ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ, Օգոստոս 3ին, տեղի ունեցաւ գանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի քանդակներու ցուցահանդէսին բացումը:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ներկաներուն փոխանցեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը եւ շնորհաւորեց արուեստասէր հանրութիւնը գանատահայ քանդակագործի անհատական ցուցահանդէսի բացման առթիւ: «Յոյսով եմ` Մկրտիչ Տարագճեանի արուեստի ուժն ու գեղեցկութիւնը այս ցուցահանդէսի այցելուները դեռ երկար պիտի յիշեն ու զգան», նշեց ան:
Քանդակագործը շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան գործուն աջակցութեան համար եւ մասնաւորապէս ըսաւ. «Ասիկա իմ առաջին անհատական ցուցահանդէսն է Հայաստանի մէջ, եւ ես ուրախ եմ, որ իմ քանդակներէն քանի մը հատը արդէն այստեղ գտած են իրենց մշտական հասցէները` Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց եւ այլն: Ես մասնագիտութեամբ բժիշկ եմ, սակայն ինծի միշտ գրաւած է արուեստի ամէնազօր ուժը, նկարած եմ տարիներ շարունակ, ապա հմտացած քանդակագործութեան մէջ: Այսօր կը զբաղիմ միայն քանդակագործութեամբ»:
Մկրտիչ Տարագճեանի քանդակները կը գտնուին նաեւ Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Քանդակագործի հեղինակած յայտնի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի յուշարձանը տեղադրուած է Օթթաուա քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ, իսկ «Ընթերցողը» քանդակը` Մոնրէալի քաղաքապետարանի հանրային գրադարանին առջեւ:
Ցուցահանդէսը այցելուներուն համար բաց պիտի ըլլայ Օգոստոս 3-17: