ԳԱԳԻԿ ԱՂԲԱԼԵԱՆ
Արամը, Արմինէն, Լիւտվիկը, Արեգը, Նարեկն ու Մարգարիտը ծնած էին, երբ վաղաշէնցի Շահէն Մարգարեանի ընտանիքը բնակութեան նպատակով տեղափոխուեցաւ Քարվաճառի Նոր Վերինշէն գիւղը: Շահէն Մարգարեանը 1998 թուականին նախապէս եկած ու ծանօթացած է տարածքին, սիրահարած է բնութեան եւ ընտանիքը Գեղարքունիքի մարզի Վաղաշէն գիւղէն տեղափոխած է Արցախ: Արդէն Նոր Վերինշէնի մէջ ծնած են` Փառանձեմը, Նորայրը, Վահէն, Վահանը, Վարդանը, Հերմինէն ու Դաւիթը:
Շահէն եւ Գայեանէ Մարգարեանները ինը մանչ եւ չորս դուստր ունին: Աւագը 24 տարեկան է, իսկ կրտսերագոյնը հինգ: Տասներեք զաւակներէն ութը անչափահաս է:
«Նոր ամուսնացած ժամանակս, երբ երեխայի ձայն կը լսէի, կը ջղայնանայի: Մայրս կ՛ըսէր` տղա՛ս, այդպիսի բան մի՛ ըներ, վաղը միւս օր գլխուդ կու գայ, այնքան որ երեխայ կ՛ունենաս: Կ՛ըսէի` ի՞նչ կ՛ըսես, մայրի՛կ: Հիմա դժգոհ չեմ, փառք Աստուծոյ», կը ծիծաղի Շահէնը:
Նոր Շահումեանի շրջանին մէջ բոլորը ծանօթ են Նոր Վերինշէնի դպրոցի տնօրէն Շահէն Մարգարեանին, գիտեն անոր բազմանդամ ընտանիքին մասին: Քարվաճառի քառուղիին վրայ, Նոր Վերինշէն բարձրանալու ճամբուն վրայ կը ծանօթանամ Նոր Բրաջուրի նախկին գիւղապետ Մեխակ Գէորգեանին հետ, ան գիտնալով գիւղ այցելելու նպատակս` Մարգարեաններու պատմութիւնը գրի առնելու մասին, հիացմունքով կ՛ըսէ. «Շահէնի տունը 13 երեխայ կայ, բայց մէկ հատ բարձր ձայն չես լսեր: Բոլորը խելօք երեխաներ են: Եւ ան, որ դպրոցը կ՛աւարտէ, բարձրագոյն հաստատութիւն կ՛ընդունուի»:
Մարգարեաններուն հիւր երթալու ընթացքին կրնաս կանգնիլ ձորակի կողքին եւ ձայն տալ, միւս կողմէն կանչդ շատ լաւ կը լսուի: Մօտենալը վտանգաւոր է, քանի որ անոնց գամփռները անկոչ հիւրեր չեն սիրեր: Մեզ դիմաւորեց Նորայրը:
Նոր Վերինշէն այցելելու օրը Շահէնի զոյգ որդիներուն` Արեգի եւ Նարեկի երդման արարողութիւնն էր Ասկերանի մէջ: «Ես արցախեան ազատամարտին չեմ մասնակցած եւ այդ օրերուն շատ մեղաւոր կը զգայի: Ես ալ որոշեցի պարտքս հայրենիքին այս ձեւով տալ: Ինը զինուորը քիչ չէ», կ՛ըսէ Շահէն Մարգարեանը:
Ան Նոր Վերինշէնի դպրոցի տնօրէնն է, կինը` գրադարանավարը, դուստրը` անգլերէնի ուսուցչուհին, հարսը` ուսողութեան ուսուցչուհին, իսկ որդին` Նոր Բրաջուր գիւղի դպրոցի զինղեկն է: Անոր եօթը զաւակները դպրոցական են: «Տունն ալ ինքզինքս կը զգամ ինչպէս դպրոցին մէջ», կ՛ըսէ ծիծաղելով:
Պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ան հասած է Քարվաճառի լեռնային գիւղ, շատ սովորական է: Պարզապէս երեք եղբայրներէն ամէնէն աւագը` այն ժամանակ արդէն վեց զաւակի հայր Շահէնը, չունենալով տուն կառուցելու կարելիութիւն, հայրական տունէն տեղափոխուած է Նոր Վերինշէն, երբ լսած է վերաբնակեցման ծրագիրի մասին: Հիմա Նոր Վերինշէնի մէջ Շահէնի ընտանիքը արդէն երկու տուն ունի: Երկրորդը Արցախի կառավարութեան կողմէ նուէր է` եօթներորդ զաւկին ծնելու առիթով: Շահէնը կէս կատակ կ՛ըսէ, որ ճիշդ կ՛ըլլայ, եթէ Արցախի կառավարութիւնը տուն նուիրէ ամէն վեցերորդ զաւկին համար: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ձեր սէրը Վաղաշէ՞նն է, թէ՞ Նոր Վերինշէնը, Շահէնը կ՛ըսէ. «Կարծես թէ սէրս կիսուած ըլլայ, բայց` քիչ մը դէպի այս կողմը: Ես սիրահարած եմ Քարվաճառին: Երբ Մարտունի կ՛երթամ, մէկ օրէն աւելի չեմ կրնար մնալ: Նախ բնութիւնը գերեց զիս, իսկ յետոյ, ի տարբերութիւն Մարտունիին, այստեղ դիւրին է ապրիլը: Այստեղ ձմեռը շատ կարճ է, եւ կարիք ալ չ՛ըլլար անասնակեր կուտակելու: Ու ընդհանրապէս Քարվաճառի բնութիւնը շատ մեծ շտեմարան մըն է»: Շահէնի կինը` Գայեանէն, կը պատմէ, որ Քարվաճառի բնութիւնը նման է իր ծննդավայր Խանլարի բնութեան, եւ այդ է զինք Արցախ պահողը: «Մենք Խանլարէն դուրս եկած ենք 1989 թուականին, փախուստի ժամանակ: Ես հիմա կարծես իմ ծննդավայրիս մէջ եմ: Իւրաքանչիւր քար, թուփ կը յիշեցնէ ծննդավայրս: Ճիշդ է` ապրիլը դիւրին չէ, բայց փա՛ռք Աստուծոյ, երեխաներս արդէն մեծցած են, կ՛աշխատին եւ կ՛ուսանին: Ամէն ինչ աւելի դիւրին դարձած է:
Գիւղական պայմանները չեն խանգարեր մեծ սպասելիքներ ունենալու կեանքէն: Բազմազաւակ ծնողներու երազանքը այն է, որ զաւակները ուսում ստանան` անկախ բնակութեան վայրէն: «Ես միշտ զաւակներուս կ՛ըսեմ` տեսէ՛ք, եթէ ձեր հայրը կրթութիւն չստանար, ձեզ չէր կրնար պահել», կ’ըսէ Գայեանէն:
Հակառակ անոր որ Նոր Վերինշէնը մայրաքաղաքէն շատ հեռու է, առանձնապէս եռուզեռ չկայ, Շահէնի երեխաները գիւղէն տեղափոխուիլ չեն ցանկար: Լիւտվիկը Հայաստանի Ազգային գիւղատնտեսական համալսարանի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի ուսանող է եւ յոյս ունի, որ աւարտելէ ետք աշխատանք կը գտնէ Քարվաճառի մէջ, մասնաւորապէս` պետական գրանցումի վարչութեան մէջ: «Առայժմ ես չեմ մտադրած գիւղէն կամ մեր շրջանէն դուրս ապրիլ: Կարելի չէ, որ այստեղ աշխատանք չգտնուի», կ՛ըսէ Լիւտվիկ:
Փառանձեմն ու Մարգարիտը կը փափաքին կրթութիւն ստանալ մեծ քաղաքի մէջ եւ կրկին գիւղ վերադառնալ: Հերմինէն Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի սանիկն է: Հայրը կը պատմէ, թէ ինչպէս ատիկա եղած է: «Երբ եօթներորդ զաւակս պիտի ծնէր, վարչապետը մեր շրջանը եկած էր եւ այդ մասին գիտնալով` ըսաւ, որ զինք տեղեակ կը պահենք: Մինչեւ երեխային ծնիլը` ան անգամ մը եւս եկաւ Քարվաճառ, դարձեալ պատուիրեց իրեն լուր տալ: Երբ աղջիկս ծնաւ, շրջանի ղեկավարներէն խնդրեցի վարչապետին այդ մասին յայտնել: Եւ վարչապետը փափաք յայտնեց աղջկաս կնքահայրը ըլլալ»:
Նորվերինշէնցիները կ՛ըսեն, որ գիւղի այն թաղամասը, ուր կ’ապրի բազմանդամ ընտանիքը, թերեւս ապագային լեցուի նոր տուներով ու կոչուի Մարգարեաններու ձոր: Ինքը` Շահէն Մարգարեանը այլ ձեւով կը մտածէ` «Մարգարեաններու փակուղի»: «Եթէ բոլոր զաւակներս այստեղ տուն կառուցեն, շատ երջանիկ կը զգամ: Բայց իրենց ցանկութիւնն է, որ կ՛ուզէ: Բոլորն ալ մէկ բան յստակօրէն որոշած են` շարունակել ապրիլ Արցախի մէջ: Աւագ որդիս կ՛ուզէ Ստեփանակերտ տեղափոխուիլ: Զոյգերէն մէկն ալ սիրահարած է Շուշի քաղաքին»:
Եթէ որեւէ ընտանիք Նոր Վերինշէնէն քաղաք կամ այլ բնակավայր տեղափոխուի, Շահէնի որդիները հեռացած ընտանիքի տունը գնելու մասին խօսակցութիւն կը բանան: Անոնց երազն է, որ Նոր Վերինշէնը Մարգարեաններուն գիւղը դառնայ:
Լիւտվիկը կ՛ըսէ. «Չեմ կրնար բացատրել, թէ ի՛նչ սէր է, բայց կ՛երազեմ, որ քանի մը տարի ետք մենք եղբայրներով այս թաղամասին մէջ մեր տուները ունենանք, եւ բոլորը ըսեն` Մարգարեաններու գիւղը»:
«Հետք»