Ինչո՞ւ Աստուած


Լոռի Պէրպէրեան


Ինչո՞ւ Աստուած։ Ինչո՞ւ մեր սուրբ հողը չպաշտպանեցիք ու ձգեցիք, որ քրիստոնեայ ազգի ձեռքէն գրաւուին Ձեր եկեղեցիները ու դառնան ծաղրանքի առարկայ։ Ինչո՞ւ չարը յաղթեց։ Չէ որ բարին միշտ կը յաղթէ, չարը՝ հետեւանքը կը կրէ։ Ինչո՞ւ անվնաս կ’ապրի չարը, առանց պատիժի։ Այլեւս հասկցանք որ աշխարհէն բան մը պէտք չէ սպասենք, բայց Աստուա՛ծ իմ, Դուք ինչո՞ւ չէք պատժեր չարագործները։ 

Ինչո՞ւ չէք լսեր մեր աղօթքները, մեր աղաչանքները։ Ինչո՞ւ կ’արտօնէք որ ձեր ժողովուրդին աչքերէն արցունքները չդադարին։ Ինչո՞ւ ձեզի հաւատացողները ամենէն շատ կը տանջուին այս աշխարհին վրայ։ Մենք շատ սխալներ գործեր ենք, բայց ատո՞նց համար մեզ կը պատժէք։ Ձեր եկեղեցիները քանդողները մեզմէ լա՞ւ են, ինչո՞ւ զիրենք չէք պատժեր։ Չէ որ մեզ կը սիրէք, կը լսէք մեր ամէն բողոքն ու տենչը։

Աստուա՛ծ իմ, յոյս տուէք մեզի ու իմաստութիւն, որ հասկնանք Ձեր ծրագիրը։ Աստուա՛ծ իմ, հաճիք այս ամէնը սուտ թող ըլլայ, չկորսնցնենք մեր պապենական հողերը, սերունդներու հայրենիքը, որու վրայ փառաբանած ենք Ձեզ եւ՝ Քրիստոնէութիւնը քարոզած։ 

Կրնա՞յ ըլլալ, որ հողը կորսնցուցինք, որովհետեւ բաւարար չհաւատացինք մեր յաղթանակին։ Բաւարար չհաւատացի՞նք Ձեր ուժին։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ եթէ մինչեւ վերջ հաւատայինք, չէինք ընկղմիր։ Կամ հողը կորսնցուցինք, որովհետեւ Ձեզի շատ վստահեցանք, ու անգործ սպասեցինք վերջաւորութեան։

Ուշացա՞նք։

Հիմա կրնա՞նք սրբագրել մեր սխալները։

Ըսէք մեզի՝ ի՞նչ ընենք, Աստուա՛ծ իմ, որ մեր հայրենիքը չկորսնցնենք։