Սեպտեմբեր 1ին Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, ականի պայթումէն զոհուած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող, 1998ի ծնունդ Հայկ Գագիկի Խաչատրեանը:
Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:
«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: