Վարդանանց տօնակատարութիւն՝ Թորոնթոյի մէջ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

«Այս հաւատքէն մեզի ոչ ոք կրնայ խախտել. ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…»։

ԵՂԻՇԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին, Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Վարդանանց՝ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» կարգախօսը կրող ոգեկոչում-տօնախմբութիւնը, կազմակերպութեամբ՝ Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմինին: Ձեռնարկը նուիրուած էր հազար երեսուն եւ վեց սրբացած վկաներուն։ Վարդան սպարապետի եւ իր զօրական ընկերներուն հերոսականը պատահական դէպք մը չէ եղած Հայոց պատմութեան մէջ, այլ զօրավարը իր դրոշմը ձգած է հայ մտածողութեան եւ ազգային ինքնութեան վրայ առ այսօր եւ յաւիտեան։

Միջյարանուանական մարմինի ատենապետ Յակոբ Ճանպազեան իր բացման խօսքը սկսաւ յիշելով Արցախ հայաշխարհի գոյամարտին իրենց կեանքերը ընծայաբերած հայոց քաջարի, նահատակ զինուորներուն եւ պատմական Կիլիկիոյ, Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի մեր արիւնակիցներուն, որոնք զոհ դարձան բնութեան սարսափազդու եւ աւերիչ երկրաշարժին։ Ատենապետը ներկաները հրաւիրեց վայրկեան մը լուռ, յոտնկայս յարգելու բոլոր նահատակներուն եւ զոհերուն յիշատակը։

Ճանպազեան իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Թորոնթոհայ գաղութը իր տարբեր բնագաւառներով եզակի է իր տեսակին մէջ, մանաւանդ հայ երեք համայնքներու՝ Հայ աւետարանական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ առաքելական երկու եկեղեցիներու կողմէ ծնունդ առած Միջյարանուանական մարմինի քրիստոնէակեդրոն գոյութեամբ։ Մեր ուրախութիւնը անսահման է այսօր, երբ այս անգամ Հայ աւետարանական համայնքի սրբազան եկեղեցւոյ մէջ կրկին կրցանք միասնական ջանքերով կազմակերպել Վարդանանց դիւցազնամարտի սրբացած հերոսներու յաղթութեան 1572-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, որուն համար գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են այս ձեռնարկին եւ յայտագրին յաջողութիւնը ապահովելու համար եւ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ըսելով. «Սիրելինե՛ր, հայատրոփ եւ իր տեսակին մէջ եզակի թորոնթոհայ գաղութին ծառայելու ձեր ոգին միշտ անսպառ մնայ եւ մշակոյթի անդաստանէն ներս ձեր նուիրումը մշտապէս թող ըլլայ օրհնաբեր, որպէսզի անսասան մնայ հայոց եկեղեցին եւ հայ մշակոյթը՝ այսօր եւ միշտ։ …Այո՛, սիրելինե՛ր, մենք քաջ Վարդանի թոռներն ենք քաջարի…»։

Յայտագիրը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով, որմէ անմիջապէս ետք Աստուածաշնչական ընթերցումներ կատարեցին, նախ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա ծվ․ Գիրեջեան ընթերցեց Սաղմոսներու գիրքէն «Փառաբանութեան աղօթք» ( 27/1-9), ապա՝ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Հռութ Տեմիրճեան ընթերցեց Սաղմոսներու գիրքէն «Աղօթք յաղթանակի համար» ( 20/1-9), իսկ Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Վարդան ծվ․ Թաշճեան ընթերցեց Պօղոս Առաքեալի կողմէ Տիմոթէոսին գրուած երկրորդ նամակէն՝ «Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ զինուորը» (2/1-13)։ Աստուածաշնչական ընթերցման վերջինը կատարեց՝ Գանատահայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ, Ս. Երրորդութիւն հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեան` Պօղոս Առաքեալի կողմէ Եփեսացիներուն գրուած նամակէն «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» (6/10-20)։

Աստուածաշնչական ընթերցումներուն շնորհած գոհունակ ու հոգեպարար պահերէն ետք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւուրեան» երգչախումբը (խմբավար՝ Անուշ Գալստեան, դաշնակ՝ Թալին Արթինեան֊-Գըլըպոզեան) երգչախմբային կատարումներով արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին։ Արամ Շահպազեան իր կուռ եւ քաղցր ձայնով մեներգեց «Քաջ Վարդան» երգը, որմէ անմիջապէս ետք՝ «Նորահրաշ պսակաւոր» վերնագիրով Վարդանանց շարականը կատարուեցաւ, ապա՝ Ռ. Պատկանեանի, իսկ երաժշտութիւնը Ն. Շահլամեանիստեղծագորութիւնը եղող՝ «Լռեց։ Ամպերը եկան» երգը յուզեց ունկնդիրները։ Երգացանկին վերջին երգով՝ «Իմ Հայրենեաց հոգի Վարդան» (խօսք՝ Սիմոն Ֆէլէկեանի, երաժշտութիւն՝ Վահան Պէտէլեանի), ոգեւորուած ներկաները բուռն ծափողջիւններով գնահատեցին երաժիշտները։

Ժագ Ս. Յակոբեանի՝ «Մենք»-ը, իր իւրօրինակ եւ ազդեցիկ ոճով ասմունքեց թորոնթոհայ երիտասարդուհի Լոռի Պէրպէրեանը, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօսը։

ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի վաստակաշատ ուսուցչուհի, Տիկին Սիլվա Փայլեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու ըսաւ. «Ինչպէս ամէն տարի, ահաւասի՛կ, այս տարի եւս համախմբուած ենք՝ յիշելու Վարդանանց պատերազմի հերոսները, որոնք իրենց հերոսացումով կը վկայեն, որ քրիստոնէական հաւատքը անփոխարինելի է։ Երբ կը խօսինք Վարդանանց պատմութեան մասին, անկասկած կ’իմաստաւորենք մեր կեանքը` մեր հայրերու կեանքով, եւ աւելին` կ’ուզենք նոր սերունդը դարձնել ժառանգորդները մեր նախահայրերուն հաւատքին»։

Բանախօսը մէջբերեց եւ յիշեց՝ Վարդանանց պատերազմի շարժառիթը, 451-ին սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի իմացեալ մահով հերոսաբար կռուիլն ու «Վասն կրօնի եւ վասն հայրենեաց» նշանաբանով նահատակուիլը, 1036 նահատակները եւ ի վերջոյ Վահան Մամիկոնեանի օրով կնքուած Նուարսակի դաշնագիրը, որուն շնորհիւ քրիստոնեայ հայը խոր շունչ մը առաւ ու շարունակեց կառչած մնալ իր հաւատքին։

Ան շեշտադրումը դրաւ ազգն ու կրօնքը պահպանելու գաղափարին վրայ եւ ըսաւ. «Ամէն հայ քրիստոնեայ պէտք է իր ուսերէն թօթափէ հատուածական տրամադրութիւն առթող բոլոր տեսակի մօտեցումները. իր աղօթքը պէտք է կեդրոնացնէ միայն ու միայն գլխաւոր հրամայականին վրայ, որուն գլուխն է Քրիստոսը։ Ազգ ու եկեղեցի միասին կը զօրանան։ Այսօր, դժբախտաբար, Վարդաններն ու Ղեւոնդները կը հեռանան ոմանց կեանքէն, ու անոնց նպատակը կ’ըլլայ նիւթական հարստութիւն, վայելք կամ կեանքի հաճոյք, որոնք մնայուն արժէքներ չեն»։

Բանախօս ուսուցչուհին խօսքը ուղղելով նոր սերունդին եւ անոնց ծնողներուն ըսաւ. «Սիրելի’ հայորդիներ, լաւ է, որ քալենք Հայոց պատմութեան հետ եւ տեսնենք մեր աչքերուն առջեւ տողանցող պատկերները Տղմուտ գետի եզերքին, ինչպէս նաեւ Եփրատին, որուն քով դարձեալ զոհուեցան մեր նախահայրերը. միաժամանակ տեսնենք ազգիս կատարած նուաճումները` արուեստի եւ գիտութեան մէջ, իսկ սփիւռքի մէջ, հայու զօրաւո՛ր կամքով աշխատինք մնալու հայ ու ըլլալու արժանի ժառանգորդը մեր նախահայրերուն, իսկ մեր աշխատանքի հիմնաքարը դարձնենք հաւատքը, ապրինք ու պայքարինք նո՛յն հաւատքով։ Սիրելի՛ ծնողք, բոլորս ալ կը հաւատանք, որ ծառը առանց խնամքի կը չորնայ, ուստի հարստացնենք մեր զաւակներուն հոգիները մարդկային եւ ազգային սկզբունքներով, ընթացք տանք նոր սերունդին ծառայողի դերով, լիովին արժեւորելով մեր հաւաքական կեանքը»։

Կարգը հասած էր հաւաքական աղօթքին։ Հոգեւոր հովիւները միաբերան աղօթեցին «Աղօթք ի տօնի մարտիրոսաց»-ը, ուր կ’ըսուի․ «Պսակիչ սրբոց, Քրիստոս, որ պսակես զսուրբս քո, եւ առնես ըզկամս երկիւղածաց քոց եւ նայիս սիրով եւ քաղցրութեամբ յարարածս քո։ Լուր մեզ յերկնից ի սրբութենէ քումմէ, բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնին, եւ աղաչանօք սրբոց Վարդանանց զօրավարացն մերոց, հազար երեսուն եւ վեց վկայիցն, որք կատարեցան ի մեծի պատերազմին, եւ որոց այսօր է յիշատակ։ Լուր մեզ, տէր եւ ողորմեա՜, ներեա՜, քաւեա՜ եւ թող զմեղս մեր։ Արժանաւորեա՜ գոհութեամբ փառաւորել ըզՔեզ ընդ Հօր եւ ընդ Սուրբ հոգւոյդ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։ Ի Սարկաւագ Վարդապետէն ասացեալ Յիշեա՜, Տէ՛ր, զպաշտօնեայս քո. ըզծնողսն մեր, զեղբարս, զընկերս, զկերակրիչս, զուխտաւորս, զճանապարհորդս, զհանգուցիչս, զվաստակաւորս, զխոստովանողս, զապաշխարողս, զգերիս, զհիւանդս, զնեղեալս, զիշխանս, ըզչարարարս, զբարերարս, զթշնամիս, զատելիս. եւ որք պատուիրեցին մեզ հաւատով։ Յիշեա՜, Տէր, եւ ողորմեա՜։

Բարերար եւ բազումողորմ Աստուած, քո անմոռաց գիտութեամբդ եւ անբաւ մարդասիրութեամբդ յիշեա՜ զամենայն հաւատացեալս ի քեզ, եւ ողորմեա՜ ամենեցուն։ Օգնեա՜ եւ փրկեա՜ յիւրաքանչիւր վտանգից եւ ի փորձութեանց։ Արժանաւորեա՜ գոհութեամբ փառաւորել զՀայր եւ զՈրդի եւ զՍուրբ Հոգիդ. Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից, Ամէն»։

Տէրունական աղօթքով սկսող յայտագիրը աւարտին հասաւ միեւնոյն աղօթքով, սակայն այս անգամ ժողովուրդին հաւաքական երգեցողութեամբ, (երաժշ.՝ Մակար Եկմալեան, դաշնակի ընկերակցութիւն՝ Սոնա Յովսէփեան):

Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմինին կազմակերպած եւ օրհնութեամբ աւարտին հասած Վարդանանց տօնակատարութիւնը պատշաճ հիւրասիրութեամբ մը վերջ գտաւ։