կամաւորներու հետ ծանօթացայ, լաւ ընկերներ ձեռք բերի։ Կամաւորական աշխատանքս աւարտելէ ետք, դիմեցի «իԳործ» (iGorts) ծրագրին եւ ընդունուելով աշխատեցայ Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէին մէջ՝ մէկ տարուան համար։

Հետաքրքրական ժամանակ էր, կրցայ շատ բաներ սորվիլ եւ ընել։ Հիմա գանատական ընկերութեան մը մէջ առցանց կ’աշխատիմ։ Կրնամ գանատականով (խմբ. Գանատական տոլարով) վճարուիլ եւ ծախսել Հայաստանի մէջ։ Այս մէկը ինծի հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստան ապրելու։

Հայաստանը շատ առաւելութիւններ ունի, ինչպէս՝ մշակոյթ, մաքուր օդ, լաւ ուտելիք, մաքուր բնակչութիւնը, հետաքրքրական տեղեր եւ զուարճալի գործունէութիւններ։ Թերութիւններէն մէկը այն է, որ աշխատավարձերը շատ քիչ են, իսկ տան վարձքերը՝ շատ բարձր։ Իմ կարծիքով՝ պատճառը պահանջարկին շատ ըլլալն է, իսկ տուները՝ քիչ։ Ռուսերու գալով՝ Երեւանի մէջ տան վարձքերը շատ-շատ թանկացան։ Կը տեսնեմ ինչպէս տունի վարձքը կը բարձրանայ Երեւանին մէջ, երբ ունինք գեղեցիկ քաղաքներ, ինչպէս՝ Գիւմրի, Վանաձոր, Իջեւան եւ այլ քաղաքներ, ուր կրնանք ապրիլ։ Մարզերը աւելի սիրոյ պէտք ունին, քան՝ Երեւանը։ Երեւանը լաւ տեղ է, բայց արդէն բաւարար սէր կը ստանայ, բայց մարզերուն պէտք է սէր տալ, աւելի աշխատանք, աշխատատեղեր, բաներ, որոնք երիտասարդութիւնը պահէ այնտեղ։

ՍՍ – Կը կարօտնա՞ք Թորոնթօն։

ՔԺ – Կը կարօտնամ ծնողքս, ընտանիքս, հարազատներս, ընկերներս, տարբեր տեղեր, ինչպէս Թիմ Հորթընզ, Սթարպաքս, Սի Էն աշտարակը, տեղեր, ուր nostalgia (խմբ․ կարօտախտ) ունիմ։

Համեմատած Հայաստանի՝ Գանատայի թրանզիթ համակարգը եւ առողջապահական կառուցուածքը գնահատելի են։ Բժշկութիւնը Գանատայի քաղաքացիին համար անվճար է: Այստեղ բժիշկները լաւ են եւ հոգատար, բայց սպասելը երկար է, ինչպէս նաեւ՝ բժշկական ծառայութիւնը վճարովի, որ այստեղի համար թանկ է։ Դրամատնային համակարգը բաւական լաւ եւ արդիւնաւէտ Հայաստանի մէջ, այնքան չէ որքան Գանատայինը, բայց ընդհանուր առմամբ լաւ է։ Տոկոսադրոյքը այստեղ աւելի բարձր է, քան Գանատայի մէջ՝ բարձր վտանգի եւ բարձր վարձատրութեան պատճառով։ Գանատայի մէջ երթեւեկութիւնը նոյնպէս հարց է, երկար տարածութիւններ պիտի անցնիս․ ես, օրինակ, երբ նոր սկսայ գործի, օրը երեք ժամ կը տրամադրէի գործի երթալու եւ վերադառնալու տուն, հոս՝ կեդրոնը տասնհինգ վայրկեանէն կը հասնիս մէկ կողմէն միւսը։

Գանատայի մէջ դժուար է ժամադրուիլը (dating), այստեղ մէկու մը հետ ծանօթանալը շատ հեշտ է, ինիսուն տոկոսը հայ են (ատիկա մամայիս համար շատ լաւ է-կը խնդայ), հայկական պար, մշակոյթ կայ, զորս չկան Գանատայի մէջ։

Քրիսը՝ հայրենիքին մէջ (լուսանկարը տրամադրած է Քրիս Ժոլին)

ՍՍ – Երջանի՞կ էք հոս։

ՔԺ – Ինչպէս նշեցի, ես չէի ուզեր, որ երազանքը վերջ գտնէ, բայց իրականութիւնը, ի վերջոյ, եկաւ, եւ ես տակաւին կ’ընդունիմ Հայաստանի իրականութիւնը, թերութիւնները, խնդիրները եւ ամէն ինչը: Երբեմն ինծի կը հարցնեն․«Ինչո՞ւ որոշեցիր տեղափոխուիլ այստեղ»: Միակ յստակ պատասխանը, որ կրնամ տալ, հետեւեալն է․ «Ես այստեղ ինծի աւելի լաւ կը զգամ»:

Շատ մարդիկ կ’որոշեն մեկնիլ աւելի բարեբեր վայրեր, երբ կը զգան, որ չեն կրնար իրենց կեանքը ստեղծել իրենց հայրենիքին մէջ: Անոնք կը հեռանան տարբեր պատճառներով. բարգաւաճում, անվտանգութիւն, նոր կեանք, այնտեղ անոնք իրենց աւելի լաւ կը զգան եւ այլ պատճառներ։ Երջանկութիւնը, սակայն, չես կրնար գտնել զուտ այլ տեղ տեղափոխուելով: Անիկա այն ընկերներն են, որոնք ձեռք կը բերես, աշխատանքն է, որը կ’աշխատիս, սէրը, որ կ’արտայայտես, փորձառութիւնները, որոնք կ’ապրիս, անիկա այն կեանքն է, որ դուն կը ստեղծես շուրջդ: Ես ունիմ հիանալի ընկերներ եւ հիանալի ընտանիք Գանատայի մէջ, բայց ես չկրցայ իմ աշխատանքային կեանքս ստեղծել հոն։ Հաճելիօրէն, ես յաջողութեամբ կերտեցի իմ կեանքը Հայաստանի մէջ: Ես ունիմ հիանալի ընկերներ, հիանալի աշխատանք և հնարաւոր ապագայ Հայաստանի մէջ:

ՍՍ – Արցախի վերջին ցաւալի դէպքերը բոլորս ցնցեցին։ Ի՞նչ կ’ըսէք այդ ուղղութեամբ։ Արցախի հետ պատահածը կը յուսահատեցնէ՞ ձեզ։

ՔԺ – Կը կարծեմ՝ բոլորս ալ կը յիշենք, թէ ուր էինք, երբ 9 նոյեմբեր 2020-ին յայտարարուեցաւ հրադադարը։ Օրուան վերջը ես աշխատանքի էի։ Մինչ Արցախի անձնատուութիւնը եւ գրաւումը, ես կը կարծէի, որ մենք աւելի ուժեղ ենք, շատ աւելի արագ եւ պատրաստ կ’ըլլանք պայքարելու այն ամէնուն համար, ինչը դեռ մնացած է Արցախէն։ Սակայն այդպէս չեղաւ։

Շատերը կը տեսնեն, թէ ինչ կը կատարուի եւ կը յուսահատին այն ամենէն, ինչ տեղի ունեցաւ: Առաւել եւս, որ կը քննարկուի «խաղաղութեան պայմանագիր»-ը։ Նոյն այս պահուն թուրքերը կը տենչան Սիւնիքի մարզին, եթէ ոչ ամբողջ Հայաստանին։ Խաղաղութեան իրենց սահմանումը Հայաստանի լիակատար բռնակցումն է, եւ ատոր համար կանգ չեն առներ։ Մենք պէտք է յոյսը պահենք, որպէսզի պահպանենք մեր անկախութիւնը, ազատութիւնը։ Մենք պէտք է կռուինք յանուն Հայաստանի․ բանակը կը պաշտպանէ մեր երկիրը, մենք ալ ինչով կրնանք օգնենք բանակին. Եթէ յոյսը կորսնցնենք, ամէն ինչ կը կորսնցնենք։ Եթէ բոլորը հաւատան, որ թուրքերը ամէն ինչ պիտի գրաւեն, բոլորը պիտի լքեն Հայաստանը, իսկ Հայաստանը կը մնայ թուրքերուն։

Ահա թէ ինչու հաւատալը ամենակարեւորն է աշխարհասփիւռ հայութեան եւ յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի համար։ Առանց ատոր բոլորս պիտի կորսուինք։

Անդրադառնալով Հայաստանի արտագաղթի խնդրին, շատ մը հայեր կը լքեն Հայաստանը բարգաւաճման համար եւ մեղադրելի չէ։ Աշխատավարձերը ցած են, վարձավճարներն ու հարկերը՝ բարձր։ Հայաստանի մէջ միջին ամսական աշխատավարձը 235 576 դրամ է։ Այլեւս ոչ ոք կրնայ ինքնուրոյն վճարել վարձքը։ Մեր բոլոր խնդիրներուն լուծումը կու գայ այն բանէն, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ նորարարական լուծումներ առաջարկեն եւ իրականացնեն այդ լուծումները, մնալով Հայաստան, շփուելով կառավարութեան հետ եւ անկէ հաշուետուութիւն պահանջեն: Կառավարութիւնը կը ցանկայ, որ մարդիկ անտարբեր ըլլան. Սակայն, մեզի պէտք է, որ անոնք պատասխանատուութեան ենթարկուին:

Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք թշնամիներու յաջորդ յարձակումներուն։ Ազրպէյճանը խաղաղութիւն չ’ուզեր եւ երբեք խաղաղութիւն չէ ուզած. Անոնք մահ կ’ուզեն։ Անոնք կ’ուզեն կործանել Հայաստանը, որովհետեւ իրենց քարոզչութիւնը ատիկա ցոյց կու տայ։ Այս պատճառով միակ բանը, որ կրնանք ընել, յաջորդ պատերազմին նախապատրաստուիլն է։

ՍՍ – Հայաստան գալու խորհուրդ կու տա՞ք սփիւռքահայ երիտասարդներուն, մանաւանդ ներկայ դժուար ժամանակաշրջանին։

ՔԺ – Այո՛, հաստա՛տ, որովհետեւ Հայաստանը հայ երիտասարդներուն աւելի պէտք ունի քան՝ ուրիշ երկիր։ Սփիւռքին դեռ պէտք ունինք, մեծ աշխատանք պէտք է ընենք՝ Գանատայի, Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ՝ ի նպաստ Հայաստանի:

Խորհուրդ կու տամ՝ եթէ երիտասարդ ես եւ չես գիտեր ինչ ընել, եկո՛ւր կամաւոր, մէկ տարի աշխատիր՝ հասկնալու,թէ ի՛նչ կ’ուզես, եթէ կը փնտռես ասպարէզի փոփոխութիւն, եկո՛ւր Հայաստան։ Եթէ կեանքիդ մէջ փոփոխութեան կարիքը ունիս, եկո՛ւր Հայաստան եւ գտի՛ր այդ փոփոխութիւնը, որ կը ցանկաս ըլլայ: