«Հորիզոն».- Յունուար 22ին, Գանատայի ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Անի Օհանեան կը յայտնէ, թէ Գանատայի ՀՕՄի շրջանը որոշած է աջակցիլ Երեւանի թիւ 1 Հիւանդանոցի Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին, որ խիստ կարիք ունի յատուկ անկողիններու:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը ծրագրած է նորոգուած այս Կեդրոնին 50 հատ յատուկ անկողին նուիրել, աշխարհասփիւռ իր միաւորներու օժանդակութեամբ: Ծրագրի նախահաշիւն է 85.000 տոլար, իւրաքանչիւր անկողինի ծախսը՝ 1700 ամ. տոլար:
Գանատայի ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը որոշած է մասնակցիլ վերոնշեալ ծրագրին եւ 10 անկողին ապահովել Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին համար։