ԵՐԵՒԱՆ․- Քաղաքապետի պաշտօնը պիտի շարունակէ ղեկավարել Երեւանի գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց Մայիս 14ի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները։
Նախնական տուեալներով` Երեւան քաղաքին մէջ 842 հազար 151 ընտրողէն ընտրութեան մասնակցած է 345 հազար 158 ընտրող, այսինքն՝ 40,99 առ հարիւր տոկոսը:
Ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպով.
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն – 71,25 տոկոս, կամ` 240036 քուէ:
«Ելք» կուսակցութիւններու դաշինք- 21 տոկոս, կամ` 70731 քուէ:
«Երկիր ծիրանի» կուսակցութիւն – 7,75 տոկոս, կամ` 26109 քուէ:
Նախնական արդիւնքներով՝ ընտրական գործընթացին մասնակից բոլոր երեք քաղաքական ուժերն ալ աւագանիի մէջ իրաւագիր կը ստանան: Ընտրութիւններուն արդիւնքներով Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ստանայ 46 իրաւագիր, «Ելք» դաշինքը կը ստանայ 14, իսկ «Երկիր ծիրանի» կուսակցութիւնը` 5 իրաւագիր: