Համազգայնի «Տաթեւ» մասնաճիւղը կը պարգեւատրէ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանը


Ստորեւ կը ներկայացնենք Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութեան յայտարարութիւնը՝ ազգային եւ մշակութային գործիչ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի պարգեւատրումի մասին:

Մեծատաղանդ՝ Թաթուլ Սոնենց Փափազեան

Համազգայինի Գանատայի Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ, ձեր կատարած Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» հատորի անգլերէն լեզուի թարգմանութեան առթիւ:

Համազգայնի Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղը կը պարգեւատրէ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանը

Հետեւաբար, մասնաճիւղս մեկնած իր առաքելութենէն, ժողովրդային հանդիսութեամբ շնորհանդէս նախաձեռնեց լոյս սփռելու սոյն աշխատանքին ու հաղորդակից դարձնելու մեր հասարակութիւնը ձեր ազգանուէր գրական աշխատասիրութեան, որը իր բնոյթով կը ձգտի աւելին, հայ գրականութիւնը ծանօթացնել ու սեփականութիւնը դարձնել օտար ազգերուն:

Կը մաղթենք բեղուն գործունէութիւն. յուսանք որ մեր յաջորդ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ ո՛չ առցանց, այլ անձամբ ձեր ներկայութեամբ, ու մեզի կը շնորհէք առիթը ներշնչուելու ձեր ազգայնաշունչ անսպառ կամքէն ու կորովէն:

Այս առթիւ ընդունեցէք վարչութեանս կողէ ձեռնարկի ընթացքին ձեզի խոստացուած պարգեւատրումի յուշանուէրը: Մեր ջերմագին բարեմաղթութիւնը կը փոխանցենք ձեզի այս առթիւ:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութիւն