Այս Բաժակը Մեծ Նշանակութիւն Ունի Հայրենիքիս Համար․ Հենրիխ Մխիթարեան


«Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2016-2017 տարեշրջանը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ Սթոքհոլմի մէջ (Շուէտ) 50 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ – Այաքս Ամսթերտամ աւարտական խաղը:

Մանչեսթըր Եունայթըտ յաջողեցաւ դառնալ տիտղոսակիր, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին:

Կոլերուն հեղինակներն էին Փոլ Փոկպա եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան։

Նշենք, որ այսպիսով Հենրիխ Մխիթարեան դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի առաջին մարզիկը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքի մը (այս պարագային` «Եուրոփա լիկ») աւարտականին եւ աւելի՛ն, ան նոյնիսկ յաջողեցաւ աւարտական մրցումին կոլ նշանակել:

Հենրիխ Մխիթարեան բաժակը նուաճելէ ետք ՈւԵՖԱ-ի պաշտօնական կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այս գաւաթը մեծ նշանակութիւն ունի իրեն համար:

«Շատ ուրախ եմ ոչ միայն յաղթանակի, այն նաեւ այն բանի համար, որ կրցայ կոլ մտցնել։ Ատիկա մեծ նշանակութիւն ունի իմ եւ իմ հայրենիքիս համար», ըսաւ ան: