Ընկեր Սերոբ Վեսոյեանի յիշատակին


Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անդամ՝ ընկերուհի Սեւան Հաճիարթինեանի արտասանած դամբանական խօսքը՝ ընկ. Սերոբ Վեսոյեանի թաղման արարողութեան ընթացքին:

Սիրելի սգակիր հարազատներ եւ ընկերներ,

Երկարատեւ անողոք հիւանդութեան մը հետեւանքով, քանի մը օր առաջ, մեզմէ բաժնուեցաւ ընկեր Սերոբը, եւ իր մեկնումով, բոլորս մատնեց խոր սուգի։

Անհաւատալի է այսօր կարդալ այս խօսքերը ընկերոջ մը մասին, որուն աննկուն կամքը, բարձր եւ ուրախ ոգին, քաղցր ժպիտը եւ խրախուսիչ խօսքերը մեզի հաւաստիացուցած էին, որ ինք երբեք չի բաժնուիր մեզմէ:

Ընկեր Սերոբի կորուստը պատճառ դարձաւ, որ անդրադառնանք, թէ մեր կողքին տարիներ շարունակ ունէինք բարեկամ մը, ընկեր մը, «պապա» մը, հարազատ մը, որ թէեւ սպասելի բայց շատ հապճեպօրէն հրաժեշտ կու տայ մեզի, մինչդեռ մենք կը կարծէինք, որ վերջնական բաժանումի պահը դեռ հեռու է։ 

Թարգմանը հանդիսանալով ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան շարքերու զգացումներուն՝ կը հաստատեմ, որ մեր շրջանը կորսնցուց կուսակցութեան գաղափարական հաւատամքին ու քաղաքական ուղիին հաւատարիմ ու ջատագովը հանդիսացող ուղղամիտ կուսակցական մը:

Ընկ. Սերոբ իր կուսակցական երթը սկսաւ Լիբանանի մէջ, 63 տարիներ առաջ եւ շարունակուեցաւ Թորոնթոյի մէջ, 1978-ի Լիբանանեան պատերազմի օրերուն:

Թորոնթօ հաստատուելէն ետքն ալ, իր համեստ նկարագիրով, ընկ. Սերոբ հնազանդօրէն ստանձնեց եւ յաջողութեամբ պսակեց իրեն վստահուած ամէն պարտականութիւն, սակայն երբեք չուզեց ինքզինքը տեսնել բացայայտ պաշտօններու վրայ: Ո՞վ չի յիշեր ընկեր Սերոբը նստած Հայ կեդրոնի քաֆիթերիան, ամէն օր, ընկերներով հաւաքի պատրուակով՝ կեդրոնիս պահակութիւն կատարելու պատասխանատուութիւն ստանձնած: Ո՞վ չի յիշեր զինքը Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութեան մէջ իր անխոնջ գործունէութեամբ: Եւ ապա ինչպէ՞ս մոռնալ անոր պատրաստած համադամ ճաշերը, մանաւանդ խորոված ձուկը, կեդրոնիս ճաշարանի պաշտօնը ստանձնած ժամանակ:

Չարքաշ կեանք մը վարեց ընկ. Սերոբ: Եօթանասունական թուականներէն սկսեալ մինչեւ իր Թորոնթօ հաստատուիլը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, ընկ. Սերոբը պէյրութահայ գաղութի ինքնապաշտպանութեան գործունէութեան մէջ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցաւ: Մարտական պատասխանատու ընկեր Սերոբը մարզեց ու դաստիարակեց սերունդ մը, որոնք իրենց կարգին ստանձնեցին պատասխանատու պաշտօններ, Լիբանանեան պատերազմի ընթացքին եւ պաշտպանեցին հայահոծ շրջաններն ու լիբանանահայութիւնը:

Մեր խօսքը պարզապէս յետ մահու գնահատական մը պիտի ըլլայ հաւատարիմ դաշնակցականի, պարզ ու համեստ, խոնարհ ընկերոջ մը: Ընկ. Սերոբը կոմիտէութեանս ամէնէն պարտաճանաչ ու հաւատաւոր ընկերներէն մէկն էր: Միշտ ներկայ բոլոր ժողովներուն անխտիր: Անընդունելի էր իրեն համար պարզապէս բացակայիլ կուսակցական ժողովէ մը: Մեր ժողովներուն համն ու հոտը, կուսակցական վէճերը հանդարտեցնողը, երիտասարդներուն «պապան» ու նեցուկը:

Եւ այսօր կը մեկնի այս աշխարհէն միանալու իր գաղափարակից ընկերներուն:

Յանուն ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէին եւ շարքային կուսակցական ընկերներուն, նախ եւ առաջ, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր տիկնոջ, զաւակներուն եւ թոռներուն, մեր հանգուցեալ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն: 

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք նաեւ մեր բոլոր ընկերներուն ու համակիրներուն, որոնք մօտէն ծանօթացած, յարաբերած ու գործակցած են ընկ. Սերոբին հետ, թէ՛ լիբանանի մէջ, թէ՛ հոս:

Երթդ բարի, ընկեր Սերոբ, հոգիիդ ճախրանքը յաւերժանայ, ընկեր: Այո, յոյսդ մենք ենք, կը շարունակենք մեր սուրբ գործը:

Արդէն կարօտցած ենք: