Կեանքը Տարբեր Է Հոս…


Պէյրութէն համայնապատկեր մը

Լոռի Պէրպէրեան

Լոռի Պէրպէրեան

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին կենսական պէտքեր, որոնց բացակայութեան մարդկային կեանքը կը վերածուի յարատեւ տանջանքի: Անոնք են` ջուրը, հացն ու լոյսը: Աշխարհի նորօրեայ յառաջացումները այդ հիմնական պէտքերու շարքին աւելցուցած են` համացանցը, գործն ու դրամը: Իսկ ներկայիս` օրուան որեւէ մէկ ժամուն լիբանանցին զրկուած է այդ պէտքերուն գոնէ մեծամասնութենէն: Այդ առումով, Լիբանանի ու այլ երկիրներու միջեւ կայ կեանքի մակարդակի հսկայական տարբերութիւն:

Այս անտանելի վիճակը իւրաքանչիւր անձի կեանքին մէջ տարբեր ձեւով դրսեւորուած է: Լիբանանի տնտեսական վիճակին ու անհաւատալի սղութեան իբրեւ հետեւանք` լիբանանցին երկար ժամանակէ շատ մը բաներու կարօտ մնացած է: Այդ պատճառով ներկայիս շատ մը լիբանանցիներու լեզուն չորցած է Աստուծոյ փառք տալէն: Շատերու համար այլեւս ամէն կաթիլ ջուրը հրաշքի պէս արտասովոր երեւոյթ է: Իւրաքանչիւր հացի կտորը` հրճուանքի առիթ, իւրաքանչիւր այցելու` տարիներէ չտեսնուած մտերիմ ընկեր: Վերելակի մէջ անցուցած իւրաքանչիւր երկվայրկեանը` տօնի արժանի եղելութիւն, իսկ ելեկտրականութեան գոյութիւնը` անակնկալ պարգեւ: Լիբանանցին, որ իր գիշերային կեանքով ճանչցուած էր, հիմա կը պայքարի լոյսի դէմ, որ ինքնիրեն իրաւունքը տուած է ճշդելու լիբանանցիին քնանալու ժամը: Լիբանանցին, որ իր վայելքին համար ծախս չի խնայեր, հիմա ստիպուած է հաշիւ ընելու ամէն քայլը: Բարեբախտաբար լիբանանցին միշտ լուծումը կը գտնէ այսպիսի խնդիրներու: Սակայն ոմանք այնքան կարիքաւոր են, որ իրենց ցաւերը միայն Աստուած կրնայ դարմանել ու ուրիշներուն պատմելով` աղօթքներ կը հաւաքեն:

Այս հարցերը այնքան գէշ չեն թուիր, երբ զանոնք դիտես իբրեւ զբօսաշրջիկ: Ի վերջոյ, մարդը երեք-չորս շաբաթ կրնայ դիմանալ առանց մնայուն ելեկտրականութեան, համացանցի կամ ջուրի: Սակայն հազիւ այդ խնդիրները քիչ մը երկարին, հանդուրժելը կը դժուարանայ, ու սովորական պարտականութիւնները մարտահրաւէրներու կը վերածուին: Իսկ եթէ չորս շաբաթէն մարդը պիտի չմեկնի երկրէն, կը սկսի մնայուն լուծումներ ճարել, նոյնիսկ մտածել երկիրը լքելու կարելիութեան մասին: Երեք շաբաթ առաջ, երբ հասայ Լիբանան, այստեղի ընկերային կեանքի ջերմութենէն ու վայելքի մթնոլորտէն հմայուած` համոզուեցայ, որ պէտք է դարձեալ Լիբանան փոխադրուիմ: Այս գաղափարներովս մօտաւորապէս երկու շաբաթ ինքզինքս զուարճացուցի ու բոլոր խօսակիցներս ամբողջովին ապշեցուցի: Սակայն երրորդ շաբաթէն սկսեալ սկսայ Լիբանանը համտեսել ճիշդ լիբանանցիի պէս` իր բոլոր լաւ ու վատ կէտերով, ու թեւերս թրջուեցան: Որոշեցի կեդրոնացնել ուժերս` հեռաւոր երկրիս մէջ ապրելու, աշխատելու ու ապագայ կերտելու վրայ: Տխուր իրականութիւնը այն է, որ սովորական լիբանանցին աւելի հանգիստ երկիր մը մեկնելու առաւելութիւնն ալ չունի:  Ան հոս կ’ապրի ու հոս ալ պիտի մնայ երեք շաբաթէն շատ աւելի երկար ժամանակ:

Սակայն որքան ալ չարչարանքի կրնայ նմանիլ լիբանանցիին ներկայ կենցաղը, արտագաղթողին սիրտը յաւերժ կը կարօտնայ Լիբանանի լեռները ու ծովափները, անոր բարձունքներն ու ձորերը, բարեկամներն ու դրացիները, եւ այս բոլորին ճոխութիւնն ու սրտանց ապրելակերպը: Կեանքը տարբեր է Լիբանանի մէջ, լաւ ու վատ իմաստով: Տարբեր է…