ՀՕՄ-ի վիթխարի առաքելութիւնը. հարցազրոյց՝ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեանին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Հայ Օգնութեան Միութիւնը մէկ դարէ աւելի է, որ իր մարդասիրական բազմածաւալ եւ անխափան գործունէութեամբ լոյս ու յոյս կը ներշնչէ աշխարհի չորս ափերուն տարածուած հայ ազգի զաւակներուն: Իր առաքելութեանը յարատեւ հաւատարիմ մնացող ՀՕՄ-ը, մարդասիրական գաղափարի ծիրէն ներս, համակիրներու անսակարկ սիրոյ եւ անձնուրաց նուիրումի արժէքներով զինուած, իր ծննդեան տարեթիւին վրայ նոր թիւեր կ’աւելցնէ արժանապատուօրէն։

ՀՕՄ-ի ԿԵդրոնական Վարչութեան ատենապետ` ընկերուհի Նայիրի Տէրտէրեան Թորոնթոյի մէջ կը բանախօսէ (լուսանկարը տրմադրած է ՀՕՄ-ը)

Այս ծիրէն ներս, Թորոնթոյի մէջ երկու կարեւոր միջոցառումներ տեղի ունեցան վերջերս։ Առաջինը` Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 59-ամեակին նուիրուած՝ ՀՕՄ-ի Օրուան տօնակատարութիւնը, 12 Յունիս 2022-ին, իսկ երկրորդը` ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի 30-ամեակին եւ ՀՕՄ-ի 110-ամեայ յոբելեանի տօնակատարութիւնը, 2 Յուլիս 2022-ին։

Զոյգ տօնակատարութիւններուն բերկրալի առիթով, Ամերիկայէն Թորոնթօ ժամանած, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ դոկտ․ Նայիրի Տէրտէրեանին հետ զրուցեցինք ՀՕՄ-ի ազգանուէր մարդասիրական գործունէութեան մասին։

Քալիֆորնիոյ Սթանֆորտ համալսարանի Juris Doctorate Միջազգային օրէնսդրութեան ճիւղը աւարտած, դոկտորայի վկայականը (PHD) միեւնոյն համալսարանէն ստացած՝ միջազգային սահմանադրութեանց մարզէն ներս մասնագիտացած Նայիրի Տէրտէրեան, 27 տարիներ շարունակ ՀՕՄ-ի անդամ եղած է ու որպէս ատենապետ, առ այսօր, կը ղեկավարէ ՀՕՄ-ի միջազգային աշխատանքները եւ գործունէութիւնը՝ 27 տարբեր երկիրներու մէջ։ Ան Հոկտեմբեր 2020-ին գործուղուած էր հայրենիք կազմակերպելու ՀՕՄ-ի միջազգային մարդասիրական աշխատանքները՝ Արցախեան 44 օրեայ պատերազմի ընթացքին։ 

Արցախէն վերջերս ժամանած ու այդտեղի մեր հայրենակիցներուն կարիքներուն քաջատեղեակ ատենապետին հետ զրուցեցի ՀՕՄ-ի հիմնադրութենէն մինչ օրս, ինչպէս նաեւ դէպի ապագայ երկարող պանծալի ուղիին մասին։

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Ինչպէ՞ս կրնանք բնութագրել ՀՕՄ-ի բազմամեայ տարիներու այլազան ու բազմապիսի մարդասիրական գործունէութիւնը։

Նայիրի Տէրտէրեան- Մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ ՀՕՄ-ը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է աշխարհասփիւռ։ Համամարդկային եւ համազգային արժէքներով, աւելի քան մէկ դար, անընդհատ գործող որեւէ կազմակերպութիւն՝ ազգանուէր ծառայութիւնն է իր հարազատ ժողովուրդին ու հայրենիքին, եւ անաչառ պատմութիւնն է, որ կ’արժեւորէ ու կ’ընդունի զայն իր էջերէն ներս՝ որպէս օրինակելի արժէք եւ անջնջելի իրականութիւն։ Այդպիսին էր ամբողջ տասնամեակներ՝ հայ կնոջ կամքը, գութն ու սիրտը ներկայացնող ՀՕՄ-ը, եւ անկասկած այդպիսին պիտի մնայ գալիք ապագային եւս, որովհետեւ ՀՕՄ-ը՝ գիտակից իր շրջապատին յարափոփոխ կարիքներուն, ընթացաւ միշտ քայլ պահելով ժամանակին, որպէս այժմէական տեսլականով ծրագրաւորող համահայկական միութիւն ու միջազգային լայնատարած կազմակերպութիւն։

ՀՕՄ-ի անդամները իրենց յարգանքի տուրք կը մատուցեն՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհուած հերոսներուն, Պռօշեանի «Զօրաց» պանթէոնէն ներս, 2022 (լուսանկարը տրմադրած է ՀՕՄ-ը)

ՀՕՄ-ը իր ծառայութեամբ կը հոգայ հայ ժողովուրդի մարդկային, հոգեկան, Ֆիզիքական կարիքները եւ կը ձգտի պահպանելու հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը՝ սփռելով գութ ու բազմաբնոյթ կարեկցութիւն։ Անոր առաքելութիւնն է՝ քաջալերել կրթութիւնը, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ եւ նպաստել կանանց հեղինակութեանը։ Ան միշտ պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու հոն, ուր կարիքը ստեղծուած եւ պահանջքը ներկայացուած է։ Հայ ժողովուրդին հարազատ ծոցէն ծնած ու սնած միութիւնը միշտ պիտի մնայ պատնէշի վրայ, հաւատարիմ մնալով իր համազգային, համամարդկային, բարեսիրական եւ մարդասիրական ուխտին՝ յանուն հայ ազգին մշտադալար ապագային։

ՏՄԿ.- Արցախի 44-օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մղձաւանջէն ետք գործուղուեցաք Արցախ՝ ձեռք մեկնելու վիրաւոր Արցախին։ Ինչպիսի՞ կացութիւն կը տիրէ հոն այսօր։

ՆՏ.- Անդամահատ ու վիրաւոր Արցախը այսօր անմիջական կարիքը ունի համայն հայութեան՝ պահելու եւ պահպանելու համար ազատ ապրելու իրաւունքը, այդ սրբազան պարտականութիւնը կ’իյնայ բոլորիս ուսերուն, անխտիր։ Արցախի ժողովուրդը պատրաստ է մեծ զոհողութեան՝ իր ամբողջական ազատագրութիւնը իրականացնելու համար։ Կասկածէ վեր է, որ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր բոլոր միաւորներով, կանգնած կը մնայ այդ համահայկական պայքարի դիրքերուն վրայ, որպէս մեր ժողովուրդի կարիքները ապահովող կազմակերպութիւն՝ անոր գոյատեւման եւ պայքարի ոգին բարձր պահելու։

ՏՄԿ.- Վստահ եմ , որ Արցախի եւ արցախահայութեան կարիքները անթիւ են ու անհամար, ՀՕՄ-ը ինչպիսի՞ ծրագիրներ կը մշակէ այդ ուղղութեամբ։

ՆՏ.- Նոյեմբեր 2020 թուականէն ի վեր ՀՕՄ-ը զանազան ծրագիրներ մշակած է Արցախեան պատերազմի հետեւանքով կորուստ ունեցող ընտանիքներուն, ըլլայ այդ որդեկորոյս ընտանիքներու վերանորոգ ծրագիրը, որուն շնորհիւ մեր սփիւռքեան ընտանիքները կրնան հովանաւորել երեխայ մը, կամ ընտանիքի մը պարագաները, որոնց հայրը կամ մայրը զոհուած է պատերազմի օրերուն։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Արցախի մէջ, 2022 (լուսանկարը տրմադրած է ՀՕՄ-ը)

Ասոր կողքին, գրեթէ մէկ միլիոն դոլար գումար ծախսեցինք՝ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքները ապահվելու եւ իրենց վերադարձը հաստատելու, որպէսզի անոնք կառչած մնան իրենց հողին։

Մեր վերջին եւ հաւանաբար ամենէն կարեւոր ծրագիրը, ըստ Արցախի կարիքներուն՝ արեւային տաք ջուրի մատակարարումն է Արցախէն ներս։ Մօտօրէն պիտի սկսինք տեղադրել այդ արեւային ջրատաքացուցիչ գործիքները Արցախի մէջ։ Այս ծրագրին առաջին հանգրուանը Գանատայի միաւորը հովանաւորած է 100,000 դոլարով, իսկ Արցախի պետութիւնը խոստացած է մէկով-մէկ հաւասար ներդրում ունենալու, որպէսզի կարենանք աւելի մեծ թիւով ընտանիքներու հասանելի դառնալ։ Անշուշտ, աշխատանքը հանգրուաններով պիտի ընթանայ, եւ հասանելի պիտի ըլլայ կարիքաւորներուն, 44-օրեայ պատերազմի մասնակիցներուն եւ կամ զոհեր ունեցած ընտանիքներուն։

ՏՄԿ.-Ինչպիսի՞ հրատապ եւ անհրաժեշտ պահանջքներ կան այսօր Արցախի մէջ։

ՆՏ.- Արցախցիները մեծամասնութեամբ վերադարձած են Արցախ, եւ բնականաբար մեր միաւորը այդ ընտանիքներուն կարիքները կը հոգայ։ Ազերիները Արցախի կազը անջատած եւ մատակարարման գիծերը քանդած էին, հետեւաբար անմիջական պահանջքը այն էր, որ այս ձմեռնամուտին կարենայինք միջոց մը գտնել Արցախի բնակիչներուն տաք ջուր ապահովելու եւ իրենց բնակարանները ջերմացնելու՝ բուքէն ու սառնամանիքէն զանոնք փրկելու, ուստի կը կազմակերպենք այդ աշխատանքները։

Ներկայիս, 100-է աւելի կամաւոր ընկերուհիներ մեղուաջան աշխատանքով կը ծառայեն Արցախի մէջ, ուր նոր գաղութներ եւ համայնքներ կը ստեղծուին, որովհետեւ Շուշիի եւ Հատրութի շրջաններու բնակիչները, դժբախտաբար, այսօր մնացեր են անտուն ու անօթեւան ու անոնք նոր շրջաններու մէջ կը հաստատուին։ Անոնք ՀՕՄ-էն կը պահանջեն նոր՝ «Սօսէ» մանկապարտէզներու հիմնումը, որովհետեւ մեր 12 մանկապարտէզներէն չորսը յանձնած էինք պետութեան եւ ունէինք 8 մանկապարտէզներ, սակայն այսօր այդ 8-էն չորսը անցած է թշնամու ձեռքը եւ մեզի մնացած է միայն չորս մանկապարտէզ։

«Սօսէ» մանկապարտէզի աշակերտեր (լուսանկարը տրմադրած է ՀՕՄ-ը)

ՏՄԿ.- Միջին արեւելքի՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ հայութեան ճգնաժամային անել կացութիւնը եւ հոն ապրող հայ համայնքի վիճակը շատ ծանր է այսօր, իսկ դիմակայած դժուարութիւնները անտանելի։ ՀՕՄ-ը այս պարագային ինչպէ՞ս օգնութեան ձեռք կը մեկնէ անոնց։

ՆՏ.- Անցնող երեք տարիներու ընթացքին, մենք` հայերս դէմ առ դէմ գտնուեցանք, թէ գաղութային, եւ թէ համազգային անել հարթակներու վրայ։ Ազգովին մեր առջեւ կուտակուեցան ֆիզիքական եւ թէ հոգեկան աւերուածութիւն, որոնց վերաշինութեան եւ վերականգնման այլազան շինութիւնները, բնականաբար, կախեալ կը մնան մեր ներուժին միակամ անյապաղ գործադրումէն։

Սուրիոյ պարագային կան «Տաքուկ բնակարան», «Տաքուկ ճաշեր» եւ այլազան ծրագիրներ։ Հոս դրական կէտը այն է, որ սուրիահայ համայնքը կը փորձէ դարձեալ ինքնաբաւ ըլլալ եւ այդ ուղղութեամբ մեծ ջանք կը թափէ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը (ՍՕԽ)։ Հոն սկսած են «Նարօտ» մակնիշով ձեռային աշխատանքն ու ասեղնագործը առցանց վաճառելու, ինչպէս նաեւ տաք ճաշերը։ Անշուշտ տակաւին տագնապը կայ, սակայն անոնք բարդացած վիճակը կը փորձեն յաղթահարել։

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը (ԼՕԽ) բաւական կայուն դարձած է եւ սկսած է վերամշակել իր ծրագիրները եւ զայն ներկայացնել ժողովուրդին։ ԼՕԽ-ը ունի «Տաքուկ ճաշ»ի ծրագիրը, Պուլղուրճեան բժշկական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ իրենց «Ձեռարուեստից կեդրոն»ը, որ բոլորովին քարուքանդ եղաւ (նաւահանգիստի պայթումին պատճառաւ), սակայն հիմա վերստին սկսած է գործել այդ կեդրոնը։ Անշուշտ, երկու գաղութներու պարագային ալ, տնտեսական տագնապը բաւական ծանր է։

Ուքրանիոյ մեր հայրենակիցներուն մղձաւանջը չափազանց լուրջ է, հրատապ են կարիքները ու այլազան։ ՀՕՄ-ը այս ուղղութեամբ անխափան աշխատանք կը տանի օգնութեան ձեռք մեկնելու իրենց տունէն ու տեղէն հեռու մնացած անօթեւան մեր հայրենակիցներուն։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը միշտ եղած է աղէտեալին եւ տուժող հայորդիին կողքին եւ գիտակցելով իր կամաւոր պարտականութեան, ան կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութեան վրայ մնալ, յանուն իր ժողովուրդի բարօրութեան:

«1910-ին Ամերիկայի մէջ, օտար ափերու վրայ, հիմնադրուած մեր կազմակերպութիւնը իրաւասութիւնը տուած է կանանց կազմակերպութիւն մը ստեղծելու այն ժամանակ, երբ շատ մը երկիրներ իրաւունք չէին տար կանանց հողատէր դառնալու կամ քուէարկելու»: (լուսանկարը տրմադրած է ՀՕՄ-ը)

ՏՄԿ.- ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանի տօնակատարութեան առիթով ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք կայտառ եւ աշխատունակ ՀՕՄ-ուհիներուն։

ՆՏ.- ՀՕՄ-ուհիներուն միայն ու միայն գնահատական խօսքեր կրնամ ըսել։ 1910-ին Ամերիկայի մէջ, օտար ափերու վրայ, հիմնադրուած մեր կազմակերպութիւնը իրաւասութիւնը տուած է կանանց կազմակերպութիւն մը ստեղծելու այն ժամանակ, երբ շատ մը երկիրներ իրաւունք չէին տար կանանց հողատէր դառնալու կամ քուէարկելու։ Տարիներու ընթացքին ՀՕՄ-ը յաջողութիւններ արձանագրած է ոչ միայն իր հաւատարիմ անդամներուն, անհամար համակիրներու զօրակցութեան, այլ՝ նաեւ շնորհիւ հաւատարիմ նուիրատուներուն եւ հաւատարիմ խօսնակներուն, որոնց շնորհիւ գտնուած են նուիրատուներ, որոնք յարատեւ եղած են այս վեհ կազմակերպութեան քաջալերողները։ Համաշխարհային մեր կազմակերպութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նուիրատուներուն, որոնք կը հաւատան մեր գործին եւ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութեան շնորհիւ առիթ կու տան մեզի կատարելու մեր ազգանուէր առաքելութիւնը։

Ահաւասի՛կ, այս ամէնը չէր ըլլար, եթէ չըլլար մեր անխոնջ ընկերուհիներուն աշխատանքը։