Նամակ՝ մեր ընթերցողներէն․ «Ոսկեղնիկ մեր լեզուով ստորագրես գեղեցիկ յօդուածներ»


Ազնիւ տիկին Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան,

Օրեր առաջ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Յ. Մանուկեան գրադարանի գրատարածի վարչութեան միջոցաւ ստացայ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի Ապրիլ 2022-ի թիւը։ 

Անսահման ուրախութեամբ եւ յուզմունքով կարդացի գրական բաժնի էջ 13-ի մէջ տպուած՝ «Քեսապի Հերոս Ովսիա Սաղտըճեանի կեանքն ու սխրագործութիւնները»՝ «Քեսապի Տային» գիրքի գրախօսականը։

Գրախօսականը կը կրէր ձեր ստորագրութիւնը։

Դուք, հայրս՝ Քեսապի Տային, չէք ճանչցած երբեք, բայց ձեր գրախօսականը գրուած էր այնքան գեղեցիկ եւ ամբողջական, որ կարծես երկար տարիներու մօտիկ ծանօթներ ըլլայիք։ Ամփոփ ու սեղմ տողերու մէջ կրցած էիք ներկայացնել գրքին պարունակութիւնը, բնորոշել հերոսը իր նկարագրի գիծերով ու արժանիքներով ու տուած էիք պատշաճ գնահատական։

Ձեր սահուն, մաքուր ու խնամուած հայերէնը ուղղակի հաճոյք ու հիացում պատճառեց ինծի։ 

Ապրիս երկա՜ր, քաջառողջ ու ոսկեղենիկ մեր լեզուով ստորագրես գեղեցիկ յօդուածներ, ծանօթացնելով մեր լեզուն եւ մշակոյթը, մասնաւորաբար, մեր նո՛ր սերունդին, որ այնքան կարիքը ունի հայերէնի ուսուցման։

Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝

Մ. Փանոսեան

15-06-2022

Պէյրութ