Ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ կրիփէն, պաղառութենէն եւ թագաժահրէն


Բէկի Աւընեան Պապօղլեան

Օնթարիոյի մէջ աշունէն ձմեռ երկարող ժամանակաշրջանը՝ պաղառութիւն (common cold), կրիփ (influenza, flu) եւ շնչառական հիւանդութիւններ պատճառող եղանակ է։ Անոնք կրնան երբեմն երկարիլ մինչեւ գարուն:

Կրիփը, պաղառութիւնը կամ COVID-19 թագաժահրը կրնան յոգնածութեան նման մեղմ ախտանիշներ ի յայտ բերել, իսկ որոշ պարագաներուն՝ կրնան յառաջացնել այնպիսի սաստիկ ախտանիշներ եւ բարդութիւններ , որոնք երբեմն կրնան նոյնիսկ մահ պատճառել: Հետեւաբար, պատուաստուիլը՝ մարմինը հիւանդութիւններու դէմ պաշտպանելու պարզ, ապահով եւ արդիւնաւէտ միջոցն է:

Պատուաստներու տեսակները, ժամանակամիջոցները եւ տարիքային սահմանափակումները

 

Կրիփի պատուաստ

  • FluLaval Tetra, Fluzone® QIV, Fluzone® QIV-HD, Fluad® TIV-adj․
    • Իւրաքանչիւր անձ, վեց ամսական տարիքէն սկսեալ, տարին մէկ անգամ կրնայ կրիփի պատուաստ ստանալ, որովհետեւ կրիփի ժահրերը անընդհատ կը փոխուին, հետեւաբար, իւրաքանչիւր տարուան հետ ժահրերուն դէմ պայքարող ազդեցիկ պատուաստը կը վերանորոգուի (տուեալ եղանակին շրջանառուող ժահրի տեսակին համապատասխան)։

 

COVID-19-ի պատուաստ

  • Monovalent Pediatric Pfizer (XBB)**- Monovalent Pfizer or Moderna(XBB)** – Bivalent Pfizer BioNTech- Bivalent Moderna Spikevax- Novavax (Nuvaxovid)4
  • Իւրաքանչիւր անձ, վեց ամսական տարիքէն սկսեալ, կրնայ COVID-19-ի պատուաստ ստանալ (եթէ նուազագոյնը վեց ամիս անցած է COVID-19-ի վերջին պատուաստումին կամ COVID-19 վարակով հիւանդանալուն):
  • COVID-19-ի պատուաստը կը պաշտպանէ անհատը ծանր վարակէն, ինչպէս նաեւ վարակի երկարատեւ ախտանիշներէն, որոնք կրնան շաբաթներ կամ ամիսներ տեւել։

 

Կրիփի եւ COVID-19 միաժամանակ պատուաստներ

  • Իւրաքանչիւր անձ, վեց ամսական տարիքէն սկսեալ, ըստ փոքրիկի ծնողքին կամ մեծահասակի փափաքին՝ կրնայ երկուքը միաժամանակ (կրիփի եւ COVID-19 պատուաստները) ստանալ, մէկը՝ աջ, իսկ միւսը՝ ձախ թեւին վրայ:
  • Յղիները, ստնտու մայրերը, տարեցները, եւ կամ սրտի, թոքի, շաքարախտի ու բարձր ճնշումի հարցեր ունեցողները, ինչպէս նաեւ մարմինի տկար դիմադրողականութիւն ունեցողները իրենց բժիշկի խորհրդատուութեան դիմելով կրնան պատուաստ ստանալ:

Կանխազգուշացման միջոցներ

Ունինք ամէնօրեայ կանխազգուշացման միջոցներ, որոնք մեզ եւ մեր շրջապատը կը պաշտպանեն վարակներէ. այդ միջոցները հետեւեալներն են՝

  • Ձեռքերը օճառով լուալ կէս վայրկեան տեւողութեամբ (ձեռքին բոլոր կողմերը, մատները, ափը եւ դաստակը շփելով): Անհրաժեշտ է լուացուիլ հասարակական վայրերու մէջ գտնուելու պարագային, տարբեր առարկաներու դպնալէ, փոխադրամիջոցներու եւ վերելակի մէջ գտնուելէ ետք, ուտելէ առաջ եւ յետոյ, ինչպէս նաեւ որեւէ աշխատանք կատարելէ ետք:
  • Հազալու կամ փռնգտալու ժամանակ.
    • Բերանը եւ քիթը ծածկել բազուկով՝ նուազեցնելու եւ կամ կանխելու համար հազի ու փռնգտուքի արտաքսումներու տարածումը:
    • Նախընտրելի է թուղթէ թաշկինակ գործածել, իսկ թաշկինակը գործածելէ ետք արագօրէն թափել ու անմիջապէս լուալ ձեռքերը:
  • Խուսափիլ աչքերուն, քիթին, բերանին կամ երեսին դպնալէ, մանաւանդ երբ չէք օճառուած:
  • Բարեւելու ժամանակ խուսափիլ ուղղակի շփումներէ․ ձեռնուիլ, համբուրուիլ եւ կամ ողջագուրուիլ:
  • Խճողուած վայրերու մէջ դիմակը ճիշդ ձեւով գործածել, դիմակը պէտք է ծածկէ մեր քիթն ու բերան՝ հասնելով մինչեւ կզակը:

 

Ի՞նչ ընել կրիփի ախտանշանները զգալու պարագային

  • Տունը մնալ՝ վարակիչ հիւանդութեան տարածումը նուազեցնելու համար:
  • Շնչառական հիւանդութեան ախտանիշները նկատելու պարագային տնային քննութիւնը կատարել (Rapid Antigen Test-ի միջոցաւ) եւ ըստ այնմ՝ շարունակել հետապնդումը, որպէսզի բժիշկը կողմնորոշուի յաջորդ պատուաստումը կատարելու ուղղութեամբ:

 

Օժանդակող կեդրոններ

Յաւելեալ խորհրդատուութեան համար կարելի է.
Հեռաձայնել 811 կամ առցանց զրուցելու հնարաւորութեամբ կապուիլ բուժքոյրին ու խօսիլ անոր հետ:

  • Ձեզ մտահոգող հարցումները ambassador@schcontario.ca հասցէին ուղղել ե-նամակով:
  • Այցելել Թորոնթոյի բժշկական կեդրոններ:
  •  en.soht.ca/resources/ կայքէջը այցելելով՝ գտնել պատուաստի, ախտաճանաչման եւ բուժման գործօն կեդրոններու հասցէները:
  • Հեռաձայնով խօսիլ շնչառական հիւանդութիւններու մասնագէտ VaxFacts+ Doctor բժիշկին հետ shn.ca/vaxfacts/ կայքէջէն ժամադրութիւն առնելէ ետք: