Բարձր տնօրինութեամբ, Բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ, Գանատայի Հայոց Թեմին:
Տէր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Աբեղայական ձեռնադրութիւն ստացած է 2001ին, ձեռամբ Վարուժան Արք. Հերկելեանի, այնուհետեւ ծառայելով որպէս կուսակրօն քահանայ, Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս: 2009 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան, ձեռամբ՝ Նարեկ Արք. Ալէմէզեանի, իսկ 2016ին ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետական աստիճան, ձեռամբ Խաժակ Արք. Յակոբեանի:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը աւարտելէ ետք, Հայր Գեղարդ հետեւած է աստուածաբանական յատուկ դասընթացքներու, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Զուիցերիոյ Պոսէի Միջեկեղեցական Հիմնարկէն ներս:
Հայր Գեղարդ ստանձնած է հետեւեալ պատասխանատուութիւնները.
- Մ.Տ.Կ. Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական Յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչի օգնական
- Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչի օգնական
- Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ
- Թեսաղոնիկահայ գաղութի հոգեւոր հովիւ, Յունաստան
2009 թուականէն ի վեր, Հայր Գեղարդ հաստատուած է Գանատա, նախ ծառայելով Սենթ Գաթրինզի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ, միեւնոյն ժամանակ՝ ստանձնելով Միացեալ Նահանգներու Նիակարա Ֆոլզ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ այցելու հովիւի պարտականութիւնը: Ապա, 2012ին Հայր Սուրբը նշանակուած է Գէյմպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Հովիւ:
2009-2012 Հայր սուրբը վարած է Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան Խորհուրդի Վարիչի պաշտօնը:
Գանատա հաստատուելէ ետք, Հայր Գեղարդ հետեւած է աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման, Համիլթըն քաղաքի Մքմասթըր համալսարանէն ներս, եւ արժանացած Սուրբ Գրային Աստուածաբանութեան Մագիստրոսի (Master’s) վկայականին:
2016 Ապրիլէն սկսեալ, Հայր Գեղարդ կը ծառայէ Թորոնթոյի Հայց. Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ, որպէս Հոգեւոր Հովիւ:
2017ին, Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով, Հայր Գեղարդ նշանակուեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Խաղաղութեան եւ Արդարութեան Ուխտագնացութիւն» յանձնաժողովին:
Հայր Սուրբը իր Աստուածատուր շնորհներով ձեռներեցութեամբ վարած է իրեն վստահուած առաքելութիւնը եւ ծառայական իր այս նոր հանգրուանին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:
ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Մոնթրէալ, 6 Յունուար 2018