Արցախի Մէջ Մայիս 9-ին Ընդառաջ Տեղի Ունեցաւ Խաչերթ` Դէպի Ստեփանակերտի Յուշահամալիր


«Արցախփրես»,- Ստեփանակերտի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակէն Մայիս 8-ին պետական պաշտօնեաներու, զինուորականներու ու հարիւրաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ խաչերթ` դէպի Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր:

Մինչ քայերթը Ստեփանակերտի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որմէ ետք եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջներուն տակ սկիզբ առաւ խաչերթ` առաջնորդութեամբ յատուկ այդ առթիւ Արցախ բերուած Հայոց բանակի պահապան Աշոտ Երկաթ թագաւորի Ս․ Խաչն ու Պաշտպանութեան Բանակի հովանաւոր Ս․ Գրիգորիսի Խաչվառը, որս կը տանէին զինուորականները:

Խաչերթին միացան նաեւ արցախցի պատանիներ` ի նշան երախտագիտութեան ու յիշատակի` Արցախեան պատերազմին նահատակուած հայ զինուորներու:

Քաղաքային յուշահամալիրին մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս Եպս․ Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ աղօթք` Արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակներուն համար:

Արցախի թեմի առաջնորդին խօսքով` այս օրերուն համախմբող պէտք է ըլլայ ոչ միայն յիշողութիւնը, այլ նաեւ վաղուայ օրուան նկատմամբ յոյսը:

«Ինչպէս ասում է Ս․ Գիրքը, յոյսը երբեք չի ամաչեցնում: Այս օրերին, ապրելով Արցախում եւ Մայր հայրենիքում, տեսնում ենք, որ փոթորկալից է մեր հոգին եւ միտքը: Պէտք է խաղաղեցնենք ու խաղաղ հոգով կարողանանք ապահովել վաղուայ մեր խաղաղութիւնը` մեր մէջ ունենալով Աստծուն: Ուստի ապրելով այս օրերում` մեր համախմբուածութեամբ` մեր մտքի մէջ պէտք է լինի մէկ կարեւոր նշանաբան` միաբանուել մի գաղափարի շուրջ, որը նպաստում է հայապահպանութեանը», ըսաւ Տէր Վրթանէս:

Արցախի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեան խաչերթը անհրաժետութիւն համարեց` հոգեպէս վերածնուելու եւ ներքուստ վերակազմաւորուելու ու վերաիմաստաւորուելու տեսանկիւնէն: «Պատմականօրէն ծանր ժամանակահատուած ենք ապրում, բայց մենք պարտաւոր են եւ պէտք է կորուստներին ու տառապանքներին դիմակայելով ազգանպաստ, հեռահար ու նոր ծրագրեր մշակենք եւ առաջ գնանք», ըսաւ նախարարը` համոզուած ըլլալով, որ այդ կը թելադրէ Մայիս 9-ի խորհուրդը:

Խաչերթէն պատկերներ