Գրասէրներու խմբակի «Կաղանդչէք» հաւաքը սիրտ ու հոգի ջերմացուց


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան 

Կաղանդի ուրախ մթնոլորտը, խրախճանքը եւ փոխանակուած նուէրներու հրճուանքը անցած էին, իսկ մենք՝ թորոնթոհայերս, անհամբեր Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին խոստացած կաղանդչէքին կը սպասէինք եւ վստահ էինք, որ այդ նուէրը անմոռանալի պահեր պիտի շնորհէր մեզի՝ սպասողներուս։

Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքին՝ «Կաղանդչէք»-ը տեղի ունեցաւ կիրակի, 29 յունուար 2023-ին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս, ուր մեծ թիւով գրասէրներ եկած էին անգամ մը եւս թարմացնելու սոյն Նոր տարուան անգին յուշերը։

Գրադարանին ձախ անկիւնը կարմրականաչաւուն, հայկական զարդանախշերով հիւսուած ծածկոցով սեղանին վրայ տեղադրուած միրգերը, չիր ու չամիչը, քաղցրեղէններն ու հայկական զարդերը ներկաները կամայ-ակամայ փոխադրեցին Հայաստան աշխարհ, ուր հայաբոյր Կաղանդի «Կաղանդչէք»-ը սկսաւ մարմնաւորուիլ գրասէրներուն աչքին առաջ։

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Աննա Մարիա Մուպայէտ եւ ըսաւ.  «Այսօր պիտի փորձենք մեր առօրեայ հեւքէն ու հայ ազգը պատած մտատանջութիւններէն քանի մը վայրկեան անջատուիլ, պտոյտ մը կատարելով հայ գրականութեան էջերուն մէջ եւ կեանքի կոչելով Կաղանդի, Ծնունդի կամ Ամանորի նիւթը շօշափող ստեղծագործութիւններու ծաղկաքաղ մը։ Շատեր գրած են Կաղանդի մասին. ոմանց ստեղծագործութիւններուն մէջ, ինչպէս Սիամանթոյինը՝ թախիծներու մէջ կորած հին օրերու իրիկուն մըն է, որ կը նկարագրուի, ոմանք ալ, ինչպէս Երուանդ Օտեան, հարց կու տան, թէ ի՞նչն է նորը Նոր տարուան մէջ։ Մուշեղ Իշխան իր նամակին մէջ Կաղանդ պապային կը դիմէ եւ կը խնդրէ, որ ան Մասիս սարին տակ անիւ դնէ եւ զայն քշէ դէպի հայրենիք։  

Այն ինչ որ պիտի լսէք այսօր, կը ներկայացնէ հարիւր տարիներու ընթացքին գրուած արեւելահայ, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ ստեղծագործութիւններու համադրում մը, ուր անկասկած պիտի հանդիպիք նորութիւններու։ Ուշի ուշով մտիկ ըրէք ներկայացումներուն՝ հեղինակին անունը գիտցողին փոքրիկ անակնկալ մը կայ»։

Հաճելի անակնկալներով լի այդ ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցան Նոր տարուան մասին տասներկու  այլազան ոճերու ստեղծագործութիւններ։ Իւրաքանչիւր ընթերցումի աւարտին, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ գուշակելու հեղինակին անունը. ճիշդ պատասխան տուողը ստացաւ միրգերու փոքր տոպրակ մը եւ խնձոր։ Ապա ներկայացնողը հակիրճ տեղեկութիւններ բաժնեց գրողին մասին։ 

Ներկայացուած գործերը հետեւեալներն էին՝ «Նոր տարին» (Մեծարենց), «Նոր տարու հետ նորանալով» (Սահեան), «Ծնունդ» (Թեւեան), «Առաւօտ լուսոյ» (Միսաքեան), «Ամանոր» (Զահրատ), «Եւ բոլոր անոնց» (Իգնա Սարըասլան), «Կաղանդչէք» (Զահրատ), «Ամանոր» (Աննա Մարիա Մուպայէտ), «Ծառ» (Զահրատ), «Նոր տարուայ գիշեր» (Մետաքսէ), «Արի նոր տարի» (հատուած, Սեւակ)։

Մեկնաբանութիւնները, բծախնդրութեամբ պատրաստուած ծրագիրը, ներկայացումներուն համապատասխան նկարաշարն ու այս առթիւ պատրաստուած սեղանը բարձր գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ։

Ներկաները կը բարձրաձայնէին հեղինակներուն անունները եւ իւրաքանչիւր ճիշդ գուշակողը, թանկագին նուէր մը ստացողի ուրախութեամբ, կը ստանար միրգն ու չիրը եւ անհամբեր կը սպասէր յաջորդ հեղինակին ստեղծագործութեան։ Կարծես թէ ներկաներուն համար իսկական Նոր տարին այդ վայրկեաններուն կը վերակենդանանար։

Հայաշունչ եւ հայահունչ մթնոլորտի մէջ գտնուող գրասէրները անյագ փափաքը ունէին աւելին ու աւելին լսելու եւ անհամբերութեամբ հեղինակին անունը գուշակելու։

Այս աննախընթաց «Կաղանդչէք»-ին իրենց մասնակցութիւնը բերին խմբակի անդամներէն Ժպիտ Քէշիշեան, Աննա Մարիա Մուպայէտ, Շանթ Տէօքմէճեան, Ալիք Պապողլեան, Ռիթա Խաչոյեան, Հայկ Յարութիւնեան եւ Լոռի Պէրպէրեան, որոնք հեզասահ եւ ճիշդ շեշտադրումներով ներկայացուցին իրենց բաժին հասած բանաստեղծութիւններն ու արձակ գրութիւնները։

Մի քանի բանաստեղծութիւններու ընթերցումէն ետք, Աննա Մարիան խօսեցաւ հայկական Նոր տարուան ծագումին մասին, ըսելով՝ «Հայկական դիցաբանութեան համաձայն, բնութեան աստուած՝ Վանատուրը խնձոր մը նուիրելով սէր խոստովանած է իր ապագայ կնոջը՝ Ամանորին, եւ ի պատիւ իրեն Նոր տարին ստացած է Ամանոր անունը։ Ըստ աւանդոյթի, Ամանորի գիշերը մարդիկ կը ներէին զիրենք վիրաւորողներն ու իրարու խնձոր կը նուիրէին։ Բառացիօրէն՝ ամանոր բառը, որ կազմուած է «ամ» եւ «նոր» բառերէն,  կը նշանակէ նոր տարի։ Իսկ ի՞նչ է Նաւասարդը. ան հայոց Նոր տարին է, որ դարեր առաջ Օգոստոսին կը տօնուէր»։ Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցին հայկական Նոր տարուան մասին բացատրութիւններ տուաւ եւ ներկայացուց հայկական տօնածառի զարդերը ու բացատրեց անոնցմէ իւրաքանչիւրը մարմնաւորող իմաստները հայ ընտանիքին ու հայ անհատին համար (այստեղ կրնաք դիտել):

 Ձեռնարկը շարունակուեցաւ եւ խմբակի անդամները իրենց ներկայացուցած ծաղկաքաղին հմայքը անգամ մը եւս փոխանցեցին ներկաներուն։

Յայտագիրի աւարտին, Գրական յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Արմինէ Թորիկեան գիրքեր նուիրեց խմբակի անդամներուն, առ ի գնահատանք իրենց մասնակցութեան, նշելով, որ գիրքերը սովորաբար կը տրամադրուին Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն. իսկ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ եւ Գրական յանձնախումբի ատենապետ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան հրաժեշտի  խօսքին մէջ հետեւեալ շեշտադրումը ըրաւ. «Սիրելինե՛ր, մենք միշտ ուրախացած ենք ձեր ներկայութեամբ, սակայն այսօր առաւել եւս ուրախ ենք ներկաներուն մէջ նոր սերունդի ներկայացուցիչները տեսնելով։ Մեր փափաքն է, որ երիտասարդները ո՛չ միայն ըլլան հանդիսատես, այլ իրենք ալ իրենց մասնակցութիւնը բերեն մեր նախաձեռնած գրական առիթներուն եւ մաս կազմեն մեր յաջորդ ձեռնարկներուն»։

Հրամցուած խնձորներէն աւելի համեղ եւ չիրերէն աւելի քաղցր՝ սիրտ ու հոգի ջերմացնող «Կաղանդչէք»-ը հասած էր աւարտին, սակայն հոգեպարար պահեր ապրող ներկաները, ջերմիկ զրոյցներու շուրջ համախմբուած, կը գովերգէին աննախադէպ այդ ձեռնարկի ընթացքին հրամցուած արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններն եւ անոնց հեղինակներուն գործերը։ 

Ստորեւ, հաճելի ընթերցանութիւն մաղթելով, կը տեղադրենք ներկայացուած բանաստեղծութիւններէն  քանի մը հատը.


ՆՈՐ ՏԱՐՈՒ ՀԵՏ ՆՈՐԱՆԱԼՈՎ (Հ. Սահեան) 

Հրաժեշտի ու հանդիպման

Երանելի մի ակնթարթ …

Զրը՜նգ, զրը՜նգ, – ծոր է տալիս

Ժամացոյցի զանգը հանդարտ: 

Սեղանների վրայ թողած

Իր օրհնութիւնն ու իր բարին, 

Հարազատի յօժարութեամբ

Հեռանում է յոգնած տարին: 

Մանուկ տարին իր սպիտակ

Խանձարուրից աչքը բացում, ? 

Ուրախութիւն, ուրախութիւն, 

Ուրախութիւն է խոստանում: 

Ուրախանանք նոր տարու հետ –

Նոր տարու հետ նորանալով, 

Հին հոգսի հետ մեր քունքերի

Ճերմակն անգամ մոռանալով …

Եկէք մաղթենք – այսպէս կանգնած

Սեղանների շուրջը հարուստ –

Գնացողին՝ բարի ճամբայ

Ու եկողին՝ բարի գալուստ: 

Խմենք կենացն այս նոր տարու, 

Մի քիչ բացուենք ու արթնանանք, 

Տխրութիւնը միշտ կը լինի, 

Այսօր մի լաւ ուրախանանք, 

Մեր սրտերում ուրախութեան

Կրակն այսպէս թող ճարճատի, 

Որ ծիծաղներ ծաղկին՝ ծալ-ծալ

Ակօսներում մեր ճակատի: 

Ուրախանանք նոր տարու հետ, 

Նոր տարու հետ նորանալով, 

Դալարելո՛վ մեր կեանքն ապրենք, 

Ոչ թէ դանդաղ չորանալով …

Խաղաղութիւն մաղթենք հողին, 

Մաղթենք՝ ամէն սար ու ձորում

Բողբոջներին բացուելու բախտ

Եւ ծիլերին՝ հասկաւորում: 

Սիրողներին մաքուր սիրոյ

Հաւատ մաղթենք մի հաստատուն, 

Իմաստունին կորով մաղթենք, 

Եւ կտրիճին՝ իմաստութիւն: 

Մերձաւորին վստահութիւն, 

Մեծաւորին ներող հոգի, 

Բարուն ազատ թեւեր մաղթենք

Եւ բարութիւն՝ ամէն ոքի: 

Բոլոր մարդկանց մաղթենք՝ իրար

Ջերմացնող մի ջերմութիւն, 

Մի մտերիմ, մի մտերիմ, 

Մի մտերիմ մտերմութիւն: 

Ուրախանանք նոր տարու հետ

Նոր տարու հետ նորանալով, –

Մեզ աւելի լաւ ճանաչենք

Մեր հոգու մէջ խորանալով…

Եկէք խմենք մեր այս միակ, 

Անկրկնելի կեանքի կենաց, 

Մեր ձեռքերի ճարտարութեան

Ու մեր արդար ջանքի կենաց, 

Այս նոր տարուայ առաջին ձեան

Եւ առաջին ծաղկի կենաց …

Զարկենք թասերն ու դատարկենք

Մեր այս սեղան-սինու կենաց, 

Քանի գինին մեզ չի խմել, 

Խմենք նաեւ գինու կենաց …

Մեր սրտերում ուրախութեան

Կրակն այնպէս թող ճարճատի, 

Որ էլ հոգսի հետք չմնայ

Կնճիռներում մեր ճակատի: 

Ուրախանանք նոր տարու հետ, 

Նոր տարու հետ զօրանալով, –

Շտկենք սապատն այս աշխարհի, 

Թէկուզ մի քիչ կորանալով:

ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ (Զահրատ)

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ

Եթէ գիտնամ

Թէ վերջընթեր Կաղանդին

          Պիտի նուէրս ընդունիս

ժպիտներուն ամէնէն կոյս

Ամէնէն լոյս

Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ սիրելիս 

Նուէրներուն ամէնէն կոյս 

Ամէնէն լոյս եւ ամէնէն իշխանականը 

զատած 

Եթէ գիտնաս թէ կը սպասեմ սիրելիս 

Զոյգ ձեռքերըս սրտիս նման քու անունիդ 

երկարած

Հարիւր Կաղանդ ալ կը մընամ առանց քեզի սիրելիս

Գիտնամ միայն թէ վերջընթեր Կաղանդին

ժպիտներուն ամէնէն կոյս

Ամէնէն լոյս

Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած

Պիտի գաս

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ – սիրելիս

               Գիտնամ միայն

               Թէ անպայման

Կաղանդներուն ամէնէն կոյս

                 Ամէնէն լոյս 

Եւ ամէնէն երազային հարիւրերորդ

Կաղանդին

Մշտադալար եղեւինի մը տակ լուռ

Պիտի հալինք պիտի հատնինք անէանանք միասին

               Անվերադարձ Կաղանդներուն պէս կեանքին

Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ

Գիտնամ միայն որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ սիրելիս

ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ (Միսաք Մեծարենց) 

 Այս գիշեր հագուած, սգուած նոր տարին 

Առտուան լոյսին կըսպասէ տենդոտ. 

Ոգիներ անդարձ կորզեցին տարի ՜ն 

Մեր գրկէն հինին ձայները ծանօթ: 

 Նոր տարւոյ ընծայ պայծառ լուսնկան 

Սազեր է գիւղին լեռները բոլոր. 

Երգերը ծերին, ճիչերը մանկան 

Կ’արձագանգեն թունդ խազերով մոլոր: 

 Իղձերու շարք մը պլլուած սրտինª 

Վառ յոյզերու մէջ կ’օրրէ զայն ուժգին. 

Բորբոքած հուրքովն յոյզերու անշէջ 

Կը ծփան սիրտերն ըղձանքներու մէջ: 

 Գիշերուայ վերջին պահերուն լռին 

Ձայներն ու լոյսեր յանկարծ կը մարին. 

Եւ բեհեզներովն կապոյտ կամարին 

Պճնուած աշխարհ կու գայ նոր տարին: 

ԱՌԱՒՕՏ ԼՈՒՍՈՅ (Շաւարշ Միսաքեան)

Ամէն Ամանոր շողշողուն հեռանկարներ կը բանայ, ի վերջոյ թաղուելու համար մշուշին մէջ, մռայլ ու միօրինակ։ 

Մանաւանդ երբ արեւը կ’ողջունենք օտարութեան մէջ, արմատախիլ եւ ծփուն։ 

Արդէն մեր կռնակն ունինք աւելի քան երեսուն տարուան բեռ, եւ սարսուռ մը կը համակէ մեզ, երբ կը մտածենք մնացեալի մասին։ 

Մինչեւ ե՞րբ։ Ինչպէ՞ս։ ինչո՞ւ այսպէս… 

Իսկապէս լոյս կը ծագէր մեր գլխուն վերեւ, երբ կը լսէինք դարերէն բխած եղանակը- «Առաւօտ լուսոյ»։ 

Հաւատքի եւ աշխատանքի արեւը ջերմութիւն կը ցանէր մեր բոլորտիքը։ 

Եւ կը քալէինք ու կը քալէինք, մեր հայեացքն ուղղած դէպի լեռները, – դէպի բարձունք եւ խորութիւն։ 

Այսօր մեր ծունկերը կը կթոտին լուսացնցուղ պողոտաներու զառիթափին վրայ եւ մեր աչքերը կը յոգնին օրը իրիկուն չեղած։ 

Եւ սակայն պիտի քալենք։ Ճամբաները պիտի կտրենք անընդհատ ու անվհատ, միշտ ջահ ի ձեռին։ 

Ջահը գիտութեան, ստեղծագործութեան եւ ինքնապաշտպանութեան։ 

Մեր երգը պիտի ըլլայ միշտ- «Առաւօտ Լուսոյ»։ Բոլոր ճակատներուն վրայ։ Բոլոր ցամաքներուն վրայ։Ծովուն դիմաց թէ լերան ստորոտը։ 

Որքան խուսափի «Արեգակն արդար», այնքան պիտի դառնանք ժիր։ Ըմբոստ եւ տոկուն։ 

Նախ՝ մենք մեզի հանդէպ, որպէսզի կարենանք ուրիշէն իրաւունք պահանջել ճակատաբաց։ 

Պիտի ունենանք պայծառ տեսակէտներ եւ քաջութիւն՝ զանոնք պաշտպանելու։ 

Պիտի գիտնանք լողալ, որպէսզի կարենանք մէկ ափէն միւսն անցնիլ մեր սեփական ուժերով։ 

Պիտի գիտնանք երիտասարդացման աւիշը ներարկել ցիրուցան բազմութեանց, որպէսզի կարենայ թօթափել հնութեան եւ թմրութեան փոշիները։ 

Ճամբան պիտի հարթենք յառաջապահ երիտասարդութեան մը համար, անոր ներշնչելով ազգային հպարտութիւն եւ հայրենասիրութիւն։ 

Պիտի կազմենք միացեալ ճակատ՝ յանուն տարագիր բազմութեանց ինքնապաշտպանութեան եւ ինքնուրոյն, բազմագոյն մշակոյթի։ 

Ոչ ծոյլ եւ նկուն համակերպում, ոչ ալ քարացած սովորամոլութիւն։ 

Երիտասարդացում՝ նա՛եւ գրականութեան, գեղարուեստի, գիտութեան եւ հանրային գործունէութեան մէջ։ 

Թող Նոր տարուան եւ բոլոր գալիք տարիներու ընթացքին մեր մաղթանքն ըլլայ միշտ «Առաւօտ լուսոյ», բայց երբեք «Աշխարհ Ամենայն»։ 

Երէկ՝ օրուան պահանջն էր երգելով մեռնիլ։ 

Այսօր՝ ապրիլ երգելով։ Աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան երգի մը վերածելով մեր կեանքը։ 

Հայրենիքի կարօտն անգամ պէտք է պրկէ մեր ջիղերը, լաւագոյնս կազմակերպելու համար մեր ինքնապաշտպանութեան պայքարը, ցամաքէ ցամաք։ 

Լո՛յս, լո՛յս, մեր բոլոր ընդունակութեանց յարաճուն եւ ներդաշնակ զարգացումով։ 

Յարատեւ ճիգ ու պրպտում՝ մեր անցած ճամբաներուն վրայ։ Ինչպէս երէկ՝ դժոխային պայմաններու տակ։ 

Մշուշը ուշ-կանուխ պիտի փարատի մեր հորիզոնին վրայ, քանի կը մնանք հաւատարիմ՝ մեր արեւահամ երգերուն։ 

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԳԻՇԵՐ (Մետաքսէ)

Թէ աշխարհում փակ դռներ կան,

թող որ բացուեն այս գիշեր,

Ու Նոր տարին նոր խնդութեամբ

թող ներս մտնի այս գիշեր

Թէ կան դատարկ, համր տներ`

մանկան ճիչով թող լցուեն,

Ով փնտռում է սրտանց մէկին`

յանկարծ գտնի այս գիշեր:

Թէ կան լացող, տխուր աչքեր,

թող ծիծաղեն այս գիշեր,

Կանչող ձեռքերն իրար հասնեն,

հրաշք ապրեն այս գիշեր:

Թէ կան սրտեր` չար նախանձով,

դառնան բարի ու ներող,

Եւ ուրիշի ուրախ կեանքով

խանդավառուեն այս գիշեր:

Թէ մոլորուած անցորդներ կան,

դարձի թող գան այս գիշեր,

Սրբագործուած սիրով մտնեն

իրենց օջախն այս գիշեր,

Թէ կան բախտի փշոտ ճամբէք,

թող ծաղկունքով կանաչեն

Ու երջանիկ սպասումով

բոլորն արբեն այս գիշեր…

Թէ աշխարհում պանդուխտներ կան,

թող տուն դառնան այս գիշեր,

Հայրենական յաւերժութեամբ

ողջագուրուեն այս գիշեր:

ԵՒ ԲՈԼՈՐ ԱՆՈՆՑ (Իգնա Սարըասլան)

Եւ բոլոր անոնց համար որ կ՚աշխատին այս գիշեր

Անոնց

որ պահ մը իսկ չեն զգար թէ կաղանդ է

Անոնց

համար որ կաղանդ չունին

Անոնց

որոնց համար կաղանդ չէ այս գիշեր

Բաժակս բոլոր անոնց գալիք կաղանդներուն

ձիւնի նման հալող երազներուն համար կը բարձրացնեմ

Բաժակս բոլոր անոնց հուժկու մկաններուն

հզօր ուղեղներուն կենաց կը պարպեմ

Բայց

բայց բաժակս

հեծկլտուքի

հեծկլտուքի մը նման

փշուր – փշուր

կը փշրուի