Թշնամիին Գնդակէն Զինուոր Մը Զոհուած Է


Մարտ 28ին Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ճակատը պաշտպանող զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան դիրքերուն վրայ թշնամիին արձակած կրակոցէն զոհուեցաւ 1997ին ծնունդ Արտակ Ռաֆայէլեան:

Արտակը, որ Յուլիսին պիտի աւարտէր իր զինուորական ծառայութիւնը, Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքի բնակիչ էր:  Ընտանիքի աւագ որդին հանդիսացող Արտակի կրտսեր եղբայրը այս տարի պիտի զօրակոչուի բանակ:

Զոհուած զինուորին ընտանիքը տնտեսական ծանր վիճակի մէջ կ՛ապրի:

Արտակ իր պատանեկան հասակին զբաղուած է սիրողական բռնցքամարտով: Անոր անունը «Կինես» գիրքին մէջ արձանագրուած է՝ պառկած դիրքէն 11,000 անգամ յենուիլ-ծալուիլ վարժութիւնը կատարելու կարողութեան համար:

Նահատակ զինուորը նաեւ լաւ գնդացրորդ էր. Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ատեն, ան դիպուկ ու նպատակային գործածած է իր գնդացիրը: