Զրոյց Երեսփոխան Արիս Պապիկեանի Հետ՝ Օնթարիոյի Մէջ Հայ Համայնքին Վերաբերող Կառավարական Վերջին Որոշումներուն Մասին


Երեսփոխան Արիս Պապիկեան ելոյթի ընթացքին Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ

«Թորոնթոհայ» կը զրուցէ Օնթարիոյ Նահանգի Խորհրդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեանի հետ՝ Օնթարիոյի մէջ Մայիսը «Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան» ամիս հռչակելուն, կառավարութեան կողմէ Տարեցներու տան համար անկողիններու յատկացումին, ինչպէս նաեւ Յունիսին սպասուող նահանգային ընտրութիւններուն մասին։