Աշխարհահռչակ գանատահայ խմբավար Փիթըր Ունճեան պիտի ղեկավարէ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը


Գանատահայ խմբավար Փիթըր Ունճեան

Աշխարհահռչակ գանատահայ խմբավար Փիթըր Ունճեան շուրջ 25 տարուան դադարէ մը ետք պիտի ղերկավարէ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեան): Համերգին մենակատարն է ամերիկացի յայտնի ջութակահար Ռապըրթ Մքտաֆին Robert McD:

Ունճեանի ղեկավարութեամբ համերգները տեղի պիտի ունենան Երեւանի մէջ 17 Յունիսին, իսկ Գիւմրիի մէջ` 18 Յունիսին։

15 Յունիսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ան նշած է, որ պատմական հայրենիք՝ Հայաստան, երբ ոտք դրած է, զգացած է նոյնը, ինչ որ 25 տարի առաջ, բայց՝ հիասքանչ տարբերութեամբ։

«Տարբերութիւնը անհաւանական է։ Երեւանը դարձած է անճանաչելի, դարձած եւրոպական, համաշխարհային քաղաք, 25 տարի առաջ ան դեռ սովետական երկիր էր, իսկ հիմա եւրոպական երկրի տպաւորութիւն կը ձգէ։ Կը տեսնեմ, որ մարդիկ իրենց ազատ կը զգան, առաջ մարդիկ աւելի փակ էին իրենց մտածողութեամբ», ըսած է երաժիշտը։

Այս անգամ ան Հայաստան եկած իր քոյրերուն, անոնց ամուսիններուն, կնոջ ու որդիին հետ։

Ունճեան մեր ժամանակներու լաւագոյն խմբավարներէն է: 14 տարի եղած է Թորոնթոյի սիմֆոնիկ նուագախումբի երաժշտական տնօրէնը, այսօր նաեւ ճանչցուած է Թորոնթոյի գլխաւոր ստեղծագործական շարժիչ ուժը: Այժմ ան Քոլորատոյի սիմֆոնիկ նուագախումբի գլխաւոր խմբավարն է: Միջազգային մամուլն ու յայտնի երաժշտական քննադատները Ունջեանը կը նկարագրեն որպէս մագնիսական ձգողութեամբ, հզօր մեկնաբանութեամբ, արուեստի կատարեալ հմտութեամբ խմբավար, որուն իւրաքանչիւր ելոյթը վառ իրադարձութիւն է: