ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Յուլիս 7ի առաւօտէն սկսած հակառակորդը արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ կը խախտէ հրադադարը` օգտագործելով ինչպէս հրաձգային զինատեսակներ, այնպէս ալ D-30 եւ D-44 տիպի հրանօթներ, տարբեր տրամաչափի ականանետեր ու նռնականետեր:
Ազրպէյճանական զինուժի արկակոծութեան հետեւանքով` տարբեր աստիճանի բեկորային վէրքեր ստացած են Պաշտպանութեան բանակի զինուորներ Ռոբերտ Նովրուզի Գասպարեանը (1969ի ծնունդ), Համբարձում Կարապետի Յարութիւնեանը (1997ի ծնունդ) եւ Վահէ Գագիկի Բադալեանը (1998ի ծնունդ):
Հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնը ճնշելու համար Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կ՛իրականացնեն պատասխան գործողութիւններ:
Առաջնային գիծի վրայ իրավիճակի ապակայունացման ուղղուած գործողութիւններու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: