Եգիպտահայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան Թորոնթոյի Մէջ


Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան, Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի եւ Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին հետ

Մատաթ Բ. Մամուրեան

5 Յունիս 2022-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ կամարներուն տակ Ս․ եւ անմահ պատարագ մատուցեց ու իր պատգամը փոխանցեց Եգիպտահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան:

Գերշ. Աշոտ Սրբազանը, Գանատա ժամանած էր Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հրաւէրով՝ մասնակցելու Թեմիս 38-րդ Պատգամաւորական ժողովին:

Եգիպտահայոց առաջնորդը Ս․ Պատարագ մատուցեց, առ ընթերակայ ունենալով Թեմիս փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ աւագ քահանայ Զարգարեանն ու հովիւի օգնական Տ. Հայարի քահանայ Թանաշեանը: Ս․ Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագները, իսկ ներդաշնակօրէն երգեցողութիւնը կատարեց Դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սոնա Արթինեանի:

Եկեղեցին լեցուն էր բազմութեամբ հոծ հաւատացեալներու, որոնք եկած էին Սրբազան հօրմէն օրհնութիւն ստանալու եւ եգիպտահայ գաղութի մեր հայրենակիցներու մասին տեղեկութիւն ունենալու:

Յաւարտ Ս․ պատարագին, եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահի մէջ, տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիրով ճաշկերոյթ մը՝ նուիրուած եգիպտահայ համայնքին, ի պատիւ Տ. Աշոտ սրբազանին: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Թեմիս առաջնորդ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի:

Գանատայի, Հայաստանի եւ Եգիպտոսի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սալբի Գաճէմեան, ապա, Տ. Աբգար Սրբազան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Պարէթ Սանթուրճեան, որ ելոյթ ունեցաւ թմբուկով, խոստումնալից երիտասարդներէն Ռէմի Կըրկէս ասմունքեց Ժագ Յակոբեանի «Մենք կը շինենք» բանաստեղծութիւնը, ցուցադրուեցաւ «Եգիպտահայութիւնը դարերու ընդմէջէն» տեսերիզը, որ համադրած էր Սալբի Գաճէմեան եւ իր ներդրումը ունեցած էր Գեղամ Փափազեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ ազգի զաւակ, Օնթարիոյ նահանգի վերընտրեալ խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան, խօսք առաւ նաեւ Ս. Մարիամ եւ Ս. Սամուէլ Խոստովանահայր Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիներու հովիւ Տ. Ճօն քահանայ Սարգիսը (Pastor of St. Mary and St. Samuel the Confessor Coptic Orthodox Churches), որ ընթերցեց համայն Ղպտաց քահանայապետ Տ. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքի ողջոյնի գիրը։

Յաջորդաբար իրենց օրհնութիւնն ու սրտի բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին, Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան ու Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, ապա, Տ. Զարեհ աւագ քահանայ Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամը եւ շնորհաւորեց ձեռնարկի յատուկ յանձնախումբին անդամ-անդամուհիներն իրենց տարած աշխատանքին համար, որ ստեղծած էր եգիպտական մթնոլորտ մը: Յիշատակի նուէրներ յանձնուեցան Տ. Աշոտ եւ  Տ. Աբգար սրբազան հայրերուն:

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար սրբազանի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք ներկաները առիթ ունեցան մօտիկէն ծանօթանալու Տ. Աշոտ Սրբազանին հետ:

Շնորհաւորելի էր կազմակերպիչ յատուկ յանձնախումբի անդամները եւ օգնականները, որոնց բծախնդիր աշխատանքով ձեռնարկը դարձաւ անմոռանալի եւ ստեղծուեցաւ զուարթ մթնոլորտ մը:

Ի պատիւ Տ. Աշոտ սրբազան Մնակցականեանի ճաշկերոյթէն պատկերներ