Ասանկ բան կ’ըլլա՞յ. Տիրուհին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Եկող ամիս վարորդական full G վկայականի քննութիւն պիտի յանձնեմ, հետեւաբար, սկսած եմ Թորոնթոյի մայրուղիներուն վրայ օրական քանի մը տասնեակ քիլոմեթր քշել, որպէսզի նախքան քննութիւնը փորձառութիւն շահիմ եւ ձախողելու հաւանականութիւնը մէջտեղէն վերացնեմ…աս ալ ըսեմ, որ երբեմն շատ մը վարպետ քշողներ կը ձախողին այս քննութեան ժամանակ, որովհետեւ բախտը շատ մեծ դեր կը խաղայ տուեալ պարագային, օրինակ՝ օդին նպաստաւոր ըլլալը, խղճամիտ քննիչի մը հանդիպիլը, ճամբուն պարապ ըլլալը կամ չըլլալը, եւ այլն…

Ամենէն կարեւորը այն է, որ ձախողութեան պարագային աշխարհին վերջը չի՛ գար, ո՛չ ալ քշելու իրաւասութենէդ կը զրկուիս, այլ՝ գրպանդ քիչիկ մը կը պարպուի, աւելի ճիշդը՝ դրամատան մէջ եղած եւ քու երբե՛ք չտեսած գումարներէդ պզտլիկ բաժին մը կը թռչի ու կը համբարձի (հոս դրամին երեսը չենք տեսներ, ամէն ինչերնիս դրամատան մէջ է եւ միայն համակարգիչով կամ հեռախօսով կը ստուգենք մեր գումարին ելքն ու մուտքը)…եւ իսկոյն նոր քննութեան մը համար, նոր ժամադրութիւն մը կ’առնուի, ու այդ երկրորդ քննութեան մէջէն յաջողութեամբ դուրս գալու համար ուշադիր կը քշես ու անպայման կ’աղօթես։

Թորոնթօ ապրողները ամբողջովին կը հասկնան գրածներս, սակայն Թոորնթոյէն դուրս ապրողներուն համար չակերտները բանալու ու պզտիկ բացատրութիւն մը տալու պարտաւորութիւնը կը զգամ հիմա։ Ուրեմն, հո՛ս ինքնաշարժ քշելու համար նախ տեսական քննութեան G1 կը դիմես, շրջան մը ետք գործնականինG2-ին. յաջողելու պարագային վարորդական վկայագիրը եւ քշելու իրաւասութիւնը կը ստանաս, կրնաս նոյնիսկ ցերեկները մայրուղիին վրայ քշել, սակայն հինգ տարուան ընթացքին եթէ նոր քննութիւն մը չդիմեցիր եւ full G չառիր այն ատեն G2-դ ձեռքէդ կ’երթայ եւ կը ստիպուիս դարձեալ գործնական քննութիւն մը դիմելու, որովհետեւ քշելու իրաւունքդ կը կորսնցնես։

Այսքան մանրամասն բացատրութենէ ետք դառնանք մեր նիւթին։ Մայրուղիին վրայ սկսած եմ քշելու։ Քշել բառը քի՛չ է. սկսած եմ սուրալ, թռչիլ, սրարշաւել ու խոյանալ։ Առաջին օրերը ձեռքերս ղեկին կպցուցած, այնքան պրկուած կը քշէի, որ մատներս սկսան թմրիլ, ձայնասփիւռն ալ կ’անջատէի եւ սիրած երգերս լսելէ կը զրկուէի ու«հարիւր տոկոս կեդրոնացում պէտք է, Տիրո՛ւկ» կը բարձրաձայնէի ու կը սլանայի։ Հիմա՞, հիմա ձեռքերս հանգիստ են, սիրած երգերս լսելի, իսկ իմ լարուածութիւնս զերոյացած։ «Վարպետ Անտոն» դարձած եմ՝ կ’ըսեմ ես ինծի, ու ծիծաղելով ողորմած Ալիս մեծմայրս կը յիշեմ, որ մեծամիտ ու ամէն ինչին մէջ իր եսը առաջ տանողին երեսին «Վարպետ Անտոնը եկաւ, ի՛նչ հարցում որ ունիք` իրեն հարցուցէք…», կ’ըսէր ու բոլոր ներկաները կը խնդացնէր։

Ինծի համար աննկարագրելի հաճոյք մըն է ինքնաշարժ քշելը։ Տարիներ շարունակ ինչպէ՞ս չեմ վայելած այս հաճոյքը, հազար ափսո՜ս։ Է՜հ, «Ուշ լինի, անուշ լինի», կ’ըսէ առածը. ես ալ անուշ ու նուշ ըրած կը քշեմ ու կ’աղօթեմ, որ Աստուած չար ժամերէն ու չար փորձանքներէն հեռու պահէ։ Այս խօսքն ալ գրած պահուս ողորմած մեծմայրս՝ Տիրանուհին յիշեցի, որ՝ «Աստուած, չար փորձանքներէ եւ չար ղաֆըլղատաներէ հեռու պահէ», կը կրկնէր տունէն դուրս գացողին ետեւէն։

«Չար փորձանք», ըսի եւ հետեւեալը յիշեցի. անցեալները քիչ մը խճողում կար մայրուղիին վրայ, մայրուղիին ծայրը պզտիկ, պատռտուած եւ աղտոտ կօշիկ մը տեսայ։ Այդ վայրկեանին շատ անտրամադիր եղայ ու մտածեցի այդ կօշիկը կորսնցնող պզտիկին մասին։ Վստահ, որ ինքնաշարժի արկածի մը արդիւնքով, տուժած ընտանիքի մը զաւակին կը պատկանէր այդ կօշիկը։ «Արդեօք աղջիկ էր ան, թէ տղա՞յ։ Հինգ-վեց տարեկան ըլլալու է։ Արդեօք հիւանդանոց հասցուցի՞ն։ Փրկուեցա՞ւ, կամ թէ…»։ Այս մտածումներուս յաջորդեցին տեսարանը մեր հայ փոքրիկներուն կօշիկներուն, որոնք Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան թանգարանին մայր մուտքի աստիճաններուն վրայ դրուած էին։

Տարբեր գոյնի, ձեւի եւ չափի, հնամաշ մանկական կօշիկները եկան աչքիս առաջ, կօշիկները այդ մանուկներուն, որոնք ջարդի ժամանակ ոտաբոպիկ հասան մինչեւ Սուրիոյ անապատները ու իրենց կօշիկները մնացին պատմութեան ու ջարդի անապահով արիւնախառն սեւ փոշիին մէջ։ Կայծակնային արագութեամբ մտքով սլացայ դէպի Լիբանանի Թռչնոց բոյնը, ուր վերջին տարիներուն կատարուած նորոգութիւններէն ետք, մուտքի գետնին վրայ, մանուկներու բոպիկ ոտքերուն հետքերը տարածուած է ամենուրէք։ Այդ ոտնահետքերը քանիցս շօշափած եմ եւ սարսռացող ջիղերով մօտեցած ու համբուրած եմ հոն զետեղուած հայ փոքրիկները մարմնաւորող անօթի պզտիկներուն արձաններուն ճակատները։

Շչակներու ձայներէն սթափեցայ ու երեւակայական աշխարհը ու թախիծը ետիս թողնելով սուրացի։ Սուրացի դէպի դպրոց, սուրացի՝ մտքիս մեր հազարաւոր ոտաբոպիկ որբուկներուն պատկերները մտաբերելով։

Դպրոց հասայ։ Աշակերտներէն մէկը, մօրը ձեռքէն բռնած, մէկ ոտքը բոպիկ, կիսակաղ քայլերով ներս մտաւ։

– Յուսամ իր կողովին մէջ զոյգ մը աւելորդ կօշիկ ձգած ենք, – ըսաւ մայրը։

– Ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ։ Միւս կօշիկդ ո՞ւր է, – հարցուցի։

– Շատ բարկացած եմ, օրիորդ։ Գիտես աս չարուկս ի՞նչ ըրաւ։ Մայրուղիին վրայ կօշիկին մէկը հանեց եւ ինքնաշարժին պատուհանէն վար նետեց։ Ասանկ բան կ’ըլլա՞յ, դուն ըսէ՛, կ’ըլլա՞յ։