Աղաղակներ գիշերին մէջ (Շուշիին)


Խաչիկ Տէտէեան

Երկինքը կը գոռայ, կը տեղայ յորդառա՜տ՝
Բարկութիւնն իր յապաղած,
Մեղեդիները երգին՝ կը բերեն անդորր,
Մինչ սրտեր մերթ կը նուաղին, մերթ կը պոռթկան:

Հուսկ պիտի լռեն երկինք, ու սրտեր զայրացկոտ.
Դադա՞րն է, թէ նախերգանք մը միայն,
Օ՜հ ոչ, սա սկիզբն է ցուրտ ու դաժան ձմրան՝
Որ պիտի տեղայ՝ ե՛ւ զայրոյթ, ե՛ւ տենչանքը գարնան:

Ու գիշերին մէջ անայգաբաց, խո՜ր ու խոնաւ,
Կը փախչինք չբուժուող մեր ցաւերուն ահագնութենէն,
Կը դառնանք թափառական ու անխորհուրդ ուրուական՝
Աւարտող երգին հետ, ուղիներէն տարտամ…

Երկինքը կը գոռա՜յ, խամրող սրտեր կ’աղաղակեն
Թախծութիւննե՜ր, բարկութիւններ՝ ահագնացո՛ղ…

2022