Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ստեղծման եւ կայացման, հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար զօրավար-գնդապետ Արտուշ Թադեւոսեան (Արկադի Տէր-թադեւոսեան, Քոմանտոս) յետմահու պարգեւատրուած է Հայրենիքի շքանշանով:
Նշենք, որ Քոմանտոսը կեանքէն հեռացաւ Մարտ 31-ին՝ 81 տարեկան հասակին։
Յիշեցնենք, որ 1992-ի Մայիսին Քոմանդոսը եղած է Շուշիի ազատագրութեան գործողութեան հրամանատարը: