Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մարտ 21ին, Անթիլիասի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի եւ կաթողիկոսութեան հոգեւոր դասի բարձրաստիճան խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայրենիք-սփիւռք, եկեղեցի-հասարակութիւն փոխյարաբերութիւններուն, Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Աին Արցախին մշտապէս սատարելու համար` կարեւոր համարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
Նոյն օրը Սահակեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100ամեակին նուիրուած համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան եւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով:
Նախագահը նշեց, որ 1918 թուականը մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենաբեկումնային ժամանակահատուածներէն էր, երբ հայ ժողովուրդը վերականգնեց դարեր առաջ կորսնցուցած իր ազգային պետականութիւնը:
Ան շեշտեց, որ 1918 թուականի սխրագործութիւնները եւ դարակազմիկ յաղթանակները մեր ժողովուրդին համար տասնամեակներ ի վեր եղած են ներշնչման եւ ոգեւորութեան իւրայատուկ աղբիւր: «Դժուար է գերագնահատել այն լիցքը, որ անոնք հաղորդեցին մեր ժողովուրդին Երկրորդ աշխարհամարտի տարբեր ճակատներու վրայ եւ Արցախեան ազատամարտի տարիներուն: Հիմա ալ անոնք, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ մեր ժողովուրդի ազգային հպարտութեան ու կենսունակութեան կարեւոր բաղադրամաս կը հանդիսանան»։
Իր ելոյթին աւարտին՝ նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Արցախը կանգնած է ամուր եւ հաստատակամ` Մայր Հայաստանի ու Սփիւռքի հետ միասին մաքառելու յանուն հայոց անկախ պետականութեան յետագայ զարգացման ու զօրացման, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, յանուն պայծառ եւ յուսալի ապագայի:
Համաժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինը, Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ տարբեր երկիրներու գիտական, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ: