Կեանքէն Հեռացաւ Շուշիի Ազատագրութեան Լեգենտար Հրամանատար Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս)


ԵՐԵՒԱՆ,- Մարտ 31-ին 81 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ է Շուշիի ազատագրութեան ռազմական գործողութիւններու հրամանատար, Արցախի հերոս, զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս):

Ծնած է 1939-ի Մայիս 22-ին` Թիֆլիս: Աւարտած է Պաքուի զինուորական ուսումնարանը, այնուհետեւ Լենինգրատի ռազմական ակադեմիան: Ծառայած է Աֆղանիստանի, Գերմանիոյ, Չեխոսլովաքիոյ, Պելառուսիոյ, իսկ 1987-էն ետք Հայաստանի մէջ:

1988-էն միացած է Արցախի ազատագրութեան պայքարին եւ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է կամաւորականներուն զինուորական պատրաստութեան գործին: 1990-ի Հոկտեմբեր 30-ին Արցախի նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը Տէր Թադեւոսեանի հրամանատարութեամբ փայլուն գործողութեամբ թշնամիէն ազատագրեցին ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող Տող գիւղը (Հադրութի շրջան):

Մէկ տարի անց Մայիսին Քոմանտոս նախապատրաստեց եւ փայլուն ձեւով իրականացուց Շուշիի ազատագրումը («Հարսանիք Լեռներում» գործողութիւնը), որ կը համարուէր ազրպէյճանական զինուորական յետակէտերէն մէկը եւ ուրկէ ամիսներ շարունակ կը ռմբակոծուէր Ստեփանակերտը:

Պարգեւատրուած է  առաջին աստիճանի Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտական խաչ շքանշանով:

Իր ռազմական ինչպէս նաեւ մարդկային բարձր որակներուն շնորհիւ կը համարուէր Հայաստանի յետխորհրդային իրականութեան ամենաարժանաւոր ռազմական գործիչներէն մէկը: